Ազգային համարուած քաղաքական բազում զիրար հակասող կարծիքներ կան, որոնց բեմ են լրատուամիջոցները. տպագիր, ձայնասփիւռ, համացանց: Խառնակի վկայութիւն: Անոնք հանրութիւնը չեն լուսաբաներ, զայն շուարումի կը մատնեն, կիրքեր կը հրահրեն, ճամբացոյց չեն, քանի որ բազմաթիւ են եւ զիրար կը հակասեն: Ինչպէ՞ս ընտրութիւն կատարել, ցորենը զատել որոմէն: Այդ ընող աստուածատուր շնորհով (՞) օժտուածներ…
Հոհենֆէլսի ԱՄՆի զինուորական կեդրոնին մէջ անցկացուած է զօրավարժութիւն, որուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է ՀՀ ՊՆ ՌՈ ստորաբաժանումը։ Այս զօրավարժութիւնները կ՛անցկացուին «Համատեղ Լուծում 2025» անունով։ Այս զորավարժութեան ընթացքին կ։իրականացուին յատուկ կարեւորագոյն կեդրոններու պահպանութիւն, հակառակորդի հետախուզական խումբերուն յայտնաբերում եւ ոչնչացում, ինչպես նաև այլ գործառոյթներ։
Յունաստանի խորհրդարանը երկրի նախագահ ընտրած է խորհրդարանի նախկին նախագահ Քոսթաս Թասուլասին, որուն թեկնածութիւնը առաջադրած էր վարչապետ Քիրիաքոս Միցոտաքիսը: Յունուար 25-ին եւ 31-ին, ինչպէս նաեւ Փետրուար 6-ին կատարուած քուէարկութեան առաջին երեք փուլերու ընթացքին կարելի չէր եղած նախագահ ընտրել։ Չորրորդ փուլին, Թասուլասի օգտին քուէարկած են 160 երեսփոխաններ։ Ձեռնպահ մնացեր 39 երեսփոխան։ Քուէարկութեան…
Հայաստան եւ բազմանուն գերաճող Սփիւռք(ներ), ամէն օր քիչ մը աւելի կը շեշտուին որպէս ազգային բնութագրուող հարազատութեան տեսանկիւնէ դիտուած անբովանդակ տարակարծութիւնները, կը համարուին քաղաքականութիւն եւ հայրենասիրութիւն: Կարծիքի ազատութիւնը խոպան է, ուր կ’աճին անորակ արտայայտութիւններ, փուշ ու տատասկ: Հայերու զիրար հակասող կարծիքներուն բաց ասպարէզ են կարգ մը լրատուամիջոցներ, ուր դառնութիւններու եւ «տիրոջ ձայնը» կրկնող աղմուկ…
Ցնորք (գոյական)Անրջանք, խելագարանք, պատրանք, զառանցանք։ Օրինակ՝ ‣«…Անուշ վարդերից մնաց միայն փուշ Եւ ցնորքներից՝ վիշտ ու վհատում…»։(Վահան Տէրեան)
Իսրայէլ կրնայ վերսկսիլ պատերազմը Կազայի մէջ, եթէ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը մինչեւ Շաբաթ կէսօր ազատ չարձակէ պատանդներուն, յայտներ է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու։ Ան նշեր է որ ներկայիս բանակը ուժեր կը կուտակէ Կազայի սահմաններուն երկայնքով: «Համաձայնագիրը խախտելու եւ մեր պատանդներուն ազատ չարձակելու ՀԱՄԱՍ-ի յայտարարութենէն ետք, երէկ երեկոյեան ես հրամայեցի Իսրայէլի բանակին…
Ռուսիա պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորմանը, բայց նաեւ կ՛ողջունէ կողմերու անկախ քայլերը, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տիմիթրի Պեսկովը։ Անդրադառնալով Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութեան, թէ քիչ հաւանական է Ռուսիոյ միջնորդութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղության շուրջ բանակցութիւններուն, Պեսկովը նշեր է որ Մոսկուան…
Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նոր կառավարութիւն մը կազմուած է աննախընթաց թիւով կին նախարարներով։ Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորած կառավարութեան 24 նախարարներէն 5-ը կիներ են՝ ուշագրաւ երեւոյթ երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական որոշումները երկար տարիներ տղամարդոց գերիշխանութեան տակ եղած են։ Անկիւնադարձային այս իրադարձութիւնը, թէեւ սկիզբ մը, միայն կառավարութեան մէջ փոփոխութիւն…
ԿԳՄՍ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ որ «Հրանդ Մաթեւոսեան» հիմնադրամը կազմակերպած է ձեռնարկներ՝ նուիրուած մեծանուն արձակագիրի յոբելեանին: Փետրուար 11-ին ժամը 14։00-ին «Հրանդ Մաթեւոսեան» մշակութային կեդրոնին մէջ կը ներկայացուի «Ինքնանկարի փորձ» խորագիրով ցուցադրութիւնը: Փետրուար 11-ին ժամը 19։30-ին արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած արտապատկերման միջոցով Մաթեւոսեանի պատշգամբէն հանրութեան «պիտի ներկայանայ» ինքը՝ գրողը, Փետրուար 12-ին…
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Արթիւր Մարտիրոսեան ներկայ եղած է հնդկական եւ համաշխարհային ֆիլմարուեստի աստղ ՌաՃ Քափուրի 100-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հնդկական ֆիլմերու փառատօնի բացման, որուն ներկայ եղած է նաեւ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհաք։ Ողջունելով ներկաներուն եւ կարեւորելով Հայաստանի եւ Հնդկաստանի…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





