Թուրքմէնիստանը պատրաստ է սերտօրէն համագործակցիլ եւրոպական երկիրներուն հետ բնական կազի մատակարարելու համար, Euronews-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտներ է երկրի նախկին նախագահ եւ Ժողովրդական խորհուրդի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով։ Ան նշեր է որ Եւրոպայի ուժանիւթի շուկան աշխարհի մեծագոյններէն մէկն է, իսկ Աշխապատի համագործակցութիւնը ԵՄ-ի հետ շահաւէտ է երկու կողմերուն համար։ Պերտիմուհամետով աւելցուցած…
Ռուսիա պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկել Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր զինադուլ հաստատելու կարելիութիւնը, սակայն մինչ պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումը պէտք է յստականան վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրի սկզբունքները, կը յայտնէ Bloomberg, յղում ընելով Մոսկուայի իրազեկ աղբիւրներու։ Քրեմլինը կը քննարկէ հնարաւոր խաղաղապահ առաքելութեան մանրամասնութեան նախնական որոշման հարցը։ Մոսկուա, մասնաւորաբար, կը պնդէ որ նախապէս համաձայնեցուի այն երկիրներու…
Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ, Մարտ 8-14 տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 23 տարեկաններու ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը։ Հայաստանի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս ախոյեանութեան։ Ազատ ոճի ԵԱ-ի կը մասնակցին Նորիկ Յարութիւնեան (57 քկ), Լեւիկ Միքայէլեան (61 քկ), Հայկ Աբրահամեան (65 քկ), Վլատիմիր Ազարեան (70 քկ), Նարեկ…
Կազայի ապագան կը մնայ անորոշ, որովհետեւ անիկա կը գտնուի աշխարհաքաղաքական մրցակցող շահերու խաչմերուկին վրայ` Արեւմուտքի եւ արաբական աշխարհի միջեւ: Շարունակուող պատերազմը, քաղաքական բաժանումը եւ տնտեսական փլուզումը Կազան դարձուցած են միջազգային դիւանագիտութեան կեդրոնական կէտ մը, բայց մինչեւ օրս կայուն լուծում մը չի նշմարուիր: Արեւմտեան եւ արաբական շահերու բարդ փոխյարաբերութիւնները հասկնալը հիմնական…
Վերջին տարիներուն, սփիւռքի կառոյցներու եւ ղեկավարութեան հարցը դարձած է աճող եւ մտահոգիչ երեւոյթ մը։ Ապագան մշուշոտ է, իսկ ներկայ վիճակը՝ յուսախաբեցնող։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի բնորոշումով՝ «Կը գտնուինք անդունդի եզրին: Համապատասխան դիրքորոշումներ պէտք է որդեգրենք՝ հեռու ամէն տեսակ անիրատես մօտեցումէ ու մակերեսային դատողութենէ:»(1) Ժամանակն է կարկինը աւելի լայն…
Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշար Ասատի աջակցող զինեալներ Ճեպլա քաղաքի արուարձանին մէջ յարձակած են ապահովութեան ուժերու անցակէտի վրայ, յայտներ է սուրիական SANA գործակալութիւնը։ Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին ցարդ տեղեկութււններ չկան։ Յիշեցնենք որ Սիրիոյ քաղաքացիական պատերազմը 2024ի Նոյեմբերի վերջերուն նոր հանգրուան մը թեւակոխեց, երբ զինեալ ընդդիմադիրները յարձակման անցան եւ Դեկտեմբեր 8ին մտան…
Արեւին վրայ տեղի ունեցած է M կարգի հզօր պայթում, կը հաղորդէ լատվիական Biznes & Baltiya պարբերականը։ Կը նշուի որ Ռուսիոյ Ֆէյտորովի անուան կիրառական երկրաֆիզիկայի հիմնարկի տուեալներով, պայթումը տեղի ունեցած է Մարտ 5ին եւ տեւած է 9 վայրկեան։ Արեգակնային ժայթքումները կը բաժնուին հինգ կարգի, կախուած իրենց հզօրութենէն՝ A, B, C, M…
«Պայքարը եւ ըմբոստութիւնը միշտ ունին որոշ չափով յոյս, մինչ յուսահատութիւնը համր է»: (Շարլ Պոտլէր, ֆրանսացի բանաստեղծ, Ի դար) Խորագրի չորս բառերու իւրաքանչիւրին տակ ի՞նչ կրնանք դնել, որ մենք մեզ հասկնանք, զիրար հասկնանք, մեզ հասկնան: Ո՞վ կրնայ ճիշդ սահմանում տալ ՀԱՅ անուան տակ յայտնուող մարդուն եւ մարդոց: Ո՞ւր են անոնք: Ինչպէ՞ս կը…
«Ապրելու երկիր» կուսակցութեան հիմնադիր Մանէ Թանդիլեան, որ հացադուլի դիմած էր եւ ինքնազգացողությունը կորսնցնելով տեղափոխուած էր հիւանդանոց, հրաժարած է բժշկական օգնութենէ եւ վերադարձեր է Ազատութեան հրապարակ։ Մանէ Թանդիլեան արդէն հինգերրորդ օրն հացադուլ յայտարարած է՝ ի աջակցութիւն Պաքուի կողմէ գերեվարուած եւ ապօրինաբար դատավարութեան ենթարկուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ հայ…
Մարտ 10էն Ապրիլի 10 Մատենադարանին մէջ պիտի ցուցադրուի Հրաշագործ Մատեան Շուրիշկանի Աւետարանը։ Ըստ աւանդութեան, Շուրիշկանի Աւետարանը, որ յայտնի է նաեւ «Պապ», «Կարմիր», «Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի» անուններով, գրուած է 1498ին Վանի Քաջբերունի գաւառի Ասպիսնակ գիւղի մէջ։ Պատուիրատուն եղած է Թուրուանդ իշխանը իսկ հեղինակը՝ Բարսեղ քահանան։ 1603-1604 թուականներուն բռնագաղթի ժամանակ Աւետարանը տեղափոխուածէ…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





