«Ոսկէ Ծիրան» ֆիլմերու 22րդ միջազգային փառատօնը, եզրափակուեցաւ Յուլիս 19ին, Կինոյի տան մէջ մրցանակաբաշխութեամբ։ Մրցանակները յանձնեց յետյեղափոխական իրանական ֆիլմարուեստի կարեւոր դէմքերէն, «Երկրորդ ալիքի» ներկայացուցիչ Ամիր Նատերին, որ 22րդ «Ոսկէ Ծիրան»-ի պատուաւոր հիւրն էր։ Փառատօնի յատուկ՝ «Փարաջանովեան Թալեր» մրցանակը ֆիլմարուեստի մէջ իր ունեցած վաստակին համար յանձնուեցաւ ժիւրիի նախագահ, Քաննի փառատօնի եւ Սեզարի…
Ուքրանիոյ բանակի հետախուզական վարչութիւնը Յուլիս 17ին լայնածաւալ հաքերային յարձակում ըրած է ռուսական «Կազփրոմի» եւ անոր 400 դուստր ընկերութիւններուն համակարգիչներուն վրայ, կը յայտնէ Kyiv Independent. Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ յարձակման հետեւանքով ոչնչացուած են մեծ ծաւալի տուեալներ։
Այսօր, Յուլիս 18ին, Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ, հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։ Հայաստանի ազգային հերոս, ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, շանսոնիէ, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուրի «Լա Պոհէմ» խորագիրը կրող արձանի ամբողջ ծախսը հոգացած է Երեւանի քաղաքապետարանը։ Պրոնզաձոյլ արձանի հեղինակն է քանդակագործ Դաւիթ Մինասեան։Հանդիսութեան ներկայ…
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիպ Էրտողան Իսրայէլ անուանած է ահաբեկչական պետութիւն, նշելով որ Անգարա թոյլ պիտի չտայ Սուրիոյ մասնատումը, կը յայտնէ TRT Haber։ Էրտողանը ըսած է թէ «Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն է, որ չի ճանչնար օրէնք եւ սկզբունքներ»։ Ան յայտնած է որ Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմէտ Ալ-Շարաայի հետ քննարկած է թէ ինչ…
Գիտենք, որ լեզու մը ողջ է, եւ կը մնայ, եթէ զայն խօսողներ ըլլան, կամ՝ կան: Սակայն կրկնութեան գնով օրինակ վերցնելով, կրնանք հաստատել, թէ լատիներէն գիտցողներ շատ կան, սակայն լատիներէնը մեռած լեզու է: Խօսող չունի: Իսկ ասոր հակառակը, հրեաները վերստեղծեցին իրենց մեռեալ լեզուն, այն լեզուն՝ որ նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ինչպէ՞ս…
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տիմիթրի Պեսկով յայտարարած է թէ Ռուսիա կը մտադրէ իր յարաբերութիւնները զարգացնել Հայաստանի հետ, կը յայտնէ Ռիա Նովոստին։ «Բացի բազմակողմ ձեւաչափերէ, մեզ կը միաւորեն նաեւ շատ սերտ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ մենք մտադիր ենք անոնք ալ աւելի զարգացնել», – ըսած է Պեսկով «Մայակ» ռատիոկայանին։
Իսրայէլեան ուժերը հարուածած են Դամասկոսի մէջ գտնուող Սուրիոյ բանակի սպայակազմի կեդրոնատեղին։ Syria TV հեռուստատեսութեան թղթակիցը յայտնած է որ երկու յաջորդական պայթիւնի ձայներ լսուած են, որոնք համընկած են մայրաքաղաքի վրայով իսրայէլական անօդաչու թռչող սարքի թռիչքի հետ։ Սակայն ծուխ կամ անսովոր շարժում չէ նկատուած։ SANA գործակալութեան թղթակիցն եւս յայտնած է որ Դամասկոսի…
Հայաստանի Հանրապետութեան հեռատեսիլը, Հ1ը, «ՀԱՅԻ ՀԵՏՔԸ» կոչուած իմաստուն հաղորդում մը ունի: Միշտ ես ինծի հարց տուած եմ, որ «հետք»ը կը վկայէ կեանքի՞ եւ ներկայի՞ մասին, թէ՝ կորուստի եւ մահուան: Հետքը մարդոց եւ անոնց արարումներուն, որոնք բարի կամ վատ դրոշմ կ’ըլլան:Այսօր համացանցը ահազանգեց:Հայ Բագրատունիներու պետութեան մայրաքաղաքն էր Անին, ունէր հազար ու…
Երիտասարդ բեմադրիչ Թամարա Ստեփանեանը «Իմ Հայկական Ուրուականները» համամարդկային եւ շատ անձնական ֆիլմով հանդիսատեսին հնարաւորութիւն կու տայ երթալ հայկական ֆիլմաշխարհի ակունքներ, ճամբորդել հերոսներու հետ եւ վերադառնալ մեր օրեր։ Ստեփանեանի վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած Պերլինի ֆիլմի փառատօնին, իսկ այս տարի ցուցադրուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրէն ներս։ «Իմ Հայկական…
Յուլիսի 12-ին Սիրիայի անցումային շրջանի նախագահ ալ-Շարաան այցելել է Պաքու, որտեղ մնացել է մի քանի ժամ: Իսրայէլական աղբիւրների տեղեկացուածութեամբ՝ նոյն օրը Պաքւում «պէտք է հանդիպէին Իսրայէլի եւ Սիրիայի անվտանգութեան համակարգի պատասխանատուներ»: Կայացե՞լ է նման հանդիպում, թէ՞ գործ ունենք տեղեկատուա-քարոզչական այսպէս կոչուած «զոնդաժի» հետ, առայժմ դժուար է ասել: Իսրայէլական ynet-ի դիւանագիտական…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





