Լեհաստանի մէջ Սեպտեմբերին նախատեսուած զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին ՆԱԹՕ-ին անդամակցող երկիրներու 34 հազար զինուորականներ կը յայտնէ Լեհաստանի բանակի սպայակոյտի մամլոյ ծառայութիւնը։ Iron Defender (Երկաթէ պաշտպան) անունով զօրավարժութիւնները 2025ին Լեհաստանի բանակի ամէնամեծ եւ ամէնակարեւոր նախաձեռնութիւններէն է։ Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի որ դաշնակիցները Լեհաստանի զինուորներուն հետ պիտի մշակեն թշնամիին յարձակումը յաջող կերպով զսպելու եւ…
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Յուլիս 23ին ընդունած է Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճորճ Տիքին, որ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտի հրաժեշտ այցելութիւն կու տար Պայրամովին, կը հաղորդէ Trend գործակալութիւնը։ Պայրամով շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Տիքին անոր արդիւնաւէտ դիւանագիտական ծառայութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթած ապագայ գործունէութեան համար։ Կողմերը…
Միանգամից ասեմ, որ խօսքը կոնկրէտ անձերին կամ կուսակցութիւններին ուրիշներով փոխարինելու մասին չէ։ Դա այսպէս, թէ այնպէս ժամանակի ընթացքում տեղի է ունենում։ Խնդիրը ընդդիմութեան բնոյթը, ընդդիմութիւն երեւոյթի մասին մեր պատկերացումները, եւ դրանից բխող մեր դերակատարութիւնը արմատապէս վերանայելն է։ Ո՞ւմ ենք մենք այսօր համարում ընդդիմադիր։ Առաջին հերթին ընդդիմադիր ենք համարում նախկիններին։ Բա…
Գիտենք, որ լեզու մը ողջ է, եւ կը մնայ, եթէ զայն խօսողներ ըլլան, կամ՝ կան: Սակայն կրկնութեան գնով օրինակ վերցնելով, կրնանք հաստատել, թէ լատիներէն գիտցողներ շատ կան, սակայն լատիներէնը մեռած լեզու է: Խօսող չունի: Իսկ ասոր հակառակը, հրեաները վերստեղծեցին իրենց մեռեալ լեզուն, այն լեզուն՝ որ նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ինչպէ՞ս կ’արտասանուի: Ահա թէ ինչո՞ւ լեզու մը գիտնալը բաւարար չէ…: Անոր համար միշտ կը շեշտենք, թէ լեզու մը որ չի գրուիր կամ չի խօսուիր տան, դպրոցին կամ շուկային մէջ, այլ խօսքով՝ ամէնօրեայ հաղորդակցութեան միջոց մը չէ, կ՛աղքատանայ, կը սնանկանայ, իր կարողականութիւնը կը կորսնցնէ եւ պատմութեան հոսանքին մէջ ալ կամաց կամաց կ՛ընկղմի, իր հետ տանելով նաեւ իր ազգը: Լեզուն կենդանի բջիջ է, յիշեցուցած ենք միշտ, եթէ չսորվինք, չգործածենք չզարգացնենք կը մեռնի: Բայց, անկեղծօրէն մատնանշելով, ըսենք որ սփիւռքներու լայնքին եւ երկայնքին, ազգովին մեր լեզուին նահանջի ներկայութիւնը կ՛ապրինք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան: Միւս կողմէ սակայն,…
Black Sabbath խումբի իր գործընկերներուն հետ վերամիաւորուելէն եւ համակիրներուն համար մեծ հրաժեշտի համերգէն քանի մը շաբաթ ետք, Օզի Օզպըրն մահացաւ, կը հաղորդէ Sky News։ Շուրջ երեք շաբաթ առաջ, իր ծննդավայր Պիրմինկհէմ քաղաքի Villa Park մարզադաշտի բեմին վրայ ելոյթ ունենալով, Օզպըրն համակիրներուն ըսած էր. «Դուք չէք պատկերացներ թէ ինչ կը զգամ.…
Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն հրապարակած է 2025ի երկրորդ եռամսեակի զեկոյցը, ներկայացնելով խօսքի ազատութեան վիճակն ու ԶԼՄ-ներու հանդէպ խախտումների բնոյթը։ Կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեան ասուլիսի ընթացքին նշած է որ Հայաստանի մէջ երկրորդ եռամսեակը հասարակական-քաղաքական առումով բաւականին լարուած ժամանակահատուած էր, որ ուղղակիօրէն անդրադարձած է լրատուական դաշտին վրայ։ Ան նշած է որ աւելցած են լրագրողներու նկատմամբ…
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը հերքած է տարածուող լուրերը, թէ ծաղիկ արտածող տնտեսվարողներն այլ երկւրներէ ծաղիկներ կը ներածեն Հայաստան եւ զանոնք կը վերարտածանեն Ռուսիա։ Նախարարութիւնը նշած է որ ներածուող ծաղիկի քանակները չնչին են Հայաստանէն Ռուսիա արտածուող քանակի համեմատ։ Վերջին շրջանին Ռուսիա սահմանափակած է Հայաստանէն ծաղիկներու ներածումը։ Ռուսիոյ կիրառած սահմանափակումները դժգոհութիւն առաջացուցած են…
Մոսկուա կը սպասէ պաշտօնական վճիռներուն, եթէ Ատրպէյճանը միջազգային դատական ատեաններու մօտ դատական հայց յարուցէ Ռուսիոյ դէմ՝, Աքթաուի մերձակայքը տեղի ունեցած օդանաւի կործանումին պատճառով, յայտարարեր է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Պեսկով: Ատրպէճանական լրատուամիջոցներ յայտնած էին որ Պաքուն փաստաթուղթեր կը պատրաստէ միջազգային դատական ատեաններ ներկայացնելու Աքթաուի մերձակայքը AZAL օդանաւի կործանումին առընչութեամբ Միեւնոյն…
Անցեալ Դեկտեմբերին Ասատի վարչակարգի անկումը նոր հորիզոններ բացաւ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ ապագային հետ կապուած։Առաջին տպաւորութիւնը այն էր որ նոր վարչակարգը, Ահմատ Ալ Շարաայի գլխաւորութեամբ, վայելելով Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու ամբողջական աջակցութիւնը, պիտի կարենայ Սուրիոյ տագնապին աւարտը ազդարարել եւ նոր էջ մը բանալ Սուրիոյ եւ Միջին…
«Freestyle Chess Grand Slam Tour» Ֆիշըրի անուան արագ ճատրակի մրցաշարք, որ տեղի ունեցաւ Լաս Վեկասի մէջ, աւարտականին, հայազգի վարպետ Լեւոն Արոնեան պարտութեան մատնելով ամերիկացի Հանս Նիմընը դարձաւ ախոյեան։ Մրցաշարքի ընթացքին Արոնեանը յաղթած է զօրաւոր մրցակիցներու։ Քառորդ աւարտականին ան պարտութեան մատնեց Հիքարու Նաքամուրային, իսկ թայ-պրէյքին Մակնուս Քարլսընին:
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





