Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Ճափոնի դէմ չինական եւ խորհրդային բանակներու յաղթանակի 80-ամեայ յոբելեանը։ Այս առիթով Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լի Սինվէյ իր խօսքին մէջ խորին յարգանքով խօսած է անոնց մասին, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են պաշտպանելու անկախութիւնը, արժանապատուութիւնը, միջազգային արդարութիւնն…
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ քննադատած է Կազաբ գրաւելու Իսրայէլի կառավարութեան ծրագիրը, կը յայտնէ գերմանական Süddeutsche Zeitung պարբերականը։ «Գերմանիոյ հեղինակութիւնը, որպէս եւրոպական դերակատար, կախուած է անոր քաղաքականութեան հետեւողականութենէն միջազգային իրաւունքի պաշտպանութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի պաշտպանութեան հարցով»,- ըսած է նախարարը, Զաղրէպ կատարած այցելութեան ընթացքին, Խրուաթիոյ դեսպաններու…
Լիբանանահայ համայնքը այսօր կը գտնուի մտահոգիչ կացութեան մէջ: Պատճառները ներքին են եւ արտաքին: Լիբանանի անվտանգութիւնը եւ տնտեսական, քաղաքական անորոշութիւնը էական ազդեցութիւն կ՛ունենան համայնքին կենսունակութեան եւ ապագային վրայ: Համապատկերը կ՛արտացոլայ բոլոր համայնքներուն վրայ: Քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ ծագած է գոյապահպանութեան մտահոգութիւն: Արտագաղթի ուրուականը կը սպառնայ լիբանանահայութեան գոյութեան: Համայնքին բարեկեցութեան խորհրդանիշ հանդիսացող միջին…
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է որ Օգոստոս 24ին ուքրանական կողմին հետ փոխադարձաբար 146 ռազմագերիներ փոխանակած են Ուքրանացիք ռուսական կողմին յանձնած են 146 ռուս ռազմագերիներ, որոնց դիմաց ռուսական կողմը ազատ արձակած է 146 ուքրանացի ռազմագերի։ Ուքրանական կողմը Ռուսիոյ վերադարձուցած է ութ քաղաքացիներ, որոնք Քուրսքի մարզի բնակիչներ են։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն,…
Ի՞նչ նշանակութիւն ունի միջազգային դաշնագիր մը, որ պիտի մնայ թուղթի վրայ լոկ: Ի՞նչ իմաստ ունի միջպետական պայմանագիր մը, երբ պիտի չգործադրուի երբեւիցէ: Ի՞նչ է կէտ-նպատակը համաձայնագիրի մը, որուն յօդուածները պիտի մոռցուին ստորագրողներուն մելանը դեռ չչորցած: Ո՞րն է պայմանաւորուածութեան մը կարեւորութիւնը, երբ զայն յարգողներ պիտի չըլլան կամ պիտի ուրանան անոր պայմանադիր…
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնեաներուն միջեւ հանդիպում։ Խորհրդակցութիւնների ընթացքին ընդգծուած են երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւնների շարունակական խորացումը։ Կողմերը քննարկեր են նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համագործակցութեանն առնչուող հարցեր եւ տնտեսական ոլորտի համագործակցութեան խնդիրներ։
1 Փաշինեանի վերջին ուղերձը եւս մէկ անգամ ապացուցեց` Հայաստանում պաշտօնական մակարդակում գերիշխող է մնում` «Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորում» միֆաքաղաքական կոնցեպցիան: Համաձայն դրա` կար/կայ Ղարաբաղեան հարց, որը Հայաստանի գլխաւոր խնդիրն է, եւ որի լուծմամբ Հայաստանը կը հասնի խաղաղութեան, տնտեսական բարգաւաճման, քաղաքական կայունութեան, այլեւ` անկախութեան: Իսկ տարածաշրջանում կը հաստատուի փաստացի երկրային դրախտ` բոլորը…
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու ժամաներ է Կազա, հաստատելու Կազա քաղաքը գրաւելու եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ-ի դէմ պայքարը, յայտնած է վարչապետի գրասենեակը։ Նեթանիահու նաեւ հրամայած է անյապաղ սկսիլ բանակցութիւններու իսրայէլցի բոլոր պատանդները ազատ արձակելու եւ պատերազմը Իսրայէլի համար ընդունելի պայմաններով դադրեցնելու համար։ Աւելի վաղ, պաշտպանութեան նախարար Իսրայել Կացը հաստատած էր Կազա քաղաքի…
Պոլիվիոյ նախագահ Լուիս Արսէն քննադատած է Լատին Ամերիկայի մէջ զօրքեր տեղադրելու ԱՄՆի որոշումը։ «ԱՄՆ կառավարութիւնը յայտարարեր է Քարիպեան կղզիներուն եւ Լատին Ամերիկայի քանի մը վայրերու մէջ ռազմածովային ուժերու տեղակայումը, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի պատրուակով: Միակողմանի այս քայլերը ոչ միայն սպառնալիք կը ներկայացնեն տարածաշրջանի խաղաղութեանը եւ կը խախտեն անկախ պետութիւններու…
Հռոմի պապ Լեւոն 14րդ կը նախատեսէ այցելել Լիբանան, որ անոր Իտալիայէն դուրս առաջին այցելութիւնը կրնայ ըլլալ, կը հաղորդէ կարտինալ Պեչարա Ռայ, «Ալ-Արապիա» հեռատեսիլի կայանին։ Ան ըսած է որ Պապը Լիբանան պիտի մեկնի մինչեւ Դեկտեմբեր, առանց ամսաթիւ նշելու։Այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





