
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ քննադատած է Կազաբ գրաւելու Իսրայէլի կառավարութեան ծրագիրը, կը յայտնէ գերմանական Süddeutsche Zeitung պարբերականը։
«Գերմանիոյ հեղինակութիւնը, որպէս եւրոպական դերակատար, կախուած է անոր քաղաքականութեան հետեւողականութենէն միջազգային իրաւունքի պաշտպանութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի պաշտպանութեան հարցով»,- ըսած է նախարարը, Զաղրէպ կատարած այցելութեան ընթացքին, Խրուաթիոյ դեսպաններու համաժողովին:
Նշենք որ Օգոստոս 21-ին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու Կազա կատարած այցելութեան ժամանակ նշած էր որ այցի նպատակը Կազան գրաւելու բանակի ծրագրին հաստատումն է։







Մեկնաբանէ