Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս հաստատած է Կազայի մէջ զինադուլի եւ պատանդներու վերադարձի Թրամփի ծրագիրը, կը յայտնէ Նաթանիահուի հրապարակած յայտարարութիւնը։

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւններէ ետք Իսրայէլ եւ ՀԱՄԱՍ համաձայնութեան եկած են ԱՄՆ-ի առաջարկած ծրագրի շուրջ։ 

Իր հերթին, BBC կը հաղորդէ որ զինադուլի ի զօրու դառնալուն զուգահեռ իսրայէլեան ուժերը պիտի հեռանան նախապէս համաձայնեցուած սահմանագիծ եւ անոնց վերահսկողութեան տակ կը մնայ Կազայի շուրջ 53%-ը։

Այնուհետեւ 72 ժամուայ ընթացքին ՀԱՄԱՍ պէտք է ազատ արձակէ բոլոր 20 պատանդները, որոնք դեռ ողջ են։ Որմէ ետք կը վերադարձուին 28 մահացած պատանդներու դիերը։ Իսկ Իսրայէլ ազատ կ՛արձակէ 250 պաղեստինցի բանտարկյալներ, որոնք ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած են, ինչպէս նաեւ ազատ կ՛արձակուին Կազայէն 1700 ձերբակալուածներ։ Ըստ Թրամփի ծրագիրին, իւրաքանչիւր իսրայէլցի պատանդի աճիւնի դիմաց Իսրայէլ կը վերադարձնէ Կազայի մէջ 15 զոհուածի մարմին։ 

Բացի այդ, Կազա կը մտնեն մարդասիրական օգնութեամբ հարիւրաւոր բեռնատարներ։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ