Հայաստանի մէջ Վրաստանի մշակոյթի օրերու առիթով, Հայաստան ժամանած է Վրաստանի մշակոյթի նախարար Թինաթին Ռուխաձէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախարարը այցելեր է Սերգէյ Փարաճանովի թանգարան: Հիւրերը ծանօթացեր են մեծանուն արուեստագէտի կեանքին եւ գործունէութեան մասին պատմող վկայութիւններուն եւ թանգարանի հիմնադրման պատմութեան:

Պատուիրակութիւնը այցելեր է Մատենադարան Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ։

Վրաստանի մշակոյթի նախարարը բարձր գնահատած Մատենադարանի գիտացուցադրական գործունէութիւնը եւ գրաւոր մատեաններու պահպանման հայկական մշակոյթը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ