
Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւային արուարձաններու քանի մը բնակելի շէնքեր իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու եւ օդանաւերու կողմէ ռմբակոծուած են։
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աուն խստօրէն դատապարտած է իսրայէլեան յարձակումը զայն նկատելով «միջազգային համաձայնագիրի, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ մարդասիրական օրէնքներու եւ բանաձեւերու հիմնական սկզբունքներու ակնյայտ խախտումը»։
Իսրայելի բանակը յայտարարեր է որ «Չնայած Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնագիրին, Իսրայէլի բանակը նկատած է որ ահաբեկչական «Հըզպալլահ» կ՛աշխատի հազարաւոր անօդաչու թռչող սարքեր արտադրել՝ իրանական ահաբեկչական կազմակերպութիւնների ղեկավարութեամբ»։







Մեկնաբանէ