-
Շարունակէ Կարդալ →: Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)Ինչի՞
Այս ամբողջը մեզի կը ներկայացուի իբրեւ պատմական ձեռքբերում. Ուաշինկթոնի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ ձեռքսեղմում մը, Սպիտակ տան մէջ լուսանկարուելու առիթ մը, Հայաստանի վարչապետը՝ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն կողքին նստած, եւ քանի մը փաստաթուղթեր, որոնք, եթէ հաւատանք մամլոյ հաղորդագրութիւններուն, պիտի ճանապարհ բանան «միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»։ Սակայն եթէ մէկ կողմ դնենք այս բոլոր ցուցադրական շքեղութիւնները,…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Քաղաքական Սփիւռք. Յղացքներ Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Ա.
Ի՞նչ կը նշանակէ պետութիւն չունեցող ժողովուրդի մը համար քաղաքականապէս գործել: Հայերուն համար ասիկա վերացական հարց չէ, այլ ապրուած իրականութիւն մըն է: Առաւել քան մէկ դար Հայկական Սփիւռքը գոյութիւն ունեցած է վեսթֆալեան գերիշխանութեան մը սահմաններէն դուրս, սակայն պահպանած է իր յատուկ քաղաքական ներկայութիւնը` կառավարութիւններու մօտ շահեր պաշտպանելով (lobbying), մշակութային կեանք շարունակելով եւ իր քաղաքական ինքնութիւնը համաշխարհային…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուս-Ատրպէճանական Յարաբերութիւնների Շուրջ. Ճգնաժամ Հռետորաբանութեան Եւ Շահերի Միջեւ
Վերջին ամիսներին Ռուսաստանը եւ Ատրպէյչանը յայտնուել են քաղաքական լարուածութեան կիզակէտում․ երբեմնի ռազմավարական գործընկերների յարաբերութիւններն այսօր նմանւում են փոխադարձ անվստահութեամբ լի մրցակցութեան։ Դրա հիմքում ոչ միայն առանձին միջադէպեր են, այլ նաեւ խորքային փոփոխութիւններ՝ արտաքին քաղաքական ուղղութիւնների, հասարակական ընկալումների ու պետական հռետորաբանութեան մակարդակներում։ Ռուսաստանը եւ Ատրպէյճանը ժառանգել են Խորհրդային Միութեան փլուզումից յետոյ ձեւաւորուած բարդ յարաբերութիւններ՝ նորանկախ պետութիւնների…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Անհատ, Համայնք Եւ Քաղաքական Տնտեսութիւն. Դիտարկումներ Լիբանանահայ Կեանքէն
Մայիս ամսուն տեղի ունեցած Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն արձանագրած դրական արդիւնքները գօտեպնդող էին շատերու համար, որոնք յաջողութիւնը մեկնաբանեցին իբրեւ լիբանանահայ հաստատութենական համակարգի կենսունակութեան եւ արդիւնաւէտութեան ցուցանիշ: Յաջորդած շնորհաւորական եւ արդարացման գրութիւններուն զուգահեռ, կրկին հնչեցին համայնքային միասնականութեան անհրաժեշտութեան մասին արտայայտութիւններ` այդ միասնականութեան հրամայականը ներկայացնելով իբրեւ յաջողութեան գլխաւոր երաշխիք: Այս բոլորը հասկնալի են…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Սկզբունքը
Սկզբունքով առաջնորդուիլը ընդհանրապէս լաւ բան է: Սկզբունք ունեցողը յաճախ ժամանակաւորապէս վնասով դուրս կու գայ: Կը կարծուի, թէ ժամանակաւոր ձեռքբերումները նուաճումներ են, սակայն բնականաբար ժամանակը ցոյց կու տայ, որ կարկտան լուծումները ի շահ որո՛ւ են: Այդպէս է միջազգային քաղաքականութեան մէջ. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի ամբողջ պահուածքը սկզբունքային ոչ մէկ հիմք ունի: Առաջին օրէն, տակաւին չընտրուած, յայտնեց,…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Սեւրի Դաշնագիրի 105-Ամեակ. Ո՞ւր Է Հայկական Միջանցքը
Արցախեան վերջին հակամարտութիւնը հիմնովին փոխեց Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական համայնապատկերը` ետին թողնելով մարդասիրական, քաղաքական եւ տնտեսական խոր հետեւանքներ: Պատերազմին ամէնէն ողբերգական հետեւանքը արցախահայութեան ցեղասպանութիւնն էր: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած տնտեսական ու մարդկային հսկայական կորուստներէն անկախ, արցախահայութեան զանգուածային տեղահանումը ծանր ճգնաժամ ստեղծեց Հայաստանի մէջ` մեծ բեռ մը դնելով հայկական տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ զինուորական մարզերուն վրայ: Մինչ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Յուսահատութենէն Անդին. Իրապաշտ Պատասխան Մը Վրէժ-Արմէնի «Վտանգը» Յօդուածին
Վրէժ Արմէնի վերջին՝ «Վտանգը» խորագիրով յօդուածը, որ լոյս տեսաւ «Դրօշակ»ի մէջ (Թիւ 7, 2025) հնչեց իբրեւ սրտաշարժ ահազանգ մը: Ան իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդի հաւանական փլուզումին մասին: Ան կը զգուշացնէ ազգային հաստատութիւններու քայքայման, սփիւռքեան ինքնութեան վտանգուելուն եւ համահայկական տեսլականին մարելուն մասին: Այս զգուշացումները լուրջ են եւ շատերու սիրտը նոյնպէս կը ցաւի: Բայց,…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Հայերէնի Զեղծումը Ինքնութեան Զեղծում է
Հայը իր հոգեբարոյական դարպասի պահակը չէ: Իր արմատներուն դէմ նախայարձակումներ գործել իմաստութիւն եւ գործնականութիւն կը համարէ, իր լեզուն կը զեղծէ, անհատաբար եւ հաւաքաբար, այս կամ այն յաջողութեան հասնելու կրպակային պատշաճեցումներով, լաւ ապրելու համար հայրենիք կը լքէ:Դար մը առաջ, մարդորսական նկատումներով, թրքախօս հայերը քրիստոնեայ դարձնելու համար, հայերէն աղօթք, շարական եւ Ս. Գիրք թրքերէնի կը թագմանուէին հայատառ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Ո՞վ Է Հայը Այսօր. Ո՞վ Եմ Ես, Ինչո՞ւ Եմ Ես, Ո՞ւր Կ’երթամ
21-րդ դարուն «ո՞վ է հայը» հարցադրումը դուրս կու գայ ազգային ինքնութեան սովորական սահմաններէն ու կը վերածուի գոյաբանական, արժեհամակարգային, հոգեբանական եւ քաղաքակրթական ճգնաժամի ցուցիչի: Պատմութիւնը, աշխարհաքաղաքականութիւնը, տեղաշարժը, արհեստագիտութիւնը, դարաշրջանի թելադրանքները, սպառնալիքներն ու խաբկանքները՝ ձեւաւորած են իւրատեսակ հայ իրականութիւն մը, որ միաժամանակ կը կրէ թէ՛ հազարամեայ ժառանգութիւն, թէ՛ ներկայի գոյատեւման անորոշութիւն: Ինքնութեան փլուզում եւ որոնում Ինքնութեան փլուզման…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Պատմութեան Դասերը Միշտ Ի Զօրու Կը Մնան
Համայն աշխարհը կ’ապրի աշխարհաքաղաքական թոհուբոհի օրեր: Կարծես հին աշխարհը կը քանդուի եւ նորի ստեղծման ճանապարհին ենք: Եթէ մեր հայեացքը սեւեռենք մեր տարածաշրջանին, աշխարհի վերաբաժանման կամ վերաձեւման ծրագիրը սկսաւ դեռեւս արաբական գարուններէն, շարունակուեցաւ Իրաքով, Լիպիայով, վերջերս՝ Սուրիայով եւ այսպէս շարունակ: Աշխարհի գերհզօր ոյժերը մրցավազքի մէջ են տիրանալու «փոքր» երկիրներու հումքային պաշարներուն՝ նաւթի, կազի, վառելիքի, հանքանիւթի…եւ իրենց…






