-
Շարունակէ Կարդալ →: Պարտութեան Բարդոյթի Հոգեբանութիւնը Եւ Հայուն Ինքնութեան Տագնապը
«Առանց ցաւի կարելի չէ իսկական գիտակցութեան հասնիլ»: Քարլ Եունկ Ի՞ՆՉ Է «ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՅԹ»Ը «Պարտութեան բարդոյթ»ը հոգեբանական եւ յուզական (emotional) վիճակ մըն է, որ կը բնութագրուի երկարատեւ նուաստացումի, կորուստի, պարտութեան, եւ դրական ինքնագնահատանքի նուազումի զգացումներով՝ յատկապէս ազգային ինքնութեան ծիրին մէջ։ Այս բարդոյթը կրնայ դրսեւորուիլ թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական մակարդակներով՝ մասնաւորապէս պատերազմի մը կամ որեւէ այլ պարտութենէ մը …
-
Շարունակէ Կարդալ →: Look Who’s Talking?! Կամ, Քանդել Քանդել Մինչեւ Վերջ
Վերջերս Նիկոլ Փաշինեան լծուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին՝ մեր ազգին ու հայրենիքին ապրած այս թշուառ օրերուն մէջ, տակաւին կանգուն Ազգային միակ հաստատութեան հետ հաշուեյարդար տեսնելու: Մինչ պետական ո՛չ մէկ հիմնարկ լիարժէք կ՛աշխատի, մինչ ինք իր բերնով քատրերու ճգնաժամ կը յայտարարէ, նաեւ կը խոստովանի, որ իր իշխանութիւնը եօթ տարիներէ ի վեր դպրոցական առաջին դասարանը կը կրկնէ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Գարեգին Բ.ի Մասին Նիկոլին Ակնարկներուն Մէջ Նորութիւն Չկայ:
Գարեգին Բ.ի մասին Նիկոլին ակնարկներուն մէջ նորութիւն չկայ: Աւելին, Նիկոլի ըսածները 1%ը իսկ չեն կազմեր այն մեղադրանքներուն, որ բարձրաձայնուած են ընդդէմ Գարեգին Բ.ին իր ընտրութեան օրէն: Նիկոլը տեղեակ է այդ բոլորին լրագրող եղած օրերէն: Կարծեմ՝ ան այդ ժամանակ ալ եկեղեցւոյ հետեւորդ էր։ Բայց լուռ։ Հիմա նորութիւնը այն է, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ամբաստանողն ու հեռացումը…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ-Թուրքական Յարաբերութիւնները
Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների թեմային շօշափելու ցանկացած փորձ անմիջապէս հարցերի փոթորիկ է առաջացնում։ Հայերը, ինչ-որ իմաստով, յամառօրէն պահպանել են այն, ինչ ես երբեմն անուանում եմ «թուրքակենդրոն աշխարհայեացք». շատերի համար աշխարհը սկսւում եւ աւարտւում է թուրքերով: Եւ դա ճիշդ է՝ կենցաղային խնդիրներից մինչեւ կլոպալ: Դրա համար շատ պատճառներ կան, բայց ամէնից շատ, թւում է, թէ դա քննադատական տեսակէտ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Աստ Եւ Անդ, Հայը Կը Գոհանայ Խօսքով
Հայկական լրատուամիջոցներ կը խօսին եւ կը գրեն այս կամ այն երկրի քաղաքական յայտնի եւ նուազ յայտնի դէմքի եւ ժողովի՝ հայերու, Հայ դատի, Արցախի տեղահանուածներու եւ հայ բանտարկեալներու վերաբերող սիրտ հովացնող արտայայտութիւններու մասին՝ այդ խօսքերը յաղթանակ համարելով: Վարժ ենք լսելու ծիսական արտայայտութիւններ եւ աւանդական գոհունակութիւն ունենալ: Հարցում. խօսքերը նախորդող եւ անոնց յաջորդող օրերուն միջեւ հայկական կացութեան…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Մայիս 28-ի Համաշխարհային Նշանակութիւնը
1918-ի մայիսեան հերոսամարտերուն մասին մենք շատ խօսած ենք, եւ ամէն անգամ նոր բան մը կը նկատենք կամ կը մոռնանք: Մինչդեռ այդ օրերուն կապուած որեւէ մանրուք պէտք է յիշել, ուսումնասիրել ու ներկայացնել, որովհետեւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ օրերուն, ոչ թէ պարզապէս պետականութեան վերականգնում էր, այլեւ ունէր համաշխարհային նշանակութիւն, բայց որուն մասին մենք քիչ կը…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Մենք Հող Չունինք Տալու, Մենք Հող Ունինք Առնելու
«Հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»…Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան այս վերջին տողին էութիւնը ճիշտ հասկնալու համար պէտք է մօտէն ուսումնասիրել այդ օրերու տագնապալի եղելութիւններու պատմութիւնը։ 1918-ին, Անդրկովկասեան Հանրապետութեան մաս կազմող երեք ազգութիւնները՝ հայերը, վրացիները եւ թաթարները (այսօրուան ազերիները) դեռ շատ հեռու էին իրաւականօրէն սահմանագծուած ազգային հողատարածութիւններ ունենալէ։ Անդրկովկասեան Սէյմը ստեղծած էր յանձնախումբ մը այդ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Մէ՛կ, Մէ՛կ, Մէ՛կ
Այս յօդուածիս տուն տուող առիթը բարեկամի մը հետեւեալ տողերն են, որոնց ձայնակցելու համար է, որ կը գրեմ. «Ես միշտ մերժած եմ «Արեւմտեան Հայաստան, «Պատմական Հայաստան» եւ նման արտայայտութիւնները: Ինծի համար կայ ՄԷԿ Հայաստան: Յոռեգոյն պարագային, կը գործածեմ «Հայաստանի արեւմտեան հատուած», «Հայաստանի արեւելեան հատուած» ու նման արտայայտութիւններ, որով միշտ կը շեշտուի Հայաստանի մէկութիւնը»: Անձնական ել-նամակի մը…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Սփիւռքի Կառոյցները Միայն Բեմ Չեն Կրնար Ըլլալ. Երիտասարդութիւնը Կրնայ Յայտնաբերել Իր Դերը, Արտայայտել Իր Ձայնը Եւ Ի Գործ Դնել Իր Կարողութիւնները
Քանի մը ամիս առաջ, «Սփիւռքի Մեծ Բացական՝ Ղեկավարութիւն» (1) վերնագրով յօդուածի մը մէջ անդրադարձած էի, թէ ինչպէս Սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները խոր ճգնաժամի մէջ են, թէ սփիւռքեան ղեկավարութեան քանակական եւ որակական նօսրացումը հիմնական ու գոյութենական խնդիր է, եւ կառոյցները չեն յարմարած 21-րդ դարու իրականութիւններուն։ Առանց արմատական ինքնաքննադատութեան, երիտասարդներու եւ կանանց ներգրաւման, բաց երկխօսութեան եւ ժամանակակից աշխատելակերպի…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Երբ Ցաւն Ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք
Լիբանանեան արմատական շիա-իսլամական Հըզպոլլա կուսակցութիւնը, որ ունի զինեալ դիմադրութեան՝ աշխարհի չափանիշներով անհամեմատելի հսկայական փորձ մը ու կը հաշուէ տասնեակ հազարաւոր նահատակներ՝ «Երուսաղէմի ազատագրութեան ճամբուն վրայ», անցած քառասուն տարին, նաւարկելով հազարամեայ աւանդոյթին հակառակ, ի վերջոյ վարժեցուց Լիբանանի մէջ իր մէկ միլիոնանոց ժողովուրդը, որ դադրին շիականութեան ամենանուիրական հեղինակութիւններէն Հասանի եւ Հիւսէյնի նահատակութեան՝ Քարպալայի ճակատամարտին յիշատակը նշել ինքնավնասումի` դանակներով ու մետաղեայ շղթաներով սեփական մարմինը արիւնոտելու…






