Վրաստանի հինգերորդ նախագահ Սալոմե Զուրապիշվիլի, որ հրաւիրուած ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Դոնալդ Թրամփի երդմնակալութեան արարողութեան, Fox News-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեր է որ «Վրաստանը աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ երկիրներէն մէկն է, ինչպէս Հայաստանը» «Մենք կ՛ըսենք որ մենք ամէնահին ենք, անոնք կ՛ըսեն որ իրենքեն. մենք երկու հնագոյն քրիստոնեայ երկիրներն ենք եւ այդ մէկը…
(Մահուան 18-րդ Տարելիցին Առիթով) 19 յունուար 2007-ի մահաբոյր օրը Էօկիւն Սամասթ կոչուած 17-ամեայ պատանի մը ատրճանակի երեք փամփուշտներով վերջ դրաւ պոլսահայ ականաւոր լրագրող Հրանդ Տինքի երկրաւոր կեանքին: Անտարակոյս քաղաքական ոճիր մըն էր ասիկա` ի գործ դրուած կարգ մը մութ ուժերու կողմէ, որոնք ատենէ մը ի վեր հալածանքի թիրախ դարձուցած էին…
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր դիմաւորուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ: Անոնք անմիջապէս ուղղուեցան վարչապետարան, ուր ունեցան հանդիպում մը: Ֆրանսայի նախագահը այցելեց Թանգարանի շրջանին մէջ Անյայտ զինուորի դամբարան: Աւելի ուշ, ան քալելով շրջեցաւ Պէյրութի Ժմմէյզի շրջանին մէջ, ուր նախապէս շրջած էր Պէյրութի…
Ճէոֆորի՝ ռուսական աշխարհաքաղաքական անկախ նախատեսութեան կեդրոնի GEOFOR, 2025 տարուան գուշակութիւնը հրապարակուեցաւ 9 Յունուար 2025-ին Միհայիլ Լաւրովի Mihail Lavrov կողմէ (1), որ ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ ստորեւ, սակայն կարգ մը վերապահութիւններով՝ շեղագիր*. «2024-ը յատկանշուեցաւ «Ալ-Աքսայի ջրհեղեղով» (Կազա*)՝ տարածաշրջանային իրավիճակը զարգանալով 7 հոկտեմբեր 2023-ի պատահարներու հաստատած տրամաբանութեամբ: Բոլորովին հնարաւոր է, որ Միջին Արեւելքի…
ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք, որուն մասնակիցները պահանջագիր յանձնեցին կազմակերպութեան Պաքու բանտերուն մէջ պահուող 16 հայ գերիներու ապօրինի եւ շինծու դատավարութեան դէմ։ Բողոքի մասնակիցները կոչ ըրին ազատելու Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն, պահպանելու Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, եւ ապահովելու Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է որ Ատրպէյճանի մէջ USAID-ի գործունէութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւն այլեւս չկա։ Այս յայտարարութիւնը ան կատարած է վրացի իր գործընկերոջ Մագա Պոչորիշվիլիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։ Ան նշեր է որ Ատրպէյճանի կողմէ 2023 Սեպտեմբերին Արցախի դէմ կատարած պատերազմական գործողութիւններէն ետք ԱՄՆ-ը ձեռնարկած է «միջազգային…
Հայաստանի երաժիշտներու միութեան նախաձեռնութեամբ «Արմիւզիք» հրատարակչութիւնը հրատարակած է «Հայ Կոմպոզիտորների Հայրենասիրական Երգեր», Արամ Խաչատուրեան «Մանկական Ալպոմ» եւ «Երեխաները Երեխաներին» (պատանի երաժիշտներու դաշնամուրային ստեղծագործութիւններ) ժողովածուները: Ծրագիրի իրականացումով կը լուծուի հայալեզու մասնագիտական գրականութեան հրատարակման եւ տարածման խնդիրը, կ՛ապահովուի նոր դասագիրքերու, ժողովածուներու եւ գրականութեան հասանելիութիւնը եւ մատչելիութի Ժողովածուները հրատարակուած են կրթութեան եւ գիտութեան…
Հայ երիտասարդութիւնը հայ ազգի ողնաշարն ու զօրութիւնն է եւ անոր վստահիլը, յենուիլը՝ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ, իսկ անտեսելը՝ հիասթափութեան եւ ձախողութեան կը մատնէ: Առանց լաւապէս պատրաստուած երիտասարդութեան, համայնքը անդամալոյծ կը դառնայ եւ նմանապէս երկիրը։ Երբ խօսքը հայ երիտասարդութեան մասին է, պէտք է նկատի առնել Հայաստանի մէջ ապրողները եւ Սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը։ Հայրենիքի…
Երէկ ուշ երեկոյեան, Իսրայէլ եւ ՀԱՄԱՍ զինադուլի համաձայնագիր մը ստորագրեցին։Համաձայնութեան մասին յայտարարեց Քաթարի վարչապետ Մուհամէտ Ալ Թանին: Լուրը պաշտօնապէս յայտարարուելէն առաջ հազարաւոր մարդիկ Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ դուրս իջած են փողոց, ողջունելու համաձայնութիւնը։ Համաձայնագիրին համաձայն յառաջիկայ վեց շաբաթուան ընթացքին ՀԱՄԱՍ ազատ պիտի արձակէ միայն 33 պատանդներ, իսկ մնացեալին ճակատագիրը բանակցութիւններու…
Պոլսոյ մէջ կեղծուած ոգելից խմիչք օգտագործելու պատճառով 11 հոգի մահացեր է։ Անատոլու լրատու գործակալութեան համաձայն 38 հոգի, որոնց կարգին 26 օտարերկրացիներ, բժշկական օգնութեան դիմած են տարբեր հիւանդանոցներու մէջ, կեղծուած ոգելից խմիչքի պատճառով: Կը նշուի որ մահացածներուն տասը Թուրքմէնիստանէն են։ Երկու կասկածելիներ ձերբակալուած են կեղծ խմիչք պատրաստելու յանցանքով։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





