Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի (World Economic Forum) տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին, այս տարի Գանատայի վարչապետ Մարկ Քարնին հանդէս եկաւ յատուկ ելոյթով մը, որ նման միջավայրի մը համար անսովոր կերպով ուղղակի էր: Ան սկսաւ ֆրանսերէնով, ապա անցաւ անգլերէնի՝ զերծ մնալով սովորական դարձած՝ «մեզի պարզապէս աւելի սերտ համագործակցութիւն պէտք է»…
Թուրքիա հայեւթուրք յարաբերութիւնները երբեք չի դիտարկեր իբրեւ երկու ինքնուրոյն պետութիւններու միջեւ ուղղակի երկխօսութիւն։ Ընդհակառակը՝ ան պայմանաւորուած է նախ Արցախի, իսկ 2020-էն ետք՝ ամբողջական կերպով Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական շահերուն հետ։ Այս իրողութիւնը կը բացայայտէ Թուրքիոյ հիմնարար ընկալումը Հայաստանի նկատմամբ՝ ոչ իբրեւ լիարժէք ինքնիշխան պետութիւն, այլ՝ տարածք, որուն վրայ համատեղ կը կիրարկուին Անգարայի…
Աշխարհը պայմանականօրէն բաժանւում է երկու հիմնարար ճամբարի՝ նրանց, ում համար ուժը պէտք է ծնի իրաւունք, եւ նրանց, ում ուժն անհրաժեշտ է արդէն իսկ հաստատուած իրաւունքը պահպանելու համար։ Երբ այս հաւասարակշռութիւնը խախտւում է, սկսւում է գործող աշխարհակարգի փլուզումը։ Այստեղից էլ բխում է հիմնարար սկզբունքը. այն կողմը, որին ուժն անհրաժեշտ է իրաւունքի…
Այսօր, երբ կը խօսուի Արարատը մոռնալու եւ Արագածով ապրելու մասին, պարտք կը զգամ անգամ մը եւս բոլորին յիշեցնել, որ Արարատը մեր սրբութիւնն է, մեր ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշը: Յօդուածս այժմէական է այնքան, որքան Արարատն է սրբութիւն մեր ժողովուրդին համար: Իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի որ ափին ալ գտնուի, Արարատը սրբութիւն կը համարէ: Ան…
Ժամանակին կար ու չկար (չէ՛, անպայման կար) հիւսիսային բեւեռին մէջ լայնատարած կղզի մը` Կրինլանտ, որ կը նկատուի աշխարհի մեծագոյնը… Այսպէս կարելի է սկսիլ դանիացի հռչակաւոր հէքիաթագիր Հանս Քրիսթիան Անտերսընէն (1805-1875) ներշնչուած առասպել մը: Երկար տարիներ մոռցուած սպիտակով ծածկուած այս վիթխարի հողաշերտը, ահաւասիկ քանի մը ամիսէ ի վեր դարձած է կիզակէտ…
(ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) Ներածական Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան այնպիսի անհատներ, որոնց անունները կը դառնան տիեզերական՝ ոչ թէ լոկ իրենց գործերու առատութեան համար, այլ մեր դարաւոր ինքնութեան շունչը մարմնաւորած ըլլալնուն համար։ Այդ սքանչելի մեծերուն շարքին է Հրաչեայ Աճառեանը. մարդ, որուն կեանքը բառ դարձաւ, իսկ բառը՝ գիրք, շունչ, ազգ եւ յաւերժութիւն։…
Այսօր Սուրիա կը մնայ բաժնուած քաղաքական տարածք մը, որ կը բնորոշուի ոչ միայն աւերիչ քաղաքացիական պատերազմի ժառանգութեամբ, այլ նաեւ երկրի կեդրոնական իշխանութեան եւ հիւսիսային ու հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ գործող քրտական ուժերու միջեւ չլուծուած լարուածութիւններով։ Պարբերաբար ծագող բախումները, փոխուող դաշինքները եւ վիճարկուած կառավարման համակարգերը կը շարունակեն անկայունութիւն եւ անորոշութիւն ստեղծել, յատկապէս…
Եւրոպական Միութիւնը Փետրուար 24ին կը պատրաստուի ընդունիլ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հերթական փաթեթը, որուն բովանդակութեան շուրջ քննարկումները կը շարունակուին, յայտարարեր է Քայա Քալաս։ «Կ՛ակնկալենք որ պատժամիջոցներու 20-րդ փաթեթը Փետրուարի 24ին կ՛ընդունինք։ Այս գործընթացի ծիրէն ներս երկիրները կը ներկայացնեն տարբեր առաջարկներ»,- նշած է ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Դարավերջին ախտ է եթերի լատինատառ հայերէնը, որ երբեմն կը գրուի, նաեւ խօսափողէն, որպէս ճառ ընթերցուելու համար: Մի՛ հարցնէք ի՞նչ ընելու, ո՞ր սնափառութեան եւ ո՞ր ազգային համարուած պատեհապաշտութեան տուրք տալու համար այդ կ’ըլլայ: Մեսրոպեան տառերով գրուող հայերէնն ալ յաճախ փարսախներով հեռու է հայերէնի քերականութեան, ուղղագրութեան եւ հոլովական կանոններէն, նաեւ երբ…
ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ Թէեւ դպրոցը, եկեղեցին, մամուլն ու մշակութային միութիւնները կենսական դեր ունին վտանգուած լեզուներու պահպանման մէջ, սակայն ընկերալեզուաբանական իրականութիւնը կը հաստատէ անվիճելի ճշմարտութիւն մը` լեզուի գոյութեան գլխաւոր երաշխաւորը տունն է: Լեզուի մը մահուան, պահպանման կամ վերակենդանացման ճակատագիրը կը վճռուի ընտանեկան յարկին տակ: Ուստի, եթէ կը փնտռենք արեւմտահայերէնի` վտանգուած լեզուի մը, փրկութեան…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





