Թալիշ պատմաբան Զահիրատին Իպրահիմով անհետացեր է Մարտի 26ին Ռուսիոյ Եկատերինպուրկ քաղաքէն: Կարճ ժամանակ ետք, Ատրպէյճանի Լենքորանի շրջանը գտնուող անոր հարազատները նամակ ստացած են Ատրպէյճանի պետական անվտանգության ծառայութիւնէն, ուր նշուած են Իպրահիմովի դէմ ուղղուած մեղադրանքներ։ Իպրահիմով աւելի քան քսան տարի է կ՛ապրէր Ռուսիոյ մէջ։ Թալիշ պատմաբանը առեւանգուած է եւ ապա յայտնուած…
Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ապպաս Արաքճի Ապրիլ 17-18 Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն իրավիճակը Հարաւային Կովկասի, Կասպից ծովու եւ Սուրիոյ մէջ, յայտներէ Ռուսիոյ ԱԳՆ բանբեր Մարիա Զախարովա։ Նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ ՄԱԿի, ՇՀԿի, ՊՐԻՔՍի եւ միջազգային այլ կառոյցներու մէջ համակարգուած աշխատանքներու ուղղութիւնները։
Այս է խորագիրը Ըսփեշըլ Եուրէյժա, Իտալիա հաստատուած SpecialEurasia աշխարհաքաղաքական հետախուզութեան եւ լրատուական գործակալութեան Geopolitical Intelligence & Media Agency, 9 Ապրիլ 2025-ի տեղեկագիրին (1), որ խմբագրութեան կողմէ բաց աղբիւրներէ քաղուած է: Խորհրդատուական այս գործակալութիւնը աշխարհաքաղաքական հետախուզութեան եւ հաւանական վտանգի risk գնահատումի մէջ մասնագիտացած է: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ տեղեկագիրը: Գործադիր ամփոփում Այս…
Ապրիլ 15ին տեղի ունեցած է «Սիմֆոնիք ռոք` յանուն երեխաներու առողջութեան» բարեգործական համերգը Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի երեխաներու առողջութեան հիմնադրամին կողմէ, Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի մասնակցութեամբ։ Համերգին հանգանակուած է աննախադէպ գումար՝ աւելի քան 45 միլիոն դրամ, որ պիտի յատկացուի առողջական ծանր խնդիրներ ունեցող երեխաներու բուժման։…
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Ապրիլ 16ին ընդուներ է Թուրքիոյ խորհրդարանի Ազգային պաշտպանության խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ, Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախկին նախարար Հուլուսի Աքարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հասանով նշեր է որ ուրախ է Թուրքիայէն ժամանած հիւրերը տեսնելու համար։ Նախարարը ընդգծեր է որ երկու երկիրներու ղեկավարներու անկեղծ յարաբերութիւնները յատուկ դեր կը խաղան բոլոր…
Շաբաթներ առաջ, մեր ընկերներուն տան մէջ հաւաքոյթի մը ընթացքին տեղի ունեցաւ անհանգստացնող (կիսա)վիճաբանութիւն մը, թէ արդեօք կարեւո՞ր են սփիւռքի հայկական վարժարաններու՝ Հայաստան կատարած դասարանային այցելութիւնները: Սփիւռքէն Հայաստան փոխադրուած ծանօթներէս մէկը կը պնդէր, թէ այս ճամբորդութիւնները մակերեսային, զբօսաշրջիկի պտոյտներ են․ աշակերտները կու գան, կը զուարճանան, լուսանկարներ կ՚առնեն եւ կը մեկնին առանց…
Նկատի առնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յաճախակի եւ հրահրող յարձակումները Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Իսրայէլի վրայ` զարմանալի չէ, որ թուրքերուն ճնշող մեծամասնութիւնը այդ երկիրները կը նկատէ իր մեծագոյն թշնամիները: Ասիկա լուրջ հարց է, քանի որ Թուրքիան` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ, արեւմտեան ռազմական դաշինքին մաս կը կազմէ: Ցաւօք, ՕԹԱՆ-ը չունի այնպիսի…
Առանց Հ. Քորէայի աջակցութեան Ռուսիան չէր կրնար այսքան երկար պատերազմիլ, կը յայտնէ Reuters գործակալութիւնը։ Open Source Center-ի վերլուծաբաններու հետ հետազօտութիւնները պարզեր են որ վերջին 20 ամիսներու ընթացքին զինամթերքի հիմնական մասը կը մատակարարէ Հիւսիսային Քորէան։ Խոսքը 4-6 միլիոն հրետանային արկերի մասին է ։ Հ. Քորէան հրթիռներ ուղարկած է, ինչպէս նաեւ հեռահար…
ԱՄՆ-ի ծովային ուժերը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կեդրոնացուցած է երկու օդանաւակիր եւ Tomahawk թեւաւոր հրթիռներ կրող Ohio սուզանաւը: Վերջին օրերուն ամերիկեան երկրորդ օդանաւակիր «Քարլ Ուինսըն»ի գլխաւորութեամբ, ժամանած է Մերձաւոր Արեւելք, օժանդակելու «Հէրի Թրուման»-ի գործողութիւններուն։ Նաւատորմիղը ներյայիս կը գտնուի Օմանի հարաւային ափերուն մօտ: Պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսէթ հրամայած էր երկրորդ օդանաւակիրը ղրկել…
Ասպարէզիս բերումով կատարած մասնագիտական աշխատանքներս ընդհանրապէս ինծի համար գոհունակութեան աղբիւր են, որովհետեւ անոնց ընդմէջէն ներկայացուցած նիւթերս կ՛առնչուին արժեհամակարգիս ու հաւատալիքներուս եւ կը ներկայացնեն առաջնահերթութիւններու վերաբերեալ իմ պատկերացումներս ու հասկացողութիւններս: Սակայն գոհունակութիւնս կը քառապատկուի, երբ ներկայացում կամ դասախօսութիւն ունենամ հայկական միջավայրէ ներս` կրթական հաստատութեան մը, կառոյցի մը կամ միութեան մը յարկին…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





