Դիլիջան քաղաքը ճանչցուեր է միջոցառումներ կազմակերպելու համար լաւագոյն քաղաք, MICE Excellence Awards մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։ Դիլիջանը մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած է Meet Dilijan նախաձեռնութեան կողմէ որ կը նպատակադրէ քաղաքի զարգացման, որպէս ժամանակակից MICE ուղղութիւն։ MICE Excellence Awards-ը զբօսաշրջութեան ամէնահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկն է, որ կ՛ընդգրկէ Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ ԱՊՀ երկիրներու կարեւորագոյն նախաձեռնութիւնները։…
Յունիսի 1-ին ՌԴ ռազմական օդանաւակայանների վրայ Ուքրաինայի յարձակումը ռազմական պատմութեան մէջ նոյն դերն ունեցաւ, ինչ 1941 թուականին Ճափոնիայի յարձակումն ԱՄՆ-ի խաղաղովկիանոսեան ռազմածովային ուժերի նաւատորմի կենդրոնական պազայի՝ Փըռլ Հարպըրի վրայ՝ ամբողջութեամբ վերաշարադրելով պատերազմի կանոնները: Ինչպէս գրում է The Washington Post-ի սիւնակագիր Մաքս Պութը, Փըռլ Հարպըրի վրայ յարձակումը նշանաւորել է աւիակիրների վերելքը՝ որպէս ծովային…
Տուայտանք (գոյական) Հոգիի չարչարանք, տառապանք, վիշտ, նեղութիւն, տագնապ։ Օրինակ՝Այդ տուայտանքէն ազատելու համար դիմեց իր մտերիմ ընկերոջ խորհուրդին։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ընտրուեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Աննալենա Պերպոք։ Պերպոք ընտրուած է գաղտնի քուէարկութեամբ, անոր ընտրութեան քուէարկած է 167 պետութիւն։ Քուէարկութենէն ետք ան յայտնած է որ ՄԱԿ-ը կը դիմագրաւէ քաղաքական եւ նիւթական հսկայական դժուարութիւններ եւ յառաջիկան կարեւոր հանգրուան է միջազգային այս կազմակերպութեան համար։
1918-ի մայիսեան հերոսամարտերուն մասին մենք շատ խօսած ենք, եւ ամէն անգամ նոր բան մը կը նկատենք կամ կը մոռնանք: Մինչդեռ այդ օրերուն կապուած որեւէ մանրուք պէտք է յիշել, ուսումնասիրել ու ներկայացնել, որովհետեւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ օրերուն, ոչ թէ պարզապէս պետականութեան վերականգնում էր, այլեւ ունէր համաշխարհային նշանակութիւն, բայց…
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար Անն-Լորանս Փեթէլ յայտարարեր է որ Սիւնիքի հայերը ամէն օր կ՛ենթարկուին ատրպէճանական սադրանքներուն։ Փետէլ գրառում կատարած է X-ի միքրոպլոկին մէջ ներկայացնելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ բացած են Խոզնավար գիւղին վրայ։
Երէկ, Չէմփիընզ Լիկի աւարտականին, Ֆրանսայի ախոյեան ՓՍԺ 5-0 արդիւնքոց պարտութեան մատնելէ ետք Իտալիոյ Ինթէր Միլանը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին։
Փաքիստանի խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է այն օրինագիծին, որ կ՛արգիլէ անչափահասներու ամուսնութիւնը մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ, կը տեղեկացնէ The Guardian։ Նոր օրէնքին համաձայն՝ ինչպէս աղջիկները, նոյնպէս ալ տղաները կրնան ամուսնանալ միայն 18 տարեկանէն ետք։ Օրէնքը խախտողները կրնան դատապարտուիլ եօթը տարուայ բանտարկութեան։ Օրինագիծի քննարկման ընթացքին խորհրդարանական Նասիմա Էհսան, որ կողմ է օրէնքին, խոստովաներ…
«Սիվիլ Արթ» մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը Պարտըրի ակումբի աջակցութեամբ մեկնարկած է «Յուսոյ Առագաստ» հեղինակային երգի միջազգային 11-րդ փառատօնը: Նախընտրական փուլին պիտի ընդունուին դիմումները մինչեւ Յունիս15։ Նախնական ընտրութիւնը անցած դիմորդները պիտի մասնակցին ընտրական փուլի եզրափակիչ համերգին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունիս 20ին։ Փառատօնի սեւանեան փուլը, տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 18-20…
«Հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»…Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան այս վերջին տողին էութիւնը ճիշտ հասկնալու համար պէտք է մօտէն ուսումնասիրել այդ օրերու տագնապալի եղելութիւններու պատմութիւնը։ 1918-ին, Անդրկովկասեան Հանրապետութեան մաս կազմող երեք ազգութիւնները՝ հայերը, վրացիները եւ թաթարները (այսօրուան ազերիները) դեռ շատ հեռու էին իրաւականօրէն սահմանագծուած ազգային հողատարածութիւններ ունենալէ։ Անդրկովկասեան Սէյմը…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





