Թրքական ոստիկանութիւնը 120 հոգի ձերբակալած է Իզմիրի քաղաքապետարանի պաշտօնէութենէն, կաշառակերութեան գործի հետաքննութեան համար, – կը յայտնէ Hurriyet։ Ձերբակալվածներու շարքին է Իզմիրի նախկին քաղաքապետ Թունճ Սոյէր եւ քաղաքապետարանին հետ առընչություն ունեցող İZBETON AŞ շինարարական ընկերութեան նախկին գործադիր տնօրէն Հեւալ Սաւաշ Քայան եւ քաղաքային վարչակազմի պաշտօնեաներ։ Նշուած ընկերութեանը մեծ լիազօրութիւններ ընձեռուած էին…
Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլըն Յուլիս 1ին յայտարարեր է որ վերջին քանի մը օրերուն Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած է 342 անտառային հրդեհ, որոնցմէ վեցը տակաւին կը շարունակուի, կը հաղորդէ Haberler-ը: «Հինգ օրուայ ընթացքին բռնկուած է 342 հրդեհ։ Մանիսայի, Իզմիրի, Հաթայի եւ Անթաքիոյ մէջ վեց հրդեհ կը շարունակուի», –…
Միջին Արեւելքի, Կովկասի եւ ընդհանրապէս միջազգային քաոսային վիճակին մէջ կարելի չէ ուրիշ բանի մասին մտածել: Իւրաքանչիւր երկիր իր գլուխը փրկելու ճիգին մէջ է: Տակնուվրայութեան եւ իրարանցումին դիմաց ինչպէ՞ս կարելի է հայրենիք փրկել, հայրենիքը ինքնիշխան եւ անձեռնմխելի դարձնել: Միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ փաստօրէն անզօր են եւ ապարդիւն: Փաստը` Արցախի պարպումը, փաստը` Կազայի…
Հայաստանում, բնականաբար, ուշադրութեամբ ու հետաքրքրութեամբ են հետեւում այն լարուածութեանը, որ առաջացել է եւ գոնե առ այս պահը խորանում է Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ: Այստեղ, սակայն, թերեւս, հարկ է արձանագրել, որ գործ ունենք բաւականին հակասական մի իրավիճակի հետ: Երբ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնը սերտ է, խորը, Հայաստանի համար դրանից առաջանում են…
Մինաս Աւետիսեանի «Հանդիպում» եւ «Խաչքարի Մօտ» որմնանկարները պիտի տեղափոխուին Ճաճուռի մէջ գտնուող Մինաս Աւետիսեանի թանգարան, կը տեղեկացնէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան հաղորդագրութիւնը։Որմնանկարներուն Մինաս Աւետիսեան թանգարան տեղափոխումը ու վերականգնումը կը միտի նշեալ գործերը հանրայնացնելու։ Այս ձեւով հնարաւորութիւն կը ստեղծուի որմնանկարները ցուցադրել թանգարանային պայմաններու մէջ, հեղինակի այլ ստեղծագործութիւններու համատեղ։
Ռուսիա անհանգստացած է որ աւելի քան երկու ժամ է ռուս դիւանագէտները Պաքուի մէջ ի վիճակի չեն կապ հաստատել Ռուսիոյ քաղաքացի լրագրողներոն հետ, յայտներ է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա։ Ան տեղեկացուցած է որ ատրպէճանական կողմը առանց որեւէ հիմնաւորումի Ռուսիոյ դիւանագէտներուն արտօնութիւն չէ տուած մօտենալ ռուս լրագրողներուն։ Աւելի շուտ…
Ֆրանսագիր աֆղան գրող Աթիք Ռահիմին ֆրանսախօսութեան նուիրուած փարիզեան գրական հաղորդումի մը ընթացքին նամակ մը կարդաց` ուղղուած կեանքէն վաղուց հեռացած իր մօրը: Սրտաբուխ նամակ մը, ուր կը խոստովանի, որ կը դաւաճանէ մօրը եւ ներողութիւն կը խնդրէ անկէ, քանի որ կը գրէ լեզուով մը, որ ո՛չ իրն է եւ ո՛չ մօրն է…
Ֆրանսայի Պարպիզոն քաղաքի մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Հայկական իմպրեսիոնիզմի գոյներն ու լոյսերը» ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուած Ֆրանսիայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։ Ցուցահանդէսին ընդգրկուած են 20-րդ դարասկզբին հայազգի արուետագէտներ Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադեւոսեանի, Վահրամ Գայֆէճեանի, Կարապետ (Շառլ) Ադամեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Սեդրակ Առաքելեանի ստեղծագործութիւնները:
Յունիս 29-30 պաշտօնական այցով Հայաստան կը ժամանէ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով ներկայացուցիչ Քայա Քալաս, յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Յունիս 30ին տեղի պիտի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Քայա Քալասի հանդիպումը, որուն պիտի յաջորդէ նախարարներուն համատեղ մամլոյ ասուլիսը:
Երևանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը, դատաւոր Մասիս Մելքոնեանի գլխաւորութեամբ, ձերբակալութեան որոշում կայացուց Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ։ Աջապահեան կալանաւորուած է երկու ամիսով։ Կալանքի միջնորդութիւնը դռնփակ քննուեր է Յունիս 28 գիշերը։ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին մեղադրանք է առաջադրուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ իշխանութեան իւրացման եւ սահմանադրական…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





