Հայաստանը իր առաջին մետալը նուաճեց Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան։ Կանանց ազգային խումբի անդամ, Ալեքսանտրա Գրիգորեանը Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան 85 քկ. 89 քկ., 91 քկ, 112 քկ., 116 քկ., եւ 123 քկ. բարձրացնելով շահեցաւ ոսկէ մետալը: 214 քկ. արդիւնքով Ալեքսանտրա Գրիգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան։
Պոլսոյ մէջ, Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են առանց շօշափելի արդիւնքներու, յայտարարած է Փաքիստանի տեղեկատուութեան նախարարը, մեղադրելով Քապուլի պատուիրակութեան համաձայնագիրը խոչընդոտելու համար։ Բանակցութիւնները միտուած էին երկու երկիրներուն միջեւ երկարաժամկէտ զինադադարի հաստատումին։ Հոկտեմբեր 19ին երկու երկիրները Տոհայի մէջ համաձայնած էին միջնորդներուն առաջարկած զինադադարին, սակայն Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ…
«World Economic Forum»-ը եռամսեայ դրութեամբ կը հրապարակէ տեղեկագիր մը` Chief Economists’ Outlook, որ կը ներկայացնէ միջազգային տնտեսութեան ընթացիկ իրավիճակը։ Եռամսեայ այս տեղեկագիրը կը ներառէ քաղաքական-տնտեսական ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ ֆորումի մը հարցախոյզի արդիւնքները, որ ընդհանրապէս կատարուած կ’ըլլայ պետական եւ սեփական մարզի առաջնորդող տնտեսագէտներու մասնակցութեամբ։ Chief Economists’ Outlook պարբերականի Սեպտեմբեր 2025-ի համարը կը…
Երբ գրողը կը մեռնի, կը վերածուի գիրքերու, ինչը, ի վերջոյ, այնքան ալ գէշ վերածնունդ չէ։ Խ. Լ. Պորխէս Փայտի փորագրութեան հնարքի ստեղծման օրէն մինչեւ թուային տպագրութեան ժամանակակից թեքնոլոժի, տպագրութեան պատմութիւնը կը քալէ քաղաքակրթութեան պատմութեան զուգընթաց։ Տպագրութեան մեզի յայտնի ամէնէն հին ձեւը փայտատիպերով տպագրութիւնն է, որ առաջին անգամ իրականացուած է Չինաստան, շուրջ…
Հռոմի Պապ Լևոն XIV-ը Նոյեմբեր 30-ին, Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին, պիտի մեկնի Թուրքիա, ուր պիտի այցելէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան պատկանող հայկական եկեղեցի։ Պապին այս այցելութիւնը եւ այնտեղ կատարելիք աղօթքը կը համարուի համերաշխության եւ երկխօսութեան ուղղուած խորհրդանշական քայլ։ Հռոմի Պապին այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700ամեակի ծիրէն ներս։
Պելառուսիան եւ Ռուսիան յարձակողական մտադրութիւն չունին եւրոպական երկիրներու նկատմամբ. Մինսքին եւ Մոսկուային զինուորական գործողութիւններ պէտք չեն, յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն: Ան նշած է որ վերջին շրջանին Մինսքին եւ Մոսկուային կը մեղադրեն եւրոպական տարբեր երկիրներու վրայ յարձակման մտադրութեան համար։ Ան նաեւ յայտարարած է որ «Օրեշնիկ» հրթիռային համակարգի տեղադրումը Պելառուսիոյ…
«Ազգի մը դատողութիւնը կազմուած կ’ըլլայ այն պահէն սկսեալ երբ ան կրնայ ինքզինք դատել: Բայց այս առանձնաշնորհոհումը ձեռք կը բերուի շատ ուշ»:ԿէՕԹէ, գերմանացի գրող Ո՞վ ինչպէ՞ս կրնայ իրատեսական գնահատումը ընել հայկական ՍՓԻՒՌՔի ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական կարողականութեան: Այդ փորձը երբեւիցէ եղա՞ծ է :Գնահատել կը նշանակէ դատել եւ ընտրել, ճանչնալ, գործելու…
Հայաստանը յաղթեր է «Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան առաջատար կեդրոն» World Travel Awards 2025 մրցանակաբաշխութեան։Հայաստանը ստացեր է իր «զբօսաշրջիկական Օսքարը», դառնալով Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան առաջատար երկիր, ըստ հեղինակաւոր World Travel Awards 2025-ի։Մրցակիցներու շարքին էին Իտալիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Յունաստանը… Հայաստանի մէջ ամեն ինչ իրական է, հնագոյն եկեղեցիներ, քարէ ճանապարհներ, թարմ լաւաշի ու…
Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Եւրանէսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի 12րդ լիագումար նիստին, յայտարարած է պատուիրակութեան ղեկավար Թահիր Միրկիշիլին։ Պաքուն հաստատած է որ այդ մերժոմը պամանաւորուած չէ հանդիպումը Երեւանի մէջ անցկացնելու համար։ Միրկիշիլիի ըսած է թէ Եւրոպական խորհրդարանի փաստաթուղթերը եւ յայտարարութիւնները, որոնք կը կազմեն Եւրանէսթ ԽՎ-ի գործունէութեան կէսը,…
Երբ կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին, պէտք է գիտնալ, որ պատմութեան հետազoտողներ ուզած են զանազանութիւն դնել Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզման միջեւ: (Ողջակիզում` Holocaust – հին յունական բառ մը, որ կը նշանակէ կրակի յանձնել): Տարիներու ընթացքին շատեր ուզած են բաղդատել այս երկու ցեղասպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են Ա. եւ Բ. Համաշխարհային…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





