Մոսկուայի դատարանը երկու ամիսով երկարաձգած է Հայրենիքի պաշտպաններու յիշատակը վիրաւորելու համար մեղադրուող պլոկըր Արսէն Մարգարեանի կալանքի ժամկէտը, կը յայտնէ ԹԱՍՍ: Նախապէս հաղորդուած էր որ Մարգարեան զղջացեր է, պատրաստակամութիւն յայտնելով համագործակցիլ քննչական մարմիններուն հետ: Ան նաեւ յայտարարեր է որ ձերբակալման ժամանակ չէ թաքնուած ինքնաշարժին մէջ։ Մարգարեան ձերբակալուած էր Օգոստոս 23ին Մոսկուայի…
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք սկսած է շրջագայիլ տեսակէտ մը, որ սփիւռքահայերը` «ճիշդ չէ որ խօսին Հայաստանի քաղաքականութեան մասին, քանի որ չեն ապրիր Հայաստանի մէջ, իսկ կառավարութիւնը ընտրուած է ժողովուրդի կողմէ»։ Անշուշտ հանրապետութեան մէջ յարգելի է թէ՛ քաղաքացիի քուէն, թէ՛ տարբեր գաղափարներու արտայայտումը։Զարմանալի է սակայն, որ այդպիսի միտքեր չկային «Թաւշեայ յեղափոխութենէն»…
Հայաստանի քաղաքական դաշտը պատրաստւում է 2026 թ․ ընտրութիւններին։ Բոլորի համար պարզ է, որ այդ ընտրութիւնների արդիւնքում վճռուելու է Հայաստանի ապագայի հարցը։ «4-րդ հանրապետութի՞ւն», թէ՞ Հայաստանի Հանրապետութիւն, այս հարցն է դրուած լինելու առաջիկայ ընտրութիւններում։ Այլ կերպ ասած՝ դրուած է լինելու մի կողմից ՀՀ-ի փոխարէն Էրմենիսթան վիլայէթի ձեւաւորման քաղաքական դանդաղ գործընթացի ապահովման…
ԱՄՆ-ն նոր պատժամիջոցներ սահմանած է Հիւսիսային Քորէայի դէմ, որոնք ուղղուած են չինացի եւ հիւսիսքորէացի անհատներու եւ հաստատութիւնների դէմ, կը յայտնէ Reuters։ Երկրորդային պատժամիջոցներով ԱՄՆ-ն կը պատժէ երրորդ կողմերուն, արդէն իսկ պատժամիջոցների տակ գտնուող երկիրներու կամ ընկերութիւններու հետ արգիլուած գործարքներ կատարելու համար։
Մտածե՛լ վաղորդայններու մասին, նայի՛լ մաշեցնող վէճերէ եւ պայքարներէ անդին: Այս ազգային քաղաքական իրաւ միտքի մեկնակէտ է, ո՛չ ամկարարութիւն է, ո՛չ երեւիլիապաշտութիւն, այլ՝ իրատեսութիւն:Կ’ըսուի փանթուրանիզմ, փանթիւրքիզմ: Այս բառերը պարզապէս կը նշանակեն թրքական ծաւալապաշտութիւն, որ թուրք մտաւորական Զիա Կոքալփի (1875-1924) կողմէ բանաձեւուած է, եւ կը միտի թրքախօս ժողովուրդները միացնել մէկ պետութեան մէջ՝…
Հայաստանի ծանրամարտի կանանց ազգային խումբի անդամ Լիանա Գիւրճեան դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր։ Ալպանիոյ Տուրրէս քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի Մ23 տարեկաններու ախոյեանութեան Լիանա Գիւրճեան բարձրացուց 95 քկ., 100 քկ., 102 քկ., 125 քկ., եւ 130 քկ.:
Սուրիոյ մէջ, 1970-ականներէն սկսեալ, աւելի քան կէս դար, երկրին նոր շրջաններու պատմութիւնը գրի առնուեցաւ անսակարկելի, անվիճելի ու խստօրէն անհակաճառելի հայեացքով մը, որ կը միտէր ներբողել, օրհնաբանել, գրեթէ աստուածացնել իշխող վեհապետը, զուգահեռաբար տարածելով անոր ղեկավարած քաղաքական հոսանքին,– ընկերվարական կուսակցութիւն մը ,– գաղափարախօսութիւնը` իբրեւ ՄԻԱ՛Կ ընդունելի դաւանանք…։ Դո՛ւք հաշուեցէք, թէ երկրի տարածքին…
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը յայտարարած է որ անգամ պիտի չմասնակցի նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն։ CBS News-ին տուած հարցազրոյցին ան յայտնած է թէ հանրապետականներուն եւ դեմոկրատներու միջեւ տարբերութիւնն այն է որ հանրապետականները ունին լաւ թեկնածուներ։ Ան չէ ուզած անուններ տալ։
Նոր քաղաքը դեռ անծանօթ էր իրեն։ Ամիսներու անգործութենէն վերջ, այստեղ տեղափոխուիլը եւ նոր գործ սկսիլը՝ միաժամանակ ուրախութիւն էր ու անհանգստութիւն։ Անկարգ փողոցներ, անծանօթ դիմագիծեր, անսովոր աւանդութիւններ… ամէն ինչ նոր էր։ Դժուար կը համակերպուէր այս քաղաքի աղմկոտ առօրեային։ Այդ օրերուն, երբ դեռ իր տեղը չէր գտած, փոստատան մէջ ընդունուիլը անսպասելի ուրախութիւն…
Պաքուի մէջ աւարտեր է ապօրինի կերպով պահուող 15 հայ գերիներու կեղծ դատավարութիւնը։ Մեղադրողները մինչեւ Նոյեմբեր 3 ժամանակ խնդրած են մեղադրական ճառը պատրաստելու համար, կը յայտնեն ատրպէճանական լրատուամիջոցները։Դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 3ին, որու ընթացքին մեղադրողները հանդէս կու գան մեղադրական ճառով, որմէ ետք ելոյթներ կ՛ունենան կեղծ մեղադրանքներով դատապարտուող հայ…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





