Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցած Gold International Classical Music Competition մրցոյթին, 17 տարեկան դաշնակահար Էտուարտ Արեւշատեան շահած է միջազգային հերթական մրցանակը, նուաճելով առաջին դիրքը։ Ան Երեւանի Չայքովսքիի անուան միջնակարգ մասնագիտական երաժշտական դպրոցի աշակերտ է։ Այս մրցույթը 12րդն է, որու ընթացքին ան հանդէո կու գայ եւ կը գրաւէ առաջատար դիրքեր։ Անոր նուաճումներու…
Մեզմէ անոնք, որոնք գիր-գրականութեամբ կը զբաղին ու օրուան հացին եւ շնչած օդին չափ կը կարեւորեն ու կը զգան հայերէնի պակասը, երբ պարագաներու բերումով, կը հեռանան հայատրոփ իրենց միջավայրէն, մայրենի լեզուի քնարերգութենէն ու հնչեղ երաժշտականութենէն: Եւ այդ սիրտ ճմլող պահերը յաճախ կը զուգադիպին այդ տագնապումներուն, երբ դէմ դիմաց կը գտնուինք սփիւռքահայու…
Արցախի հազարամեակներու հարուստ պատմութիւն ունեցող հայկական ժառանգութիւնը այսօր կանգնած է ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման սպառնալիքի տակ, յայտարարեր է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան։ Անոր խօսքով՝ ներկայիս աշխարհի մէջ մշակութային ժառանգութիւններու վրայ յարձակումներ աւելցած են, իսկ մշակութային ինքնութեան ժխտումը կը կիրառուի որպէս պատրուակ՝ հակամարտութիւններու սրացման եւ միջազգային կայունութիւնը խաթարելու համար։
ԵԱՀԿ-ն յոյսով է որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք ընտրուած Վրաստանի իշխանութիւնները հաշուի կ՛առնեն բոլոր առաջարկները եւ կը յաղթահարեն մարտահրաւէրները, յայտարարեր է ԵԱՀԿ յատուկ համակարգող Փասքալ Ալիզար, «եւ յոյսով եմ, որ իշխանութիւնները Վրաստանին կը մօտեցնեն այն նպատակներուն, որոնք կապուած են Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հետ», – աելցուցած է ան։
Հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան վրայ, Իրանը իրեն կը վերապահէ պատասխանելու Իսրայէլի կողմէ հասցուած հարուածին, յայտարարեր է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ «Իրանի ԱԳՆ–ն խստօրէն կը դատապարտէ սիոնիստական վարչակարգի գործողութիւնները Իրանի շարք մը ռազմական կեդրոններուն դէմ եւ զանոնք կը համարէ միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան բացայայտ խախտում», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։ Միւս կողմէ…
Ըմբշամարտի աշխարհի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան 125քկ։ ծանրութեան մեկնարկային մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լէովա Գէորգեանի եւ թուրք մարզիկ Հաքան Պույուքցինկիլի միջեւ ծեծկըռտուք տեղի ունեցած է, զոր դադրեցնելու համար միջամտած են իրաւարարները եւ մարզիչները։
Թուրքական մամուլը յայտնում է, որ Հոկտեմբերի 22-ին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Պահչելին խորհրդարանական խմբակցութեան նիստի ելոյթում հանդէս է եկել սենսացիոն յայտարարութեամբ. «Գլխաւոր ահաբեկչի (Քրտական բանուորական կուսակցութեան առաջնորդ Օճալանի) մեկուսացումը հանուած է: Թող նա աղաղակի, որ ահաբեկչութեանը լիակատար վերջ է տրուած, կազմակերպութիւնը (ՔԲԿ-ն) կազմալուծուած է: Եթէ նա նման իմաստնութիւն դրսեւորի, կը…
Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը տարբեր քաղաքներու մէջ ձերբակալած է արգիլուած Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան 176 անդամներ։ Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան յայտնած է թէ կատարուած խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած են թմրեցուցիչներ, զէնքեր, ինչպէս նաեւ Անգարայի մէջ TUSAS կեդրոնատեղիին վրայ կատարուած զինուած յարձակումը հաստատող փաստաթուղթեր: Յիշեցնենք որ Հոկտեմբեր 23ին Անգարայի մէջ TUSAS-ի կեդրոնատեղիի մուտքին տեղի…
Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ փոփոխութիւններ կատարել քաղաքացիութիւն ստանալու եւ քաղաքացիութենէն հրաժարելու գործընթացներուն մէջ։ 2023ի տուեալներով, քաղաքացիութեան դիմողներու թիւը 19 000 եղած է, իսկ 2024ի առաջին ինը ամիսներուն 16 060 դիմում ներկայացուած է նախարարութեան։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ Ներսիսեան Անկլիքան, Հին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային յանձնախումբի անդամներուն հետ հանդիպումին, կարեւորեր է քրիստոնէական եկեղեցիներու միասնական ջանքերը հայ ռազմագերիներու վերադարձի հարցով։ Վեհափառը անդրադարձած է Հայաստանի եւ հայրենազրկուած արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպես նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան անաղարտ պահպանման եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման խնդիրներուն։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





