Հայկական քաղաքական միտքը այսօր կանգնած է հիմնարար հարցումի մը դիմաց, որ այլեւս չի կրնար յետաձգուիլ կամ շրջանցուիլ՝ արդեօ՞ք տրամաբանական եւ արդարացի է, որ հայկական սփիւռքը ակնկալէ, թէ Հայաստանի մէջ 2026-ի Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերը իրենց ծրագիրներուն մէջ՝ հայաստանեան հարցերու կողքին, յստակ, համակարգուած եւ բովանդակային կերպով անդրադառնան նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող առանցքային հարցերուն։ Այս հարցումը պարզապէս ընտրական պահանջ չէ․ ան խորքին մէջ կը շօշափէ հայութեան համահաւաք գոյութեան տրամաբանութիւնը, անոր ներհակութիւնները եւ ապագայի տեսլականի գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը։

Սփիւռքը՝ իր պատմական ընթացքով, երբեք պարզ աշխարհագրական իրականութիւն մը չէ եղած։ Ան ձեւաւորուած է որպէս գոյապայքարի, ինքնութեան պահպանման եւ ազգային յիշողութեան փոխանցման կենսունակ համակարգ։ Այս իմաստով, սփիւռքը ոչ միայն «արտաքին» հայկական իրականութիւն մըն է, այլեւ հայութեան ամբողջականութեան անբաժանելի բաղադրիչը։ Հետեւաբար, անոր ակնկալիքները չեն կրնար ընկալուիլ որպէս միջամտութիւն, այլ պէտք է դիտուին որպէս համազգային պատասխանատուութեան բնական եւ օրինաչափ դրսեւորում։

Երբ կը դիտարկենք Հայաստանի քաղաքական դաշտը, յատկապէս ընտրական գործընթացներու ժամանակ, յաճախ կը նկատենք, որ համազգային օրակարգը կը նեղնայ՝ տեղի տալով կարճաժամկէտ ներքաղաքական շահերու։ Մինչդեռ այն հարցերը, որոնք կենսական են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ հայութեան համար՝ ինքնութիւն, կրթութիւն, պատմական արդարութիւն, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններ, չեն կրնար մնալ ընդհանուր ու վերացական ձեւակերպումներու մակարդակին վրայ։ Անոնք կը պահանջեն յստակ ծրագիրներ, իրականացման մեքանիզմներ եւ չափելի արդիւնքներու ուղղուած ճանապարհային քարտէզներ։

Սփիւռքի ակնկալիքը այստեղ կը դառնայ ոչ թէ պահանջատիրական, այլ՝ կառուցողական։ Ինչպէս արդէն բազմիցս նշուած է սփիւռք–հայրենիք յարաբերութիւններու վերաբերեալ քննարկումներուն մէջ, «Սփիւռքը չի կրնար դիտարկուիլ պարզապէս որպէս նիւթական աջակցութեան աղբիւր, այլ պէտք է դառնայ լիարժէք գործընկեր համազգային նշանակութեան հարցերու լուծման մէջ»։ Այս սկզբունքը, եթէ լրջօրէն որդեգրուի, անմիջապէս կը փոխէ հարցադրումը․ սփիւռքը ոչ միայն իրաւունք ունի ակնկալիքներ ունենալու, այլեւ պարտականութիւն ունի զանոնք ձեւակերպելու եւ պահանջելու։

Սակայն խնդիրը այստեղ երկկողմանի է։ Մէկ կողմէ՝ Հայաստանի քաղաքական ուժերը յաճախ չեն ներկայացներ համահայկական ընդգրկում ունեցող ծրագիրներ, իսկ միւս կողմէ՝ սփիւռքը ինք միշտ չէ, որ կը յաջողի ձեւակերպել իր ակնկալիքները համադրուած, ռազմավարական եւ ազդեցիկ ձեւով։ Այս երկկողմանի թերացումը կը ստեղծէ այնպիսի վիճակ մը, ուր սփիւռքը կը մնայ կամ կրաւորական դիտորդ, կամ՝ զգացական արձագանգներու սահմաններուն մէջ գործող դերակատար։

Արդի պայմաններուն մէջ այս կեցուածքը այլեւս անընդունելի է։ Ինչպէս որ ժամանակ առ ժամանակ եւ այլ առիթներով նշած եմ իմ դիտարկումներուս մէջ, սփիւռքը չի կրնար պարզ ու կրաւորական դիտող մնալ, այլ պէտք է ըլլայ գործօն մասնակից այն ամէնուն, ինչ որ կը պատկանի հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ ազգային ինքնութեան։ Այս միտքը կեդրոնական է․ սփիւռքը, եթէ կ՚ուզէ պահպանել իր կենսունակութիւնը, պէտք է դուրս գայ միայն արձագանգողի դիրքերէն եւ դառնայ օրակարգ ձեւաւորող ուժ։

Հետեւաբար, հարցը այլեւս այն չէ, թէ սփիւռքը իրաւունք ունի՞ ակնկալիքներ ունենալու։ Հարցը այն է, թէ ի՞նչ որակի եւ ի՞նչ ձեւի ակնկալիքներ պէտք է ունենայ։ Արդեօք ան պէտք է բաւարարուի ընդհանուր յայտարարութիւններով, թէ՞ պէտք է պահանջէ յստակ քաղաքական պարտաւորութիւններ՝ որոշակի ժամկէտներով եւ պատասխանատուութեան մեքանիզմներով։

Այս հարցին պատասխանելու համար անհրաժեշտ է նախ սահմանել այն հիմնական ոլորտները, ուր համազգային օրակարգը յստակեցում կը պահանջէ․

  1. Ինքնութեան հարցը՝ Հայկական ինքնութիւնը այսօր կը գտնուի բազմակողմանի ճնշումներու տակ՝ աշխարհաքաղաքական, մշակութային եւ գաղափարական։ Սփիւռքը իր բնոյթով եղած է այս փոփոխուող ինքնութեան պահպանման գլխաւոր յենասիւններէն մէկը։ Հետեւաբար, ան լիարժէք իրաւունք ունի պահանջելու, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերը ներկայացնեն յստակ ռազմավարութիւն՝ ուղղուած ազգային ինքնութեան պահպանման, զարգացման եւ վերաիմաստաւորման։ Ասիկա պէտք է ներառէ լեզուական ու մշակութային քաղաքականութիւն եւ կրթական համակարգի համապատասխան բարեփոխումներ։
  2. Կրթութեան հարցը՝ Սփիւռքի փորձառութիւնը այստեղ անգնահատելի է։ Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքեան համայնքները ստեղծած են կրթական համակարգեր, որոնք ոչ միայն փոխանցած են լեզու եւ մշակոյթ, այլեւ ձեւաւորած են ազգային ինքնագիտակցութիւն։ Հայաստանի քաղաքական ուժերը պարտաւոր են ներկայացնել, թէ ինչպէ՞ս պիտի ամբողջարկեն այս փորձառութիւնը ազգային կրթական ռազմավարութեան մէջ։
  3. Պատմական արդարութեան հարցը՝ Այս հարցը երկար տարիներ եղած է սփիւռքի պայքարի առանցքը։ Սակայն վերջին շրջանին կը նկատուի անոր որոշակի նահանջը ներհայաստանեան խօսոյթին եւ յատկապէս՝ իշխանական շրջանակներու մէջ։ Սփիւռքը այս պարագային ունի ոչ միայն իրաւունք, այլեւ պարտականութիւն պահանջելու յստակ դիրքորոշումներ եւ գործնական քայլեր՝ ուղղուած պատմական արդարութեան միջազգային ճանաչման եւ իրաւականացման։
  4. Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները՝ Այստեղ խնդիրը ոչ միայն համագործակցութեան խորացումն է, այլեւ անոր հաստատութենականացումը (institutionalization): Առանց այս մօտեցումին, բոլոր յայտարարութիւնները կը մնան դատարկ հռչակագրեր։ Սփիւռքը պէտք է պահանջէ մասնակցային կառավարման յստակ նախատիպ՝ խորհրդակցական մարմիններու եւ որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ իր դերակատարութեան ամրագրումով։

Չենք կրնար անտեսել այն իրողութիւնը, որ այս բոլոր ոլորտներուն մէջ սփիւռքի ակնկալիքները կրնան արդարացի ըլլալ միայն այն պարագային, երբ ինք կը դառնայ պատասխանատու դերակատար։ Այստեղ կը հասնինք խնդրի ամենազգայուն կէտին՝ սփիւռքի ինքնակազմակերպման ճամբով վերաշխուժացման հարցին։

Սփիւռքը երկար տարիներ գործած է որպէս «բաղկացուցիչ տարր», սակայն յաճախ՝ առանց սեփական օրակարգի յստակ ձեւակերպման։ Ասիկա ստեղծած է հակասական կացութիւն մը, ուր սփիւռքը միաժամանակ կը ձգտի ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի վրայ, բայց չունի այդ ազդեցութիւնը իրագործելու անհրաժեշտ լծակները։ Այս պարագային, ակնկալիքները կրնան վերածուիլ ինքնախաբէութեան, եթէ չուղեկցուին կազմակերպուած ուժով եւ ռազմավարական մտածողութեամբ։

Հետեւաբար, սփիւռքի՝ ակնկալիքներ ունենալու իրաւունքը անմիջապէս կը կապուի այդ ակնկալիքները քաղաքական օրակարգի վերածելու իր կարողութեան։ Առանց այս կարողութեան, ակնկալիքները կը մնան բարոյական մակարդակի վրայ եւ չեն դառնար գործնական ուժ։

Այս հակիրճ քննարկումէն կը բխի մէկ հիմնական եզրակացութիւն․ սփիւռքը իրաւունք ունի ակնկալիքներ ունենալու, բայց այդ իրաւունքը չի բխիր միայն պատմական իրողութիւններէ կամ բարոյական դիրքերէ։ Ան կը բխի այն չափէն, որքանով սփիւռքը պատրաստ է գործելու որպէս ինքնուրոյն, կազմակերպուած եւ ռազմավարական մտածողութեամբ առաջնորդուող ուժ։

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի քաղաքական ուժերը չեն կրնար շարունակել անտեսել այս իրականութիւնը։ Անոնք պէտք է գիտակցին, որ համահայկական օրակարգը այլեւս շռայլութիւն չէ, այլ՝ գոյաբանական անհրաժեշտութիւն։ Առանց այս օրակարգին, Հայաստանի քաղաքական գործընթացները կը մնան կիսատ ու սահմանափակ՝ զրկուած համաշխարհային հայկական ներուժէն։

Աւարտին, հարցումը կը վերադառնայ իր սկզբնական ձեւակերպումին, բայց արդէն նոր իմաստով․ սփիւռքը իրաւունք ունի՞ ակնկալիքներ ունենալու։ Այո՛, ունի։ Բայց աւելի կարեւոր հարցը հետեւեալն է՝ սփիւռքը պատրաստ է՞ այդ ակնկալիքները վերածելու քաղաքական պահանջի, ռազմավարական ծրագրի եւ կազմակերպուած գործողութեան։

Եթէ պատասխանը այո՛ է, ապա սփիւռքը ոչ միայն իրաւունք ունի ակնկալիքներ ունենալու, այլեւ պիտի դառնայ այն ուժը, որ կը ձեւաւորէ համահայկական ապագան։ Իսկ եթէ ոչ, ապա ակնկալիքները պիտի շարունակեն մնալ բարոյական հնչեղութիւն ունեցող, բայց գործնական ազդեցութիւն չունեցող կոչեր։

Ընտրութիւնը, ի վերջոյ, սփիւռքինն է։

Մուրատ Մանուկեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ