
Վերջերս, Փղոսկրեայ Ափունքի մայրաքաղաք Ապիճանի կեդրոնական փողոցներէն մէկը կոչուեցաւ ծնունդով լիբանանահայ, Ափրիկեան եւ Եւրոպական ցամաքամասերուն մէջ վարսայարդարի տարածուն համբաւ մը ստեղծած Կարօ Հացպանեանի անունով:
Սա ափրիկեան այդ երկրի կառավարութեան կողմէ շնորհուած հազուագիւտ եւ խորիմաստ մեծարում մըն է, որ պաշտօնապէս կը վաւերացնէ պարոն Հացպանեանի տասնամեակներու ներդրումը երկրի մշակութային կեանքին մէջ։
Առիթը ունեցայ քանի մը անգամ հանդիպելու պարոն Հացպանեանին հետ, Պուրճ Համուտի իր ծնողական բնակարանին մէջ, զրուցելու համար իր գործունէութեան եւ անցած կեանքի ճանապարհին մասին, զոր արտակարգ որակելը կը թուի քիչ։
Նախ եւ առաջ, Կարօ Հացպանեանի կեանքը ցոյց կու տայ, թէ տաղանդին միացած հաստատակամութիւնը, կարգապահութիւնը եւ աշխատանքին նկատմամբ կիրքը որքան հեռու կրնան տանիլ մարդը` իրագործումներու աստիճաններն ի վեր: Պուրճ Համուտի խճողուած փողոցներէն՝ Կիլիկիա թաղամասէն մինչեւ Ապիճանի գեղեցկութեան սրահները եւ Փարիզի փառատօներու դահլիճները, պարոն Հացպանեանին պատմութիւնը կը բացայայտէ ճամբորդութիւն մը՝ կերտուած հետաքրքրութեան, նուիրումի եւ մշտապէս զարգանալու ձգտումին մէջ։ Ասիկա կը կազմէ դիմանկարը երիտասարդ վարպետի մը, որ իր արհեստ-արուեստը վերածեց միջազգային յաջողութեան եւ վաւերական փառքի:
Կարոն մեծցած է Պուրճ Համուտի մէջ` թաղամաս մը, որ յայտնի է իր ընկերային իւրայատուկ ոգիով, հայկական ցայտուն նկարագիրով եւ արհեստագործական հարուստ եւ բազմերես աւանդոյթներով։ Բազմաթիւ արհեստաւորներ, երբեմն` ընտանեօք, կը գործէին այնտեղ, իրենց ձեռքերով ու շնորհքով ստեղծելով, վերանորոգելով եւ կատարելութեան հասցնելով իրենց արհեստները։ Աշխատանքին հանդէպ նուիրումն ու ճշգրտութիւնը, պարտաճանչութիւնն ու ծառայասիրութիւնը մարդոց կենցաղին մաս կը կազմէին հոն։
Կարօ իր դպրոցական ուսումը սկսաւ տան մօտակայ Մեսրոպեան հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ, ապա յաճախեց Էշրէֆիէի Սէն Կրէկուար քոլեճը. ան յատկապէս կը փայլէր լեզուներուն մէջ։ Սակայն նիւթական դժուարութիւնները ստիպեցին զինք ընդհատելու ուսումը։ Անոր եղբայրները արդէն իսկ յարգուած վարսայարդարներ էին Պէյրութի մէջ։ Իր մեծ եղբօր` Սիմոնին միջոցով ան փոքր տարիքէն ծանօթացաւ կնոջ վարսայարդարութեան գործին, գրաւուեցաւ անոր պերճանքով եւ արուեստի կախարդանքով, հմտացաւ արհեստի նրբութիւններուն մէջ եւ ուսումնասիրեց յաճախորդին հետ վարուելու եւ մասնագիտական յարաբերութիւններու մշակոյթը։ Այն բոլորը ինչ որ Կարոն այդտեղ տեսաւ, խոր տպաւորութիւն ձգեց անոր վրայ եւ ձեւաւորեց անոր մասնագիտական ըմբռնումը։ Հացպանեան կ’ըսէ. «պզտիկ տարիքէս այս գործին մէջ եփուեցայ»:
Մանկութենէն Կարօ բնական հետաքքրքրութիւն մը ցոյց տուած է մազի յարդարումի ոճական կողմին նկատմամբ։ Ան ուշադիր կը դիտէր շրջապատը եւ իրերը, կը կատարէր զանազան փորձարկումներ եւ արագօրէն կը գիտակցէր, որ վարսայարդարումը միայն արհեստ չէ, այլ նաեւ արտայայտման ձեւ մը` արուեստի յատկանիշներով: ԱՆ կը վկայէ, որ շրջապատը մեծապէս սնուցեց իր տաղանդը, որպէսզի անիկա հետագային բացայայտուի եւ իրացուի լիուլի:
Լիբանանէն հեռանալէն առաջ, Կարօ գործած է Պէյրութի զանազան սրահներուն մէջ։ Վաթսունականներու Պէյրութը աշխոյժ եւ բազմազան քաղաք մըն էր, ուր կը հանդիպէին տարբեր միջավայրերէ եկող մարդիկ։ Ռաուշէէն մինչեւ Ռամլէթ-Էլ-Պայտա եւ Զէյթունէ, ան դէմ յանդիման կու գար զանազան ճաշակներու, նկարագիրներու, ակնկալութիւններու եւ պատմութիւններու, կ’ապրէր խայտաբղէտ փորձառութիւններ եւ անոնցմէ շատ բան կը սորվէր։
Այս փորձառութիւնները արագ մեծցուցին զինք։ Ան սորվեցաւ յարմարիլ իւրաքանչիւր անձի, հասկնալ, թէ որ ոճը համապատասխան է անոր եւ իրականացնել իւրաքանչիւր յաճախորդի համար մասնայատուկ տեսք մը, որ կ’արտացոլացնէ անոր անհատականութիւնը։ Ան կը գիտակցէր յաճախորդի սպասումներուն ուշադրութեամբ ունկնդրելուն կարեւորութիւնը եւ ճշգրտութեան արժէքը։ Սրահէ սրահ` ան կը կատարելագործէր իր արհեստը եւ կը լայնցնէր իր ստեղծագործական հորիզոնները։Այս բոլորը պարգեւեցին իր հանդէպ վստահութիւն։
1968 թուականին, Կարոն կ’աշխատէր «Լիպերիլթ» պանդոկին մէջ, որ կը գտնուէր Պէյրութի ամենաշքեղ շրջաններէն մէկուն՝ Զէյթունիէյի մէջ: Այդ տարիներուն Զէյթունիէ ճանչցուած էր որպէս «Լիբանանի Լաս Վեկասը»: Այդտեղ՝ գիշերային կեանքի, քապարէներու, «Սէն Ժորժ» եւ «Ֆենիսիա» պանդոկներուն ու առասպելական «Cave du Roi»-ին մթնոլորտին մէջ, Կարօ հասկցաւ, որ վարսայարդարութիւնը կրնար վերածուիլ բեմի մը վրայ արուեստի ներկայացման։ Յետոյ, օր մը, հեռաձայնի զանգ մը փոխեց անոր կեանքը. զանգին պատասխանելով, ան իմացաւ, որ իր նախկին վարպետներէն մէկը միակողմանի տոմս մը գնած է անոր համար դէպի Ապիճան, Փղոսկրեայ ափունք՝ Քոթ Տիվուար։ Կարօ տակաւին չէր բոլորած 18 տարեկանը, ունէր միայն մէկ ճամպրուկ եւ պարտականութեան զգացում մը, որ կ՚ուղղէր իր ընթացքը։
Երբ Կարօ ժամանեց Ապիճան վաթսունականներու վերջաւորութեան, քաղաքը լի էր աշխուժութեամբ, լաւատեսութեամբ եւ մշակութային բազմազանութեամբ։ Քոթ Տիվուարը արագ կը զարգանար եւ անոր մայրաքաղաքը դարձած էր նորաձեւութեան, արդիականութեան եւ միջազգային փոխանակումներու կեդրոն։ Այս միջավայրը զինք ներշնչեց։
Կարօ մեծ յարգանքով, հետաքրքրութեամբ եւ պատասխանատուութեան մեծագոյն զգացումով մօտեցաւ այս նոր փուլին։ Ան ուշադիր էր տեղական մշակոյթին, նորաձեւութեան հոսանքներուն եւ իր յաճախորդներու սպասումներուն։ Ան սորվեցաւ նոր գեղարուեստական կատարումներ, յարմարեցաւ նոր պայմաններուն եւ ստեղծեց ոճեր, որոնք միաժամանակ կը խօսէին անոր արուեստագիտական արմատներուն եւ Քոթ Տիվուարի կնոջ ճաշակին մասին։
Երկու տարի աշխատելով նախկին վարպետին նորաբաց սրահին մէջ, ան որոշեց անձնական սալոն մը բանալ: Շուտով սրահը մեծ համբաւ ձեռք բերաւ։
Յաճախորդները կը գնահատէին ոչ միայն երիտասարդ վարսայարդարին վարպետութիւնը, այլ նաեւ՝ այն հանգիստ, ջերմ եւ գեղեցիկ մթնոլորտը, որուն մէջ կը կատարէր իր աշխատանքը։ Անոր համբաւը կ՛աճէր բնական կերպով, բերնէ բերան եւ յաճախորդներուն հաւատարմութեամբ։ Ապիճանը անոր բեմ մը մատուցեց, եւ Կարօ այդ առիթին պատասխանեց վարպետութեամբ։
Կարոյի փորձառութիւնը հետզհետէ աւելի ու աւելի աճեցաւ, եւ ան ձեռք բերելով նոր փորձառութիւններ, փափաքեցաւ սահմանները աւելի ընդարձակել։ Ան կանոնաւոր կերպով սկսաւ ճամբորդել Փարիզ՝ մասնագիտական վերապատրաստումներու համար։ Հոն՝ L’Oréal-ի, Wella-ի նման ակադեմիաներու մէջ, կատարելագործեց իր արհեստ-արուեստը եւ ծանօթացաւ նոր հոսանքներու, որոնք հետագային հետը պիտի տանէր Ապիճան։
Ֆրանսան նաեւ բացաւ անոր առաջին միջազգային մրցումներու մասնակցելու դուռը։ Երբ Կարօ Փարիզի մէջ որպէս հանդիսատես գացած էր վարսայարդարութեան մրցոյթի մը, պատահմամբ կը ծանօթանայ Պերնարտ Էմիրեանին, որ Ֆրանսայի արհեստավարժ վարպետներու մրցանակակիր էր (meilleur ouvrier): Էմիրեան կը քաջալերէ զինք եւ կը ներգրաւէ Ֆրանսայի տարբեր արուեստագիտական խմբակներուն մէջ։ Այնտեղ կը պահանջէին ծայրայեղ ճշգրտութիւն, արագութիւն, ստեղծագործական բացառիկ ընդունակութիւն եւ վստահութիւն։ Կարօ ունէր այս բոլորը։
Տարիներու ընթացքին ան շահեցաւ բազմաթիւ մրցանակներ, ինչպէս՝
● 1978 – «Lauréat de Paris», Hôtel Hilton,
1980 – Coupe de Paris, Palais de Chaillot, Paris
● 1981 – Coupe d’Europe, Ոսկէ Մետալ՝ Քոթ Տիվուարի համար
● 1981 – Distinction de Médaille, Mérite Ivoirien
● 1982 – Coupe du Monde, Ոսկէ Մետալ՝ Քոթ Տիվուարի համար
● 1984 – Oscar de la Réalisation Artistique, Palais du Festival, Cannes
● 1988 – Palme d’Or եւ Oscar de la Paix, Cannes (Grand Gala)
● 1990 – IBS International Beauty Show, New York, Javits Jacob Center
● 1995 – Médaille Officer de Santé
Այս ձեռքբերումները զինք դասեցին աշխարհի երեւելի վարսայարդարներու շարքին մէջ։ Բայց աւելի կարեւորը՝ անոր տաղանդը հասանելի դարձաւ Լիբանանի ու Քոթ Տիվուարի սահմաններէն անդին եւ միջազգային արձագանգ ունեցաւ։
Մրցումներէն անդին, Կարօ այլ կերպով ալ կեդրոնական մշակութային դէմք մը դարձաւ Քոթ Տիվուարի մէջ։ Ան մասնակցեցաւ ազգային նախաձեռնութիւններու, ներառեալ առաջին Miss Côte d’Ivoire մրցոյթներու կազմակերպման՝ նպաստելով, որ երկիրը առաջին անգամ ներկայանար Miss World եւ Miss Universe մրցումներուն։
Անոր համբաւը զինք հասցուց դառնալու նախագահ Ֆէլիքս Ուֆուետ-Պուանիի անձնական վարսաւիրը՝ դեր մը, որ կը պահանջէր բարձր չափանիշներ, լռութիւն եւ վստահութիւն։ Անոր այս մակարդակի աշխատանքը կը խօսէր թէ՛ մեծ վարպետութեան, թէ՛ երկրի նկատմամբ անոր խոր յարգանքին եւ թէ իր նկատմամբ անվերապահ վստահութեան եւ համարումին մասին։ Այդ տարիներուն Կարոն նաեւ դարձաւ Քոթ Տիվուարի բազմաթիւ այլ հանրային, մշակութային եւ քաղաքական գործիչներու վարսաւիրը։
1984ին Կարօ պաշտօնապէս դարձաւ Քոթ Տիվուարի քաղաքացի։ Այս քայլը իմաստալից էր՝ նշանաւորեց կապ մը, որ արդէն հիւսուած էր տարիներու աշխատասիրութեամբ եւ նուիրումով։
Ժամանակի ընթացքին ան ընդարձակեց իր գործունէութիւնը՝ մուտք գործելով գեղեցկագիտական արտադրութեան աշխարհ։ Ան ստեղծեց GARO մազի մասնագիտական խնամքի նիւթերու արտադրութեան ընկերութիւնը եւ ապա G&G մաշկի խնամքի նիւթերու ապրանքանիշը։ Երկուքն ալ կը պատրաստուէին Քոթ Տիվուարի մէջ եւ կը տարածուէին միջազգային շուկաներ՝ Ֆրանսա եւ Ափրիկան եւ Եւրոպական շարք մը երկիրներ:
Կարօ նաեւ ունէր երկու վարդսայարդարման սրահներ Փարիզի մէջ։ Անոնք դարձան արուեստի, ուսուցման եւ արտադրութեան բաժանման կեդրոններ՝ միաձուլելով ափրիկեան ոճը եւ եւրոպական արուեստի հմտութիւնը։
Կարօ Հացպանեանի պատմութեան մէջ ամենէն յստակն ու ակնառուն կը մնան անոր տեսլականի մաքրութիւնն ու հետեւողականութիւնը։ Ան կը հաւատար կրթութեան շարունակականութեան եւ ազնուագործ աշխատանքին՝ իր արհեստին հանդէպ խոր սիրոյ եւ յարգանքի զգացումներով։ Պուրճ Համուտի համեստ թաղամասէ մը մինչեւ Ապիճանի եւ Փարիզի միջազգային բեմերը, անոր ճանապարհը ցոյց կու տայ, թէ ինչի կարելի է հասնիլ, երբ տաղանդը կը միանայ կարգապահութեան հետ։
Այսօր, անոր անունն ու պատմութիւնը պէտք է ներշնչէ նոր սերունդը, յատկապէս Լիբանանի մէջ,որ կ՛անցնի տագնապալի ժամանակներէ։ Անոր յաջողութիւնը կը յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւր գործ, արհեստ, արուեստ կամ մասնագիտութիւն՝ երբ սրտով ու հոգիով կը կատարուի, կրնայ դառնալ ամենաանսպասելի եւ անհաւանական թուացող պատմութեան մը սկիզբը: Եւ այսօր, երբ Ապիճանի մէջ փողոց մը կը կրէ Լիբանանահայ Կարօ Հացպանեանի անունը, այս պատմութիւնը իր տեղը կը գտնէ ո՜չ միայն բոլոր անոնց յիշողութեան մէջ, որոնք լսած են զինք, ինչպէս ես ունեցայ բախտը՝ լսելու զինք, այլ նաեւ այն հսկայ քաղաքի քարտէսին վրայ, զոր ան մեծապէս ձեւաւորեց իր տաղանդով եւ աշխատանքով, եւ որ մեծապէս ձեւաւորեց զինք՝ փոխադարձաբար։
Էտուարտ Թաշճեան
Զարթօնք







Մեկնաբանէ