Իսրայէլեան օդանաւերը ռմբակոծած են Լիբանանի հարաւային բնակավայրեր, կը յայտնէ Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA): 

Հիմնական թիրախներ եղած են Թապնա եւ Պնաաֆուլ գիւղերը, Թաֆահթա եւ ալ-Պայսարիա գիւղերու յարակից տարածքները։ Իսրայէլեան օդանաւերը հարուածած են նաեւ Ժըզզինի շրջանը։ 

Իսրայէլեան բանակին համաձայն, ռմբակոծումները թիրախ ընտրած են «Հըզպալլահ»-ի անդամներուն համար նախատեսուած մարզական դասընթացներու համար օգտագործուող կեդրոնները։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ