«Մեզ ելք չեն թողել: Մենք պիտի դուրս գանք ինքնամոռաց պայքարի»

Սերժ Սրապիոնեան (գրականագէտ, 1957-2024)

«Մեզ ելք չեն թողել»… Իրաւի Խօսք: Պոռթկումը գրականագէտ, ներհուն եւ յանդուգն մտաւորական Սերժ Սրապիոնեանի, հայ մարդ՝ որուն հետ ըլլալ հարստացում էր, յոյսի եւ միացման խոստումի տարիներուն, երբ ան Սփիւռքի փոխ-նախարար էր: Նախարարութիւն՝ որ «ներսի եւ դուրսի» միջեւ փոխճանաչման  կամուրջ էր, որ հիմա չկայ:
Նօթերուս մէջ արձանագրած էի իրատես հայրենատէր մտաւորականի սրտի խօսքը, որ կը ձուլէ պատմութիւն, պարտքի գիտակցութիւն եւ անսեթեւեթ յանձնառութիւն, Ազգի ներկայի եւ գալիքի ըմբռնում, տարբեր՝ քաղաքական եւ մտաւորական հանգամանաւորներու աւուր պատշաճի իմաստութիւններէն:  Տարբեր՝ խորքով եւ բացած հորիզոնով:
Եթէ թափանցուինք ըսուած միտքով, զայն  իւրացնենք, էջ մրոտելու եւ խօսափող զբաղեցնելու, համաժողովներու եւ  երթեւեկներու կարիք չի մնար:
Արդարեւ, մեր ժողովուրդը առաջնորդած են անելի, այդ եղած է նաեւ մեր մեղսակցութեամբ, ինչպէս ըսաւ հայ ակադեմիկոս մը, որ «մենք ալ մեր մեղքի բաժինը ունենք»:
«Մեզ ելք չեն թողել»… միտքը  հասկնալ, ինչպէս իմաստասէր մը ըսած է,՝«մերկ միամիտ հոգիով»:
Ազգովին փակուղիի մէջ ենք: Սերժ Սրապիոնեան ցոյց կու տայ ելքի ուղին՝ որ ինքնամոռաց պայքարն է:
Հայը, եթէ իրատեսութեամբ չհասկնայ, որ իր Ազգը եւ իր Հայաստան Հայրենիքը փակուղիի  մէջ են, հաշտուած կ’ըլլայ այն կացութեան հետ, որ ինք այլեւս պատմութեան մէջ չէ, շարունակութիւն չէ: Ինքզինք յարգող հայը, տիտղոսաւոր, հանգամանաւոր, համեստ շարքային, հանելով սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութեան քուրջը, կը դադրի՞ համայնքային թիթեռնիկի թեւերով եւ տօնածառի քթթող լոյսերով խաղալէ, կը սեւեռէ՞ ի՛ր պատմութիւնը եւ կացութիւնը, որպէսզի գիտնայ, թէ ո՞վ եւ ի՞նչ է ինք որպէս մարդ ներկայացողներու խումբին մէջ:
Ի՞նչ կ’ըսեն պատմութիւնը եւ քարտէսները: Ո՞ւր է պատմութեան մէջ յիշուած ՀԱՅ ԱԶԳը, որուն մաս ենք, իրողապէս կամ յուշերով: Ո՞ւր է  ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ: Ո՞ւր են եւ ի՞նչ են հայերը:
Կը յիշուին հայկական թագաւորութիւններ, անոնք ունեցած են հայ բնակչութեամբ քաղաքներ, հայաբնակ տարածքներ, ընկերային եւ քաղաքական կեանք, մշակոյթ: Պատմութեան վկայութինը երեւակայական հնարանք չէ: ՀԱՅԱՍՏԱՆ կոչուած աշխարհին  մէջ ապրած են, աշխատած եւ ստեղծագործած են բնիկներ, որոնք հայ էին, այդպէս ճանչցուած էին: Ո՞ւր են անոնք, ի՞նչ եղած են իրենց բնակած տարածքները, որոնք իրենց հայրենիքն էին, ուր կան անոնց ստեղծագործ կեանքի հետքերը: Հայ եւ Հայաստան  կը յիշուին հեռուի եւ մօտի ազգերու պատմութեան մէջ: Այդ տարածքներու բնիկ ժողովուրդը փոխարինուած է ներխուժողներով: Օրէնքէ եւ սկզբունքէ ճառող քաղաքակիրթ (՞ ՞ ՞ ) մարդկութիւնը, բարոյականանալու եւ յանուն արդարութեան որոշումներ կայացնելու ինքնիրեն իրաւունք շնորհելու համար, պէտք է գիտնայ,  թէ Հայաստան կոչուած աշխարհին մէջ ե՞րբ յայտնուած են թուրքը եւ ազերին: Անոնք ինչպէ՞ս ներկայութիւն դարձած են եւ ուրիշի հայրենիքը իրենց հայրենիք դարձուցած:
Ամպագոռգոռ անուններով  օրէնք-իրաւունքի միջազգային պահակները երբեք չեն խօսած եւ չեն խօսիր հայերու կառուցած եւ անոնց կողմէ բնակուած քաղաքներու մասին, ուր  հիմա հայեր չկան: Չեն ըսեր թէ ինչո՞ւ անոնք հոն չեն, հոն չկան:
Ո՞ւր են հայկական քաղաքները եւ անոնց հայ չնակիչները: Կան անոնց աւերակները, կամ անոնք ունին տարբեր անուններ եւ նոր անունով բնակիչներ:
Գրեթէ վերացական դարձած ժողովուրդ ենք, մեր հայրենիքը օտարուած է եւ կը շարունակէ օտարուիլ, երէկ՝ Վան, Մուշ, Սասուն, Անի, Կիլիկիա: Մեր օրերուն օտարուեցան Շուշին, հայկական Նախիջեւանը եւ Արցախը: Կ’օտարեն հայկական հետքը. եկեղեցի, կոթող, ինքնութիւն: Վերացական տարտղնուած ժողովուրդ, որ բնակիչ է նորանուն իրեն չպատկանող կայքերու: Աւելի ճիշդ՝ կացարաններու:
Յափշտակած են հայու կենսատարածքը, եւ կը շարունակեն յափշտակել: Յուշ եւ մխիթարական պարգեւ է, Ռաֆայէլ Իշխանեանի սահմանումով «հողակտոր»-ը, փոքրացած տարածք մը, զոր կը ծուատեն: Բռնագրաւողները հայու վերջին ապաստան տարածքին համար կ’ըսեն «Արեւմտեան Ատրպէյճան»: Ինչպէս որ Թուրքիա են Անին իր պարիսպներով եւ հայ քրիստոնեայի կառուցած եկեղեցիներով, Վանը եւ անոր ծովակին վրայ կառուցուած դեռ կանգուն վկայ տաճարը: Այդ քարերու մրմունջը լսող չկայ: Արդարութիւն եւ համակեցութիւն անլսելի փուճ աղմուկ են:
Ո՞ւր փնտռել ցեղասպանութեան ճանաչումներու աղմուկի հետեւանքները, Խաղաղութեան Վեհաժողովներու վճիռները, «մեծեր»ու յանկերգ շողոմ ճառ ու խօսքերը, խոստումները, գծած քարտէսները, որոնց համար հայերը, ուր ալ զարկած ըլլան իրենց վրանները երախտագիտւթեան հանդէսներ կը կազմակերպեն: Խաղի վերջին դիպաշարը «Զանգեզուրի միջանցք»-ն է, նոր արարը հայկական կենսատարածքի առեւանգման, որուն համար հայը շնորհակալ պէտք է ըլլայ, քանի որ ըսին, թէ ան խաղաղութիւն պիտի բերէ: Խաղաղութի՞ւն, թէ՞  դէպի Արեւմտեան Ատրպէյճան տանող մայրուղի:
Ֆրանսացին կ’ըսէ «marché de dupes»՝ խաբեմ-խաբեսի փերերեզակային առեւտուր՝ զոր  կը պարտադրեն եւ կ’ընդունինք: Հանդիսատես ենք ինքնիշխան Հայաստանէն  «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուած տարածքի օտարումին: Կանգ չեն առներ օտարումները: Արդէն ըսին, որ Հայաստանի բազմաթիւ բնակավայրեր թրքական անուններ ունին: Կը հասկնա՞նք ըսուածի նպատակը:
Այս հարցերու մասին երբ մտածենք եւ  կացութիւնը չդիտենք մատներու արանքէն, եթէ ներսի եւ դուրսի քաղաքական աճպարարները մեզ ոտքի չեն քնացուցած, կրնա՞նք չհասնիլ Սերժ Սրապիոնեանի ազգայյին-քաղաքական  անճապկում եզրակացութեան, որ «մեզ ելք չեն թողել»…
Հաստատում՝  որ իր հայրենիքի եւ իր գոյութենական խնդրին առջեւ կը կանգնեցնէ հայը, եթէ սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութիւնը զինք չէ փտեցուցած եւ չէ այլասերած:
Արդ, «համաշխարհային» ազգը ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ «մեզ ելք չեն թողել»: Կը մտածե՞նք, մտածա՞ծ ենք ելքի եւ ելքերու մասին:
Ելք եւ ելքեր՝դէպի ո՞ւր, ի՞նչ ընելու համար: Ո՞վ կամ որո՞նք խափանած են եւ կը խափանեն ելքերը:
Եթէ Ազգին առջեւ «ելք չեն թողել», պարտութեան հետ  հաշտուած հայերը գտած են ելքեր, որոնք կը տանին իրենց հայրենիքէն դուրս տարբեր աշխարհներ, հիւսիս, հարաւ, արեւելք, արեւմուտք, միշտ իրենց «համաշխարհային ազգ»ի սնափառութեան ուսապարկով:
Դեռ կը խօսինք, խօսողներ կան, էջ մրոտողներ, որոնք Շուշի, Հատրութ, Ստեփանակերտ կը հոլովեն, կ’երգեն, յուզումներու առեւտուր կ’ընեն: Ո՛չ ոք կը յիշէ Վան, Մուշ, Սասուն, Զէյթուն, Սիս, Ատանա, Անի, Խարբերդ..: Մինչեւ Լուիզիանա պէտք է երթալ իմանալու համար, որ հայուն Հաճըն քաղաքը յիշողներ կան:
Հիմա կան Նոր Զելանտա, Ալմելօ, Բելգիա, Նետերլէնտ, Լոս:
Հայերը գտա՞ծ են ելք՝ հասնելու համար նաեւ Կրէոնլէնտ…
Երբ Սերժ Սրապիոնեան կ’ըսէ «մեզ ելք չեն թողել», կը մտածէ նախահայրերու կտակած հայրենիքի տիրութեան տանող ելքի մասին: Հայը կարծէք դադրած է դէպի իր ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՏԱՆ ճամբու ելքը:
Հայ քաղաքական միտքը, ներսի եւ դուրսի հայ մտաւորականութիւնը դադրա՞ծ է հետեւելէ Սերժ Սրապիոնեանի «մեզ ելք չեն թողել» հաստատումին յաջորդող ազգի փրկութեան միտող կոչին, զայն որպէս օրակարգ ունենալէ, որ՝ «Մենք պիտի դուրս գանք ինքնամոռաց պայքարի»…, պայքար՝ որ չըլլայ երգ, պար, «տուրիզմ», «շոփփինկ», «նոր հայրենիք»-ներու որոնման կրկնուող  արշաւ:
Պարտուեցանք եւ կորսնցուցինք Արցախը, որովհետեւ բնակելով տէր չեղանք հայրենի տարածքին: Կրկնած եմ, որ Արցախը ունէր Լիբանանի չափով տարածութիւն: Լիբանան ունի չորս միլիոն բնակիչ: Ի՞նչ էր Արցախի բնակչութեան թիւը: Իսկ ներսի եւ դուրսի հայութիւնը ի՞նչ ըրաւ Արցախի բնակեցման համար, որպէսզի այդ Հողը ներկայ Տէր բնակչութիւն ունենար:
Այսօր յիշուած ՀՈՂԱԿՏՈՐն ալ կը լքեն, կայ գաղթականական արշաւ, որուն հետեւանքով լայն պիտի բացուին «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի դարպասները: Նոյն հունով կ’ընթանան հայկական նկարագիր պահած գաղութները, որոնք հայրենիք չէին, բայց պահած էին ինքնութիւն եւ վերադարձի հեռանկար:
Բ. աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած Ներգաղթը չյանգեցաւ միացման եւ հայրենատիրութեան, չստեղծուեցաւ մէկութիւն, եղաւ արտագաղթ, որ դարձաւ սովորութիւն, հետեւեցան ուրիշներ ալ, որոնք Հողակտորին վրայ արմատ ունէին:
Լսելով Սերժ Սրապիոնեանը, հարց կու տամ, թէ՝ «Մենք պիտի դուրս գա՞նք ինքնամոռաց պայքարի», որո՞ւ դէմ, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս: Ո՞վ պիտի ըլլայ ինքնամոռաց պայքարի ինքնամոռաց առաջնորդը, ո՞վ պիտի հետեւի: Ատա՞կ ենք առաջնորդ ունենալու եւ անոր հետեւելու:
Ո՞վ պիտի պատասխանէ:
Գոյութենական վերջնական վտանգ կը սպառնայ Հայ Ազգին:
Կը զուարճանանք հեղինակութիւններ ստեղծելով եւ քանդելով: Յետոյ ի՞նչ…
Հին պատկերներու վրայ տեսած եմ, սեղանի մը շուրջ ալեհեր եկեղեցականներ եւ անոնց կողքին հայ մտաւորականներ, անուններու յիշատակութեամբ: Այսօր անհնար է նման պատկեր երեւակայել, քանի որ կը քանդենք հեղինակութիւնները, զանոնք կը փոխարինենք բեմի եւ խօսափողի անորակ, անողնայար ւ աներազ փառատենչիկներով, որոնք խորթ են ազգին եւ հայրենքին:
Հայ հարազատ մտաւորականութիւնը ոտքի պիտի կանգնի, ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի եւ փառքի համար, այլ՝ յաւելեալ պարտքի, եւ մաքրէ հրապարակը եւ մանր շահերու որսորդ  նեխած հոգիները, ներշնչելու եւ առաջնորդելու համար ինքնամոռաց պայքարը, վասն Ազգին եւ անոր Հայրենիքին:
Հաւատամք կը դարձնե՞նք այն՝ որ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԵՒ ՀԱՅ ԱԶԳ վեր են եսերէ,  կրպակի եւ թաղային շահախնդրութիւններէ, որոնք փտեցուցած են եւ կը փտեցնեն հայոց հոգիները:
ԺԶ․ դարու ֆրանսացի բանաստեղծ Ժոաշիմ Տիւ Պէլլէ սրտի խօսք ըսած է իր հայրենիքին՝ Ֆրանսայի համար.

«Ո՜վ անգո՛ւթ, հիմա ի՞նչ կը պատասխանես ինծի,
Ֆրանսա, Ֆրանսա, պատասխանէ՛ իմ  տխուր  բողոքիս,
Բայց լոկ արձագանգը ձայնիս կը պատասխանէ:
Անգութ գայլերու մէջ, կը քալեմ ցաւերուս հետ,
Կը փշաքաղուիմ զզալով
պաղ շունչը հասնող»:
Տիւ Պէլլէ հայ չէր, հայեր չէր ճանչցած: Ֆրանսա բառը եթէ փոխարինենք Հայաստանով, տողերը գրուած կ’ըլլան «գայլերու» մէջ եւ իր ցաւերով քալող հայուն եւ Հայաստանի համար»:
Սերժ Սրապիոնեանին ո՛չ ոք շքանշան կու տայ,  անոր համար յիշատակի երեկոներ կը կազմակերպէ, քանի որ «ելք չեն թողել»ը հասկցող եւ «ելք փնտռելու ցանկութիւն չկայ: Չենք անհանգստանար:
Ելքը ժամանակաւոր ըլլալու դատապարտուած »Սփիւռքացում»-ը չէ, որ ժամանակ մըն ալ աթոռ-աթոռակով, «նոր հայրենիք»-ի եւ լաւ ապրելու իրաւունք»-ի խաղերով պիտի կարծէ «ազգ ըլլալ եւ մնալ:
Լինելութեան ճիշդ ուղին «ինքնամոռաց» պայքարն է… որձեւէգի խաղ չեղող կոշտ յանձնառութիւնը:

Յակոբ Պալեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ