Ի՞նչ  կը մնայ ժողովուրդէն, երբ կ՛այլափոխեն անոր պատմութիւնը:

Այսօր  մենք կը  գտնուինք  աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր խաչմերուկի մը առջեւ:  Շուռ տուած  են  մեր ազգային արժէքները եւ աւանդութիւնները: Նոր  հնչեղութեամբ  կը հալածեն  մեր  գոյութիւնը: Թուրք-ազերիական առանցքը «Խաղաղութեան   ճանապարհ»  պիտակին տակ մահաքունի կ՛ենթարկէ  ստուերներու տակ  խարխափող Հայաստանը:  Գրաւոր եւ անգիր պայմաններով  աստիճանաբար կը  սեղմեն Հայաստանին  պարտադրած զիջումներու շղթան: Իւրաքանչիւր պայման   սպառնալիք  է   մեր պետականութեան: Իւրաքանչիւր պայման  ականուած է   հայ   ժողովուրդը  ազգային գաղափարախօսութենէն, կարողականութենէն եւ  պատմութենէն  ամլացնելու  նռնակներով:

Նոր չեն այսօրուան  պահանջները: Անոնք կու գան պատմութեան խորերէն:

Ի՞նչ  կը մնայ   պետութենէն, երբ  տարուբերին անոր սահմանները, բարոյազրկուի  բանակը եւ խեղաթիւրուի ժողովուրդին ազգային  ինքնութիւնը:

Հոգեբանական բռնութիւն է  Հայաստանի  հանդէպ կիրարկուող   ռազմաքաղաքական   ճնշումը: Թշնամին կը հետապնդէ ներթափանցումի, արժէքային   փլուզման եւ քաղաքական  քայքայումի   ծրագիրներ: Քանի մը տարի  առաջ անհաւատալի կը  թուէր « Արցախի  հարց   չկայ» արտայայտութիւնը: Այսօր պետական  ամպիոններէն կը յայտարարեն:  Երբ  ժողովուրդը  լռէ, վաղը   անկանխելի պիտի  դառնան՝  «Սիւնիքը չկայ», «Ցեղասպանութիւն  չեղաւ» եւ կամ՝ «Մենք  Թուրքիոյ դաշնակից  ենք»  կարգախօսներ..:   Համոզու՞մ, թէ՞ կարգախօս…

Անձնատուր  դառնա՞նք  շրջան  ընող  հռետորաբանութիւններուն, ուր  զիջումը կը հրամցուի «խաղաղութիւն», ուրացումը՝ «բնականոնացում»:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ  մեր պատասխանը, ողբի եւ զղջումի երգե՞ր..: Առաւելագոյնը  ուշացած մեղայագիր մը՝  բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ…:

Պատմութիւնը  վճռաբար  պիտի դատապարտէ այս  անտարբեր  վերաբերմունքը, կրաւորական  մեղսակցութիւնը:

Պէտք է դիմադրել, որովհետեւ  կը պարտադրեն   փոփոխութեան ենթարկել  Հայաստանի սահմանադրութիւնը՝  ի վնաս մեր  գոյութեան եւ պատմութեան: Միայն   զինեալ պայքար չէ  դիմադրութիւնը: Դիմադրութիւն  է նաեւ մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն, մեր եկեղեցին աղաւաղելու  փորձերուն դէմ պայքարը:   Զիջիլ մեր Էութեան  մէկ կարեւոր  բաղադրիչէն, կը նշանակէ  կոյր  կամակատար դառնալ, ստրկանալ:

Խաղաղութեան   շագանակով   պարուրուած փոփոխութիւններու թղթածրարը հայկական  պետականութեան եւ արժեհամակարգին   շիրմաքարն է իրականութեան մէջ:

Ազերիները մօտաւորապէս երկու  հարիւր  քիլիոմեթր  տարածութիւն կորզած  են     անսխալականութեան ախտով  տառապող,  միեւնոյն  հարցին  շուրջ հակասական  տեսակէտներով   հպարտ, «ազգի   ընտրեալ»  վարչապետ ին   փայփայած  «իրական Հայաստան»էն: Այս մասին բացարձակ անխօսութիւն՝ քար  լռութիւն:

Ազերիներու «Արեւմտեան  Ազրպէյճան վերադարձ»ը Հայոց  պետականութիւնը   ներքնապէս կազմալուծելու նախաքայլ է: Վերադարձի պայմանները  սովորական  «վերադարձ»ներ  չեն, այլ՝  ապագայ  պահանջներու եւ ներգործութիւններու   հիմնասիւն:

Թշնամին   շրջանառութեան մէջ  դրած է  «Արեւմտեան  Ազրպէյճան» կեղծ  եզրը: Զարմանալիօրէն  չենք յիշատակեր հայկական մեծամասնութեամբ  Նախիջեւանի կորուստը: Հողը խլած, անոր պատմութիւնն անգամ  ջնջած … տասնամեակներու  ընթացքին  քանդած  են  հազարաւոր խաչքարեր, հարիւրաւոր  եկեղեցիներ, պատմական արձանագրութիւններ: Բնակչութիւնը ամբողջութեամբ  տեղահանած…:   Թշնամին իր նուաճողական  քաղաքականութիւնը արդարացնելու նպատակով    շրջանառութեան  մէջ կը դնէ  «Արեւմտեան Ազրպէյճան»  կեղծ  եզրը, իսկ  մենք կը   մոռնանք պահանջելու Նախիջեւանը:

Թուրքիա  եւ Ազրպէյճան կ՛արծարծեն թուրանական կամուրջի խորհրդանիշ  «Զանգեզուրի  միջանցք»-ի  պահանջը:  Սիւնիքը հայոց  հող չէ միայն, այլ՝  պայքարի եւ ազատութեան խորհրդանիշ:  Շահընկերութեան  որեւէ քայլ, սեպ խրել է հայ  ժողովուրդի սրտին:   Սիւնիքը զիջիլ, կը նշանակէ  սրբել  մեր ժողովուրդի  դիմադրութեան  ոգին: Սիւնիքը գործընկերութեամբ  շահարկել  կը նշանակէ  Հայոց պետականութեան կառուցուածքը տրորել:

Դիմադրութիւնը խաղաղութեան  ձգտում  չէ միայն, այլ՝ երաշխիք: Հայոց   բանակի զինաթափումը  կը պահանջեն: Զինաթափել բանակը, կը նշանակէ  գերի դառնալ  թշնամիին  կամեցողութեան:

Դիմադրութիւնը մեր  ժողովուրդի արդար իրաւունքն է: Մենք  ընդդիմացանք Աւարայրի մէջ,  դիմադրեցինք Զէյթունի  մէջ, մաքառեցանք  Քերչի  մէջ  եւ հասանք Պերլին: Դիմադրութիւնը  պարտականութիւն է, ոչ՝  գաղափար:

Խաղաղութիւնը, որուն մասին  կը խօսի  իշխանութիւնը, անոր  իւրաքանչիւր յօդուածը  գամ մըն  է  մեր պետականութեան կառոյցին վրայ: «Խաղաղութեան համար փոխեցէք  սահմանադրութիւնը»  կը  պարտադրեն  Թուրքիա եւ Ազրպէյճան:  Համազգային պատուհաս  մեր  վարչապետը   կը խոստանայ  մինչեւ  2026  իրագործել  թուրք-ազերիական   պայմանը:  Այն խաղաղութիւնը, որ պիտի  հաստատուի  մեր ազգային  ինքնութիւնը  փոխելու պայմանով,  խաղաղութիւն  չէ, այլ՝ պարտութիւն:

Ազրպէյճան  կը պահանջէ  հրաժարիլ ԵԱՀԿ-էն: Հայաստանէն  հեռացնել  Եւրոպական Միութեան  դիտորդները:  Հարցում մը այստեղ.  Պատրա՞ստ  ենք   առանձին  դիմակալելու մեզ  շրջափակող թշնամիները : Կոյր խաղաղութիւնը կը ծնի կամակատար  պետականութիւն:

ԵԱՀԿ-ի  Մինսկի խումբը լուծարել, կը նշանակէ  պատմութեան աղբանոց   շպրտել  Արցախի թղթածրարը: Մինսկի խմբակը  ժողովուրդներու ինքնորոշման  իրաւունքը հաստատող փաստաթուղթ  մըն  էր  իրականութեան մէջ: Այս  խմբակին   լուծարումը կը   նշանակէ  Արցախի հարցը   դուրս   բերել   միջազգային իրաւական  շրջանակներէն  եւ Պաքուի  քմահաճութեան յանձնել..:

Մոռնալ  կը   նշանակէ  ազատութեան հրամանագիր տալ ապագայի  ոճրագործին: Մեզմէ կը պահանջեն   մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը:  Ճանաչումը   մեզի համար միայն  յիշողութիւն  չէ, այլ՝  պաշտպանութիւն: Երբ  Թուրքիա  կ՛ուրանայ  Ցեղասպանութիւնը, ո՞վ կրնայ  երաշխաւորել նոր արհաւիրքի մը  կրկնութիւնը:  Պետական  Հայաստանի անտարբերութիւնը  կրկնութեան   անցագիր կը  ներկայանայ  թշնամիին:

Դիմադրութիւնը  նաեւ  միասնութիւն է: Կրաւորականութիւնը՝ մեր  թշնամին: Դիմադրութիւնը  յաւերժի յիշողութիւն է: Ցեղասպանը նոր  նախճիր  պիտի  սանձազերծէ, որովհետեւ  յիշողութեան տէրը  կը  ներէ…:

Այսօր,  հարիւր  եւ տաս  տարի  ետք,   երբ դադրինք  արծարծել   Հայոց Ցեղասպանութիւնը,  երբ կը յայտարարենք, թէ « ան արդէն  պատմութիւն է», ինքնաբերաբար կը  թունաւորենք   ապագայ  սերունդներու յիշողութիւնը եւ  կ՛իյնանք ամուլ լռութեան մէջ:  Հայոց  Ցեղասպանութեան   ճանաչումը եւ հատուցումներու  հետապնդումը իւրայատուկ  ուժ կը  ներկայանայ  մեր  ժողովուրդին համար:  Անիկա  համահայկական  միասնութեան, արդարութեան,  պատմական  յիշողութեան եւ հողային  պահանջատիրութեան առանցքն է: Երբ  Հայաստան   կը  հրաժարի անոր արծարծումէն, ոչ միայն անցեալը կը կորսնցնէ, այլեւ ապագայի բանակցութեան  լեզուն:

Պատմութիւնը  կը  փորձէ   կրկնուիլ:  Մենք  կրնանք  կասեցնել զայն:

Քանդել սահմանները, մոռնալ  նահատակները, լռեցնել  ժողովուրդի մը  ոգին,  զինաթափել  բանակն ու երկիրը…:  Պատմութիւնը  կրկնուելու  պարագային, այս անգամ  պատճառը  ոչ թէ դարաշրջանն է, այլ՝  մեր   ինքնակամ  նահանջը,  մեղսակցութիւնը եւ  լռութիւնը:   Պատմութիւնը  մտրակով կը  վերադառնայ, երբ ժողովուրդ մը  կը  մոռնայ իր անցեալը:  Դաժան դաս  է պատմութիւնը…:

Ահարոն Շխրտըմեան
Ազդակ
28 Յուլիս 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ