
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է որ իսրայէլեան ռմբակոծումներու հետեւանքով 9 հոգի վիրաւորուած է Սուրի մէջ, իսկ Սայտայի Զրարիէ գիւղաքաղաքին մէջ երեխայ մը ծանրօրէն վիրաւորուած է։
Al Mayadeen հեռատեսիլի կայանին համաձայն, Յուլիս 6ի երեկոյեան իսրայէլեան օդանաւերը ռմբակոծած են հարաւային Լիբանանի քանի մը շրջաններ։
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Նոյեմբեր 27ին զինադադարի համաձայնագրին ի զօրու դառնալէն ի վեր, Իսրայէլ կատարած 3000 խախտում, որոնց հետեւանքով սպաննուած է առնուազն 209 հոգի, վիրաւորուած՝ 504 հոգի։







Մեկնաբանէ