
Գարեգին Բ.ի մասին Նիկոլին ակնարկներուն մէջ նորութիւն չկայ:
Աւելին, Նիկոլի ըսածները 1%ը իսկ չեն կազմեր այն մեղադրանքներուն, որ բարձրաձայնուած են ընդդէմ Գարեգին Բ.ին իր ընտրութեան օրէն:
Նիկոլը տեղեակ է այդ բոլորին լրագրող եղած օրերէն: Կարծեմ՝ ան այդ ժամանակ ալ եկեղեցւոյ հետեւորդ էր։ Բայց լուռ։
Հիմա նորութիւնը այն է, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ամբաստանողն ու հեռացումը նախաձեռնողը ՀՀ վարչապետն է․ ըստ էութեան, պետութեան գլուխը:
Այս արշաւին մէջ, ծիծաղելի է Նիկոլին շտապ տեղաւորուիլը “եկեղեցւոյ հետեւորդի”՝ պահարանէն նոր հանուած հագուստին մէջ:
Նիկոլը ոչ թէ հեծանիւ քշող տղայ մըն է, որ նոյն ատեն է՛ եւ վարչապետ, այլ վարչապետ մը, որ կը սիրէ հեծանիւ քշել, հաշուենք՝ անկեղծ:
Ան եկեղեցւոյ մը հետեւորդը չէ, ու յետոյ՝ վարչապետ: Նախ վարչապետ է, յետոյ՝ եկեղեցւոյ հետեւորդ անդամ: Ան նախ վարչապետ է, յետոյ` Իջեւանցի տղայ, եւ ոչ թէ հակառակը: Նախ՝ վարչապետ, յետոյ՝ Աննայի ընկեր: Եւ այդպէս շարունակ:
Այսպիսով, Նիկոլը կը ներկայանայ որպէս երկրի թիւ 1 եւ գերագոյն կարգազանց անգամ մը եւս:
Ըրածը կարգազանցութիւն է պետական մասշտաբով: Վարչապետի պաշտօնին մէջ, ան իրաւունք չունի կաթողիկոսի հեռացում եւ նորի ընտրութիւն նախաձեռնելու։ Կրկնեմ` եկեղեցւոյ հետեւորդի կարգավիճակը երկրորդական է առաջնայինի` վարչապետի պաշտօնին համեմատ։ Ան չի կրնար հագուստ փոխել ուզած ատեն. մարդիկ զինք հագցուցած են վարչապետի հագուստով՝ ան պարտաւոր է հոն ալ մնալ։
Երկրորդ` Նիկոլին ըրածները կարգազանցութիւն է եկեղեցւոյ շրջագիծին մէջ: Եկեղեցական կարգը հետեւորդներուն ցոյց կու տայ տարբեր ձեւեր` եկեղեցւոյ խնդիրները բարձրացնելու։ Նիկոլ այդ մէկը չ՛ըներ։ Հետեւաբար, արարքները օրինաւոր չեն։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Գարեգին Բ.ին…ինչպէս ըսի` ոչ մէկ նորութիւն։
Նախ` մեղադրանքներու մասով.
Մոսկուայի թեմի 25 տարուան առաջնորդ Տիրան արք․ Կիւրեղեան Գարեգին Բ.ի օրինազանցութիւններուն մասին խօսած է աշխարհի ստեղծման օրէն։ Ան եղաւ միակ եպիսկոպոսը, որ 1999-ին մինչեւ վերջ հակառակեցաւ Գարեգին Ներսիսեանի թեկնածութեան։ Մնացածները ենթարկուեցան Վազգէն Սարգսեանի մականի շարժումներուն։ Ատոր համար ալ, Գարեգին Բ կարգալոյծ հռչակեց զինք, ինչպէս այն աւելի քան 100 եկեղեցականները, որոնք խնդիրներ ունեցան հետը։
Սակայն Տիրան արք․ միակը չէ։ Նոյնիսկ Վեհափառին գաւազանակիր ծառայած վարդապետը շարքին է այն բազմաթիւ եկեղեցականներուն, որոնք չեն դադրիր սուր քննադատելէ Գարեգին Բ․ը, նշելով անոր անհամապատասխանութիւնը կաթողիկոսի պաշտօնին՝ ոչ միայն Նիկոլի ակնարկած պահով։ Ժամանակին, Նուրհան պատրիարքը հրապարակային նոյն բանը ըսաւ։ Իսկ միւս եպիսկոպոսնե՞րը. կամ մեղսակից են Գարեգին Բ.ին եւ կամ ալ մեկուսացուած են, որովհետեւ Գարեգին Բ․ լաւ գտած է մեկուսացումի ձեւը. ան բովանդակութենէ պարպած է եկեղեցական ժողովները։ Աւելին՝ 25 տարուան մէջ նոյնիսկ մէկ անգամ չէ հրաւիրած Էջմիածինի բարձրագոյն` ազգային եկեղեցական ժողովը։ Ահա ձեզի երկրորդ կարգազանցը, այս ալ` ծայրագոյն եւ ամենայն հայոց։
Քաղաքական մասով` սխալը Բագրատ սրբազանի կեցուածքին մէջ չէր։ Գայթակղեցնողը Գարեգին Բ.ի պահմտոցին էր սրբազանի ետին, ինչ որ խնդրոյ առարկայ դարձուց վարկն ու դերակատարութիւնը ամբողջ եկեղեցւոյ։ Ի՞նչը խանգարեց Վեհափառին փողոց իջնել. այլ քահանաներ զէնք ի ձեռին ինկած են մարտի դաշտին վրայ։ Մոռցա՞ւ, որ ինքն ալ քահանայ մըն է, իսկ կաթողիկոսը՝ ընդամէնը պաշտօն մը։
Հիմա գանք եկեղեցւոյ հետեւորդներու բողոքներուն.
Անոնք կու գան հինէն։ Սերժի ռեժիմի անկումէն ետք, դարձան աւելի տեսանելի եւ լսելի։ Գոնէ պէտք չէ մոռցուած ըլլան Նոր Հայաստան – Նոր Հայրապետ շարժումը, Տէր Կորիւն քահանայի բարեկարգչական շարժումը Հայաստանի եւ այլն։ Ի՞նչ եղաւ անոնց հետ. Գարեգին Բ անտեսեց զիրենք, ու բոլորը մէկ եղած՝ մեկուսացուցին զանոնք։ Բոլորին մէջ` նաեւ Նիկոլը, որ արդէն վարչապետ էր ու կրնար օգնել շարժումի թափ առնելուն։ Որովհետեւ, կը կրկնեմ, Նիկոլը շատոնց գիտէ այն ամէն ինչը որուն մասին հիմա կը խօսի։ Ու, իր ըսելով, պիտի որ եկեղեցւոյ հետեւորդ եղած ըլլար նաեւ նոր վարչապետ ընտրուած օրերէն։ Իր ըսելով` սրտցաւ։
Ինչո՞ւ ձայն չհանեց այն ժամանակ։
Ինչո՞ւ կը խօսի հիմա։
Թայմինկի խնդի՞ր է։ Կարծեմ՝ այո, եւ կապուած է 2026-ի ընտրութիւններու ՔՊ-ական «մարտավարութեան» հետ։
Չմոռնամ նշել Գարեգին Բ․ի քննադատները Հայաստանէն դուրս՝ եկեղեցւոյ աշխարհական անդամներու շարքերէն։ Բառացիօրէն տարիներէն ի վեր շաբաթ չ՛անցնիր, որ Ամերիկայի Նոր Կեանք շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Չափարեան իր թերթի էջերէն եւ իր վարած պատկերասփիւռի յայտագիրէն սուր քննադատութիւններ չուղղէ Գարեգին Բ․ի եւ անոր հետեւորդ բարձրաստիճան կրօնաւորներու դէմ՝ ներկայացնելով բազում փաստեր օրինազանցութիւններու եւ կամայականութեանց մասին, զորս անոնք կը գործեն աշխարհի տարբեր թեմական կազմակերպութիւններու մէջ։ Զինք կը լսեն ու կը գնահատեն տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ YouTube-ի վրայ, սակայն ոչ մէկ պաշտօնական կամ համարժէք արձագանգ պատկան իշխանութիւններէն կամ ժողովներէն։ Եկեղեցականները գէշ սորված են՝ “ինչպէս կը մանենք՝ այդպէս ալ կրնանք կտրել”։
Հիմա, խնդիրը եկեղեցւոյ շուրջ է, այնքան ատեն, որ կառավարութեան շուրջ խնդիրներու լուծումը ըստ երեւոյթին ձգուած է յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն: Ընդդիմութիւնը անշուշտ կը ջանայ չհասցնել այնտեղ. իմփիչմընթի գործընթացը թերեւս մէկ արտայայտութիւնն է այդ ջանքին: Երրորդ ուղղութիւնը, անշուշտ բողոքաւորներու ու զայրացած ամբոխի յեղափոխութիւնն է: Կամ չորրորդը՝ Նիկոլի անակնկալ հրաժարականը ինչ որ պատճառով:
Հետաքրքրականօրէն, այդ բոլոր ընտրանքները առկայ են նաեւ Եկեղեցւոյ առջեւ. 1. եպիսկոպոսներու քաղաքավարի “իմփիչմընթը” Վեհափառին, 2. ատոր արդիւնքով` եթէ ոչ նոր, ապա աթոռակից կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը ազգային եկեղեցական ժողովին կողմէ՝ թէկուզ նախկին կազմով, 3. Վեհափառի կամովին հրաժարականը կամ 4. դիմակայել Նիկոլի հրահրած փողոցային գործընթացը (որ կը ներկայացուի փաթեթաւորուած «համակարգող խորհուրդ» քաղաքավարի հնչող բառերով), պետութեան ի վնաս իր բոլոր տգեղ հետեւանքներով։ Բոլորն ալ կը հասկնան, որ պետութիւնը Նիկոլի հոգը չէ՝ խեւը իր սեւ գործը կրնայ ընել միշտ։
Լման այլ մօտեցում կ՛ըլլայ խնդիրը Նիկոլի դէմ շուռ տալը։ Եթէ անմիջական, ապա այդ պարագային, Վեհափառը պարտի արագ վերադառնալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ քալել սկսիլ Էջմիածինէն դէպի Երեւան` իրականացնելու համար զոռով իշխանափոխութիւն։ Ատկէ ետք, թէ ինչ կը մնայ Վեհափառէն, բացի սքեմէն, Աստուած գիտէ։ Ու ինչ կը մնայ եկեղեցիէն` մէկը չի գիտեր։
Քրիստոս կ’ըսէ` առաջինները վերջինը պիտի ըլլան, վերջինները` առաջին:
Եկեղեցին կանգնած է իր Ուսուցիչի պատգամին համաձայն քայլ կատարելու ընտրանքին առջեւ: Մնացածը, եթէ ուրիշ բան չպատահի (կը մաղթեմ, որ անօրինական բաներ չպատահին), թող որոշէ քուէարկող ժողովուրդը յառաջիկայ տարի:
Վարդան Թաշճեան







Մեկնաբանէ