Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը համերգային իւրատեսակ ծրագիրներով մեկնած է Ս. Արաբիա։

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը եւ Երեւանի պետական քամերային երգչախումբը առաջին անգամ պիտի ներկայացնեն Game on համերգային ծրագիրը, որու ընթացքում պիտի հնչեն համակարգչային յայտնի խաղերու համար գրուած մեղեդիներ։

Նուագախումբի տնօրէն Սարգիս Բալբաբեանը նշած է որ Game on-ը բաւական բարդ ծրագիր է նուագախումբին համար։ Համերգային երեկոն կը զուգորդուի նորարարական լուծումներով, պաստառին ցուցադրուելիք պատկերներով։  

Այնուհետեւ նուագախումբը պիտի մեկնի Օման եւ ԱՄ Էմիրութիւններ

Բոլոր համերգներու տոմսերը սպառուած են։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ