
Սիրելի Կաղանդ Մամա,
Ամէն տարի, ըստ իմ բարի սովորութեան, կանոնաւորաբար կը նամակագրեմ մեր աւանդական Կաղանդ Պապային եւ անկեղծօրէն պիտի ըսեմ, որ ան ստանալէ ետք իմ նամակներս եւ միշտ ալ գոհացուցած է իմ Կաղանդչէքներս..: Այս տարի սակայն, որոշեցի իրեն չգրեմ, գիտեմ, որ անոր սիրտը շատ շատ փափուկ է եւ այսօրերս վիրաւորուած է, Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի վրայ պատահած ու պատահող դէպքերուն ու պատերազմներուն պատճառով, եւ անոնց ձգած արհաւիրքներուն արդիւնքովով: Շատ լաւ կը հասկնամ զինք, ան վստահ եմ այս տարի ալ կը մտածէ Լիբանան գալ եւ լիբանանցի երեխաներուն պէս-պէս նուէրներ բաժնել:
Ես այս նամակը քեզի կը ղրկեմ իրմէ գաղտնի: Կ’աղաչեմ, չեմ ուզեր, որ ան տեղեակ մնայ, հաճի՜ս… եւ պարզապէս կը գրեմ քեզի, որպէսզի դուն կամացո՜ւկ մը իր ականջին փսփսաս եւ իմ այս տարուան կաղանդչէքներս դո՛ւն լսցնես իրեն՝ քու հասկցած ձեւովդ:
Բայց նախ քան նամակիս բովանդակութիւնը, կ’ուզեմ հարցում մը ուղղել քեզի. Ճիշդ քանի՞ տարեկան եղաւ Կաղանդ պապան… ծերացաւ, չէ՞… վաղը ո՞վ պիտի փոխարինէ զինք: Դուք զաւակներ ունի՞ք… եթէ ունիք՝ քանի՞ հատ են: Արդեօ՞ք անոնք ալ ձեզի նման կաղանդի տարազներ հագած կը պտըտին, կամ արդեօ՞ք վաղը անոնցմէ մէկը, կամ միւսը Կաղանդ Պապա պիտի ըլլայ..: Երկրորդ հարցում. Արդեօ՞ք ձեր մօտ ալ պաշտօնները ժառանգական են… քանի որ մեր մօտ, բոլոր քաղաքական ու կուսակցական դէմքերուն զաւակները «օթօմաթիքըմա՜ն» կը ժառանգեն իրենց հայրերուն աթոռները եւ կը մնան պաշտօններու վրան, երբեմն նոյնիսկ՝ ցկեա՜նս..: Սա՝ լիբանանեան անգիր օրէնք է:
Ամէն պարագայի, կը խորհիմ հիմա տակաւին շատ կանուխ է նման հարցում ընել, քանի որ Կաղանդ Պապան այնքան ալ ծերացած չէ..: Վերջին անգամ զինք տեսայ, առողջ կ’երեւէր եւ արագ արագ կը քալէր: Թէեւ, զգացի, որ շատ կը հազա՜յ… աստիճան ելած ժամանակ նկատեցի, որ շունչը շուտ կը կտրի՜, եւ նշմարեցի, որ երբեմն – երբեմն ձեռքն ալ կը դողա՜յ, ու մեծ-մեծ տոպրակ չի կրնար շալկե՜լ: Բայց… հակառակ այս բոլորին, կարծեմ ան որոշած է քիչ մը եւս մնալ Կաղանդ Պապայի աթոռին վրան եւ քիչ մը եւս երկարել պաշտօնավարութիւնը, կամ երկարել՝ սպիտակ մորուքը:
Հիմա գանք իմ առաջին խնդրանքիս.
Սիրելի Կաղանդ Մամա, պիտի փափաքէի, որ այլեւս Կաղանդ Պապան Լիբանանի պզտիկներուն զէնք ու զրահ թող չի բերէ, քանի որ մեր երեխաները կշտացան զինանոցներէն…: Ան, հեծիկ-մեծիկ ալ թող չբերէ, որովհետեւ հոս ճամբաները այնքա՜ն խճողուած են, որ ինքնաշարժները մայթերու վրայէն կը քալեն եւ հետիոտն քալող քաղաքացիները ստիպուած կ’ըլլան երբեմն պատերը մտնել:
Կաղանդ Մամա, մեր սիրելի Կաղանդ Պապան, թող չինական հագուստ-կապուստ ալ չբերէ մեր պզտիկներուն, անոնք միշտ հետեւելով դիմատետրին, ու մրցակցելով իրարու հետ, այլեւս վարժուեցան «սինիէ» բաներ հագնելու, կամ ֆրանսական ու իտալական «մարքաներ» փնտռելու, աւելին, շիտակը, անոնք «հինցած մօտա» եւ օրէնք կ’որակեն կաղանդին հագուստ նուէր ստանալը եւ կը մերժեն ալ..: Անշուշտ, ես անձամբ բոլորովին դէմ չեմ, եթէ Կաղանդ Պապան անոնց նոր ու նորագոյն ձեռքի հեռաձայններ կամ բջիջայիններ բերէ, պայմանով, որ անոնք՝ ծանօթ «մարքաներ» ըլլան եւ՝ սո՜ւղ… անոնք այլեւս աժան բաներէ չեն ախորժիր: Այս հիւանդութի՞ւնը… համաշխարհայնացումի համով պտուղն է…:
Կաղանդ Մամա, ես գիտեմ, որ դուն շատ ճաշակաւոր մամա ես եւ գիտես լիբանանցիներուս այսօրուան նիւթական դժուար վիճակը..: Ուստի, ազնիւ Կաղանդ Մամա, համոզէ Կաղանդ Պապան (քու գիտցած ձեւովդ…), որ այս տարի ան այլեւս թող մոռնայ նախկին տարիներու ձանձրացուցիչ ու սովորական թուացող եւ դդումի համ տուող հին կաղանդչէքները… եւ թող մտածէ նոր-նոր բաներու մասին:
Քանի՜ քանի՜ տարիներ շարունակ, «Կաղանդ Պապա՛ մեզի «խաղաղութիւն» բեր», ըսինք, երազեցի՜նք… յուսացի՜նք… աղօթեցի՜նք… մուրացի՜նք… հառաչեցի՜նք… յուսահատ լացի՜նք… բայց խաղաղութիւնը չեկաւ: Աստուծոյ ալ աղօթեցինք, աղաչեցինք, պաղատեցանք… բայց անօգուտ..: Մինչեւ օրս ալ, խաղաղութիւն կ’երազենք, կը փնտռե՜նք… կը մուրա՜նք… կը պաղատի՜նք… բայց ապարդիւն: Բոլորն ալ մոռցած են այս փոքրիկ երկիրը եւ Միջին Արեւելքը: Մեր ժողովուրդը կշտացաւ, փաղաքշական խօսքերէն… շռայլ խոստումներէն… ու յոգնեցաւ անշուշտ՝ սպառնալիքներէն, պատերազմներէն, սպանութիւններէն…: Աւելիով կշտացանք՝քանդումներէն… պայթումներէն… ռմբակոծումներէն… յեղափոխութեան կեղծ եւ սին փորձերէն..: Ուստի, ալ ժամանակն է, որ գոնէ քիչ մը հանդարտ շունչ առնենք եւ հանգստանա՜նք… քիչ մը ժպտի՜նք… խնդա՜նք… ուրախանա՜նք… մե՛նք ալ այլեւս կ’ուզենք մարդու պէս ապրիլ..: Քանի տարի է, կ’ապրինք միայն տագնապ, քաոս… անտեսուածութիւն ու պատժամիջոց: Կարծեմ բաւական է, չէ՞…: Քիչ մ’ալ ուրիշներ թող համտեսեն մեր ճաշակածին համը:
Սիրելի Կաղանդ Մամա, ուրիշ հարց մ’ալ, հոս կեանքը շատ շատ սուղ է, ահա՛ մի քանի օր ետք Նոր Տարի կու գայ, Կաղա՜նդ… յետոյ ալ՝ Ծնունդ: Հաճիս, կամացուկ մը ըսէ Կաղանդ Պապային, այս տարի շատ թող չյոգնի՝ տոպրակ-մոպրակ, զէնք-մենք, խաղալիք-մաղալիք, չորեղէն-մորեղէն բերելով… մեզի այս բոլորը պէտք չեն… հաւատա՛ պէտք չեն… մեզի լիբանանեան թղթոսկի ալ թող չբերէ…. միայն կանաչ «տոլար» թող բերէ… բաւական է: Տոլարը թեթեւ է եւ շատ տեղ չի գրաւեր..: Վե՜րջ..: Բայց Կաղանդ Պապան շատ ուշադիր թող ըլլայ, կ’ըսեն, որ շուկայի վրայ կեղծ տոլարներ շատ կան… թող չխաբուի եւ յանկարծ չձերբակալուի՝ որպէս խարդախ գործակալ: Թէեւ, մեր մօտ նմանօրինակ եւ աւելի մեծ խարդախները կը գտնուին շատ բարձր դիրքերու վրան եւ անոնց արտօնուած է ամէն տեսակ ապօրինութիւն եւ աւազակութիւն: Անո՞նք… իրապէս վերի արտի ցորեն են: Անո՞նք… անձեռնմխելի են..:
Ուրիշ բան մըն ալ, Կաղանդ Մամա, չեմ գիտեր Կաղանդ Պապան ինչպէ՞ս պիտի գայ… ինքնաշարժո՞վ… օթօպիւսո՞վ… օդանաւո՞վ… թէ իր եղնիկներով ու սահնակներով: Բայց, շատ ուշադիր թող ըլլայ, քանի որ մեր հարեւան երկիրներու զինեալները եղնիկ-մեղնիկ չեն ըսեր, եղնիկը կը շփոթեն ուրիշ չորքոտանիի հետ եւ կը կրակեն ու… Կաղանդ Պապան «էշ նահատակ» կ’երթայ..: Պիտի առաջարկէի, որ միայն օդանաւով գայ: Սակայն ոչ մէկ օդանաւային ընկերութիւն առայժմ չի գար Լիբանան՝ ապահովական պատճառներով եւ միայն լիբանանեան «Միտըլ Իսթ» ընկերութիւնը կ’աշխատի… իսկ անոր տոմսերուն սակագիներն ալ գրպան կ’այրեն: Ուստի, լաւ է, որ հետիոտն գայ… կամա՜ց կամա՜ց եւ զգուշութեամբ, սակայն քալած ժամանակ չըլլայ որ մեր ճամբաներու փոսերուն մէջ իյնայ: Այդ պարագայի՞ն… Կաղանդ Պապան հագուստն ալ ծախէ, հիւանդանոցներու պահանջքը չի կրնար գոհացնել..: Լիբանանի մէ՞ջ… հիւանդանալը արգիլուած է..: Անցեալ օր, բարեկամս հիւանդանոց մտաւ…. ստիպուեցաւ ինքնաշարժը ծախել՝ որպէսզի հիւանդանոցին ծախսը վճարէ: Մի՛ զարմանար… հոս եթէ ապահովագրուած չես, հիւանդութեան պարագային միւս աշխարհ՝ «Չամլը՜խ»… փոխադրուիլը ամէնաաժան ու ապահով ճամբան է:
Թանկագին Կաղանդ Մամա, հիմա հասկցար մեր ցաւերը եւ մեր սպասածները..: Այլեւս, դուն եւ քու ճարպիկութիւնդ…: Սակայն մի՛ մոռնար մեր նոր երգը՝
Զէ՛նք, զէ՛նք, զէ՛նք… չէ՜՜՜ զէնք-մէնք չենք ուզեր, մենք՝ տոլար կ’ուզենք: Տոլա՜ր… բայց ո՛չ քանատական կամ աւստրալիական..: Ամերիկեա՜՜՜ն… անոր գոյնը՞… սրտի կը խօսի:
23 Դեկտեմբեր 2024 Քեզ շատ սիրող ու յարգող՝
ՓՈՔՐԻԿՆ ԴԱՒԻԹ
Վերցուած Յարութ Մարտիրոսեանի Ֆպեան էջէն







Մեկնաբանէ