-
Read more: Վերափոխումն (Փրկենք Հայերէնը)
«Իմաստունները իրենց առջեւ նպատակներ են դնում, իսկ յիմարները հետեւում են իրենց ցանկութիւններին»: Իրվինկ Որեւէ ժողովրդի ազգութիւնը փաստելու հիմնական ատաղձն է նախ նրա լեզուն, ապա դարերի ընթացքին կուտակուած աւանդոյթները, մշակոյթն ու արուեստը, նաեւ յայտնագործութիւններն ու նորարարութիւնները: Անժխտելի իրականութիւն է, որ բնութեան մէջ ամէն ինչ փոփոխւում, զարգանում է ժամանակի ընթացքին, լեզուն ներառեալ, եւ արդի մեր գործածած հայերէնը այն…
-
Read more: Պատմութեան Դասագիրքերը` Ճշմարտազանցութեան Եւ Ճշմարտասացութեան Միջեւ…
Սուրիոյ մէջ, 1970-ականներէն սկսեալ, աւելի քան կէս դար, երկրին նոր շրջաններու պատմութիւնը գրի առնուեցաւ անսակարկելի, անվիճելի ու խստօրէն անհակաճառելի հայեացքով մը, որ կը միտէր ներբողել, օրհնաբանել, գրեթէ աստուածացնել իշխող վեհապետը, զուգահեռաբար տարածելով անոր ղեկավարած քաղաքական հոսանքին,– ընկերվարական կուսակցութիւն մը ,– գաղափարախօսութիւնը` իբրեւ ՄԻԱ՛Կ ընդունելի դաւանանք…։ Դո՛ւք հաշուեցէք, թէ երկրի տարածքին սփռուած հազարաւոր դպրոցներու, բարձրագոյն ուսումնական…
-
Read more: Ուշացած Նամակը
Նոր քաղաքը դեռ անծանօթ էր իրեն։ Ամիսներու անգործութենէն վերջ, այստեղ տեղափոխուիլը եւ նոր գործ սկսիլը՝ միաժամանակ ուրախութիւն էր ու անհանգստութիւն։ Անկարգ փողոցներ, անծանօթ դիմագիծեր, անսովոր աւանդութիւններ… ամէն ինչ նոր էր։ Դժուար կը համակերպուէր այս քաղաքի աղմկոտ առօրեային։ Այդ օրերուն, երբ դեռ իր տեղը չէր գտած, փոստատան մէջ ընդունուիլը անսպասելի ուրախութիւն մըն էր՝ խառնուած վախի ու…
-
Read more: Հին Եւ Նոր Արժէքներ
Երբ գրողը կը մեռնի, կը վերածուի գիրքերու, ինչը, ի վերջոյ, այնքան ալ գէշ վերածնունդ չէ։ Խ. Լ. Պորխէս Փայտի փորագրութեան հնարքի ստեղծման օրէն մինչեւ թուային տպագրութեան ժամանակակից թեքնոլոժի, տպագրութեան պատմութիւնը կը քալէ քաղաքակրթութեան պատմութեան զուգընթաց։ Տպագրութեան մեզի յայտնի ամէնէն հին ձեւը փայտատիպերով տպագրութիւնն է, որ առաջին անգամ իրականացուած է Չինաստան, շուրջ 200 թուականին։ Ինչպէս կը յուշէ…
-
Read more: Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ԿըՃանչնա՞ք Զայն
Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան շուրջ յառաջացած մարտահրաւէրները աւելի ու աւելի հրատապ դարձած են վերջին տասնամեակին։ Յատկապէս երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2010-ին արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած» լեզուներու կարգին, սփիւռքի մէջ անոր ապագան դարձաւ գլխաւոր քննարկման նիւթ: Համայնքային առաջնորդներ, դաստիարակներ, մասնագէտներ եւ ակադեմականներ սկսան միջոցներ եւ ծրագիրներ որոնել դիմագրաւելու լեզուի անկումը: Անշուշտ, այս խնդիրը միայն լեզուի կորուստի մասին չէ․ ան…
-
Read more: Ինչպէս Ընկերային Ցանցերը Սպառեցին Մարդու Հոգին
Երբ ընկերային ցանցերը առաջին անգամ յայտնուեցան, անոնք հետերնին բերին խորապէս գրաւիչ խոստում մը․ 21-րդ դարու լուսաբացին, Facebook-ը, Twitter-ը, եւ աւելի ուշ Instagram-ը, TikTok-ը եւ անթիւ ուրիշ հարթակներ ներկայացան իբրեւ մարդոց նոր տեսակի միութեան եւ կապի դարպասներ։ Անոնք խոստացան մեզ միացնել ծովերով ու մայրացամաքներով բաժնուած մեր ընկերներուն ու հարազատներուն հետ եւ օգնել գտնելու այն միջավայրերը, ուր պիտի զգայինք ընդունուած եւ հասկցուած։ Պահ մը կարծես…
-
Read more: Մեր Սուրբ Թարգմանիչները
(Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ) Ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը Հայ ժողովուրդը կը տօնէ Սուրբ Թարգմանիչներու տօնը: Այս տօնը նուիրուած է պանծացնելու յիշատակը՝ հինգերորդ դարու մեր անմահ թարգմանիչ հայրերուն, որոնք երկնեցին հայ գրականութեան Ոսկեդարը: Թարգմանչաց շարժումը հայ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ արմատացնելու եւ մեր ազգային գոյութիւնը ամուր հիմերու վրայ դնելու անզուգական շարժում մըն էր:…
-
Read more: Կարսի Պայմանագիրը
Այսօր Կարսի ստորացուցիչ պայմանագրի տարեդարձն է։ Այսօր շատ է խօսւում հայ եւ ռուս ժողովուրդների դարաւոր բարեկամութեան, մշակութային, քաղաքական շփումների եւայլնի մասին: Իսկապէս, հայ եւ ռուս ժողովուրդների այդ բազմաշերտ շփումը դարերի խորքից է գալիս, բայց արդեօք այդ յարաբերութիւնները միշտ բարեկամական են եղել, կամ աւելի ճիշդ կը լինի ասել` երկկողմանի բարեկամական են եղել: Դեռ մ․թ․ա․ առաջին դարից…
-
Read more: Ինքնութեան Յենասիւնը` Մշակոյթը
Ինքնութեան մասին յաճախ կը խօսուի: Մշակոյթին մասին` նոյնպէս: Կ՛արժէ, սակայն, մտմտալ անոնց կապակցութեան ալ մասին, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ այնքան կը խօսինք ու կը խօսինք թէ՛ ինքնութեան եւ թէ՛ մշակոյթի խաթարման ու կորուստին մասին: Խաթարմա՞ն, թէ՞… զարգացմա՜ն: Ինքնութիւն. ինչպէ՞ս սահմանել զայն, ինչպէ՞ս բանաձեւել, հասկնալ ու հասկցնել: Ինքնութիւնը առաջին հերթին առնչուած է անունիդ-մականունիդ ու անոնցմո՛վ կ՛արտայայտուի:…
-
Read more: Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, թէ՞ Մտահոգութիւն
Լեզուական փոքրամասնութիւններու մշտնջենական գոյութիւնը` մեծամասնութիւն կազմող տեղական ընկերութիւններու մէջ, որ օրէ օր աւելի կը շեշտուի համաշխարհային զանգուածային տեղափոխութիւններու եւ համաշխարհայնացումի տնտեսական եւ մշակութային լայնածաւալ տարածումով, զուգահեռ կ՛ընթանայ այդ փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւած լեզուական եւ գաղափարախօսական մարտահրաւէրներուն հետ: Լեզուափոխութեան նիւթը մեծ մտահոգութիւն է շատերու համար, որոնք նաեւ յաճախ «սխալ» կամ «կտրուկ» կամ «խառն» հայերէն խօսողները կ՛այպանեն եւ այսպէս…






