Լուրեր
  • Untitled post 650

    Հոլանտացի նկարիչ Վինսէնթ վան Կոկի «Կառանուած նավակներ» կտաւը Հոնկ Քոնկի Christie’s աճուրդի վաճառուած է 27,6 միլիոն տոլարի, ինչ որ աւելի քիչ է քան մասնագէտներու ակնկալած գումարը։ Կը նախատեսուէր կտաւը վաճառել 29.7 միլիոն տոլարէն մինչեւ 48.8 միլիոն տոլարի։ Մասնագէտներ կը յայտնեն թէ արուեստի գործերու գնահատումը վերջին երկու տարիներուն մեծ անկում ապրած…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 650
  • Untitled post 639

    Ատրպէյճանը եւ Իսրայէլը ռազմական համագործակցութեան շուրջ յուշագիր ստորագրած են, յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիքը։ Իսրայէլեան AS Holdings–ն եւ անոր քոյրը ընկերութիւն Ari Arms–ը, որ մասնագիտացած է ՆԱԹՕ–ի չափանիշներով թեթեւ զէնքերու պատրաստութեան եւ արտադրութեան մէջ, յուշագիր ստորագրած է ռազմավարական փոխըմբռնման շուրջ, «Ազերսիլահի» հետ, որ ենթակայ է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան։…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 639
  • Untitled post 631

    Շուրջ մէկ ամիս առաջ սկսած պեղումներու շնորհիւ, հնագէտները յայտարարեցին թէ  յայտնաբերուած է Կապանի  արքայանիստ միջնաբերդը, ուրկէ դարեր առաջ կառավարուած է քաղաքը։ Պատմական Կապանը Սիւնիքի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր: Ուսումնասիրությունները դեռ  կը շարունակուին, սակայն առաջին փուլի արդիւնքները ցոյց կու տան թէ 9-10-րդ դարերու ընթացքին շինուած կառոյցը Կապանի թագաւորութեան արքունական պալատը եղած է։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 631
  • Untitled post 624

    Սեպտեմբեր 28ին եւ 29ին, Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը երկու համերգով ելոյթ պիտի ունենայ Փարիզի մէջ ներկայացնելով հայ եւ ֆրանսացի երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ։ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ ելոյթ պիտի ունենայ ֆրանսահայ թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեան։  

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 624
  • Untitled post 617

    «Սրբազան Պայքար» շարժման առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Բագրատ Գալստանեան, Սեպտեմբեր 22–ին Կարէն Տէմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին, յայտարարած է որ աքթիւ պայքարի փուլը պիտի սկսի Հոկտեմբեր 2-ին ժամը 18։30-ին, Հանրապետութեան հրապարակ տեղի ունենալիք հաւաքով: 

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 617
  • Untitled post 605

    Հարաւային Ափրիկէի մէջ յանկարծակի տեղացած ձիւնը կաթուածահար ըրած է նահանգային ճամբաներ: Բազմաթիւ ինքնաշարժներ մնացած են ձեան տակ։ Փրկարարական աշխատանքները սկսած են, որոնց միացած են նաեւ բանակային ջոկատներ։ Զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան։  

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 605
  • Untitled post 601

    Այսօր, Սեպտեմբեր 23-ին, Լիտվիոյ մէջ կը մեկնարկեն «Fire Thunder 2024» ստորաբաժանման միջազգային ռազմափորձերը:  Մինչեւ սեպտեմբեր 27 ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Լիտվիոյ բանակի ցամաքային զօրքերու հրետանային ստորաբաժանումները, Լիտվիոյ մէջ տեղակայուած ՆԱԹՕ-ի զինուորականները եւ ռազմական սարքերը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆի 82-րդ հրետանային գունդի 1-ին գումարտակը։ 

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 601
  • Հրաժարում

    Հրաժարում

    Հայաստանում արական սեռի քաղաքացիները շարունակում են հրաժարուել ՀՀ քաղաքացիութիւնից․ 2018-2024 թուականների ընթացքում ՀՀ քաղաքացիութիւնից հրաժարուել է ընդհանուր առմամբ 11,830 արական սեռի քաղաքացի։

    Շարունակէ Կարդալ →: Հրաժարում
  • Իրանեան առեւտուրի կեդրոն Հայաստանի մէջ

    Իրանեան առեւտուրի կեդրոն Հայաստանի մէջ

    Հայաստանի մէջ պիտի բացուի իրանեան ամէնամեծ առեւտուրի կեդրոնը որպէս դարպաս դէպի Եւրասիական տնտեսական միութիւն (ԵԱՏՄ)։ Բացումը նախատեսուած է Հոկտեմբեր 1-ին։Այս կեդրոնը պիտի ըլլայ Իրանի առաջին եւ ամէնամեծ մշտական առեւտուրի կեդրոնը արտերկրի մէջ եւ բացումը պիտի կատարուի Իրանի Առեւտուրի խթանման կազմակերպութեան (TPOI) հետ համագործակցաբար։Կեդրոնը նախագծուած եւ շինուած է աւելի քան 18,000…

    Շարունակէ Կարդալ →: Իրանեան առեւտուրի կեդրոն Հայաստանի մէջ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ