Լուրեր
  • Untitled post 702

    Ատրպէյճանցիները Հայաստան վերաբնակեցնելու պահանջ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին մէջ չկայ, նշել է ԱԺ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան, այսօր լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին։ Անդրադառնալով որ Ատրպէյճանի մէջ անընդհատ սկսած են շահարկուիլ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եզրոյթը եւ քննարկուիլ պատմական հայրենիք վերադառնալու մասին, Սիմոնեան ըսած է «Այն շրջանակները, որոնք պատմական հայրենիքի փնտրտուքի մէջ են Ատրպէյճանի մէջ, պէտք…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 702
  • Untitled post 695

    Երէկ գիշեր Իրան պալիստիկ հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի վրայ Իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան ազդանշաններն հնչեր են, երբ իրանեան հրթիռներ հարուածած են Իսրայէլի կեդրոնական եւ հարաւային շրջանները։ Իսրայէլցի զինուորականներու համաձայն՝ ապրիլիէն ի վեր Թեհրանի առաջին ուղղակի յարձակումն է Իսրայէլի վրայ։ The Jerusalem Post-ը կը տեղեկացնէ որ Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ արձակուած է 400…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 695
  • Untitled post 691

    Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի նաւահանգիստներու տասնեակ հազարաւոր բեռնակիրներ դիմած են գործադուլի, որ կրնայ յանգեցնել երկրին մէջ բեռներու մատակարարման խափանումներու։ Գործադուլի պատճառը այն է որ Նաւահանգիստի բեռնակիրներու միջազգային ընկերակցութիւնը եւ ԱՄՆ-ի նաւագնացութեան ներկայացուցիչները չեն կրցած համաձայնութեան գալ աշխատանքային պայմաններու եւ աշխատավարձերու շուրջ նոր պայմանագիր ստորագրելու։ Reuters գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ նման…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 691
  • Untitled post 682

    Այս գիշեր, Իսրայէլ «սահմանափակ» ցամաքային պառերազմական գործողություն է սկսաւ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն դէմ։ Իսրայէլեան բանակի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, գործողութեան նպատակն է Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններու բնակիչներուն ապահովութիւնը։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 682
  • Untitled post 677

    Երեւանի Կոմիտասի թանգարանի յարակից այգիին մէջ բացուեր է Աւրորա Մարտիկանեանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած հուշակոթող-քանդակ, նախաձեռնութեամբ «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան: Բացման արարողութեանը յաջորդած է մրցանակի արժանացած «Աւրորայի լուսաբացը» անիմացիոն վաւերագրական ֆիլմի յատուկ ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ Մարտիկանեանի՝ դէպի մեծ էքրան արտասովոր ճանապարհի մասին: Յուշակոթող-քանդակը յարգանքի տուրք է նաեւ 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 677
  • Untitled post 670

    Յորդանանի ֆիլմերու յանձնաժողովը յորդանանահայ Սարին Հայրապետեանի «Տունս քաղցր ա» վաւերագրական ֆիլմը ընտրած է «Օսքարի» 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» անուանակարգով ներկայացնելու համար: Ֆիլմը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժի մասին, որ կ՛ապրի Արցախի գեղատեսիլ գիւղերէն մէկուն մէջ եւ կ՛երազէ ատամնաբոյժ դառնալ։ Վրէժի կեանքը կտրուկ կը փոխուի, երբ պատերազմը կը վերսկսի եւ ան ընտանիքին հետ ստիպուած կը հեռանայ Արցախէն։ Պատերազմի…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 670
  • Untitled post 664

    Էջմիածնի 301-303 թուակններուն շինուած Մայր տաճարը, շուրջ 12 տարի տեւած նորոգութեան աշխատանքներէ ետք, 29 Սեպտեմբեր 2024ին՝ Վարագայ Սուրբ խաչի տօնին, իր դռները բացաւ հաւատացեալ հանրութեան առջեւ։ Մայր տաճարի ամբողջական վերաօծումը կատարուած էր 27 Սեպտեմեբր 2024ին։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 664
  • Untitled post 661

    Լիբանանեան «Հըզպալլահ» կուսակցութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց իր առաջնորդին՝ Սէյիտ Հասան Նասրահալլի մահը։ Երէկ ցերեկուան ժամերուն իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած էին որ սպաննած են Նասրահալլը։ Նասրալլահ զոհ գնաց Ուրբաթ 27 Սեպտեմբերին Պէյրութի Հարէթ Հըրէյք շրջանին մէջ Իսրայէլեան օդուժին կողմէ կատարուած յարձակումի մը։ Անոր հետ սպաննուած են նաեւ կուսակցութեան այլ…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 661
  • Untitled post 656

    Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան  եւ Պաղեստինի վարչապետ Մուհամէտ Մուսթաֆա ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պաղեստինի Պետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համատեղ յուշագիր։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 656
  • Untitled post 652

    Եմէնի հութիներու «Անսար Ալլահ» շարժման զինուորական ներկայացուցիչ Եահիա Սարիան յայտնեց թէ հրթիռներով ռմբակոծած են Իսրայէլի Թէլ Աւիւ եւ Աշքելոն քաղաքներու «զինուորական թիրախներ»։  Իսրայէլեան բանակը այս ռմբակոծութիւններու մասին կատարուած յայտարարութիւնները չէ մեկնաբանած։ 

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 652

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ