Լուրեր
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 768Հայաստանի ժողովրդագրական տուեալները յուսադրիչ չեն։ 2024ի առաջին 9 ամիսներուն ծնած է 21 876 երեխայ, 2023ին՝ 23 597 Այս տարի առաջին 9 ամիսներուն մահացած է 17213, 2023ին՝ 16 409։ 2024ին առաջին 9 ամիսներուն ամուսնութիւններուն թիւը 10 405 է, 2023ին՝ 10 691։ 2024ին ամուսնալուծութիւններու թիւը նոյնպէս աւելցած է, 3 041 ամուսնալուծութիւն, 2023ին՝` 2 949։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 7602025 Յունուարի 1էն սկսեալ հայ սահմանապահները պիտի հսկեն Հայաստանի եւ Իրանի սահմանը։ Այս համաձայնութիւնը գոյացած է Փաշինեան-Փութին հանդիպման ժամանակ, որ տեղի ունեցաւ երէկ Մոսկուայի մէջ։ Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտներ է Ռուսիոյ նախագահին, Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ պետական սահմանին ռուսական սահմանապահներուն մատուցած ծառայութիւններուն համար։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 754Տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ծառայութիւններու հուամաշխարհային միութեան (WITSA) ամէնամեայ մրցանակը այս տարի շնորհուեր է ամերիկահայ գործարար Կարօ Արմէնին։ Անոր հիմնադրած եւ ղեկավարած ընկերութիւնը՝ «Ակենուս Պիօ», կը զբաղի քաղցկեղի բուժման աշխատանքներով և ստեղծած է դեղամիջոց մը, որ կ՛օգնէ հիւանդներու, որոնք արդէն իսկ ապաքինուած են։ Դեղամիջոցի շնորհիւ բուժուած են նոյնիսկ չորրորդ փուլի քաղցկեղով…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 742Մոսկվայի հայկական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է գրող, լրագրող եւ կարգ պեսթսելըրներու հեղինակ Թիմ Սքորենքոյի «Մարսագնաց, աքորտիոն, ՄՌՏ․ հայ գիւտարարական միտքի պատմութիւն» ռուսալեզու գիրքի շնորհանդէսը։ Բացման խօսքին մէջ հեղինակը բարձր գնահատած է հայ ժողովուրդի աւանդը մարդկութեան գիտական պատմութեան մէջ, ընդգծելով որ, ուսումնասիրելով տարբեր ոլորտներու մէջ հայ գիտնականներու կատարած գիւտերը, եկած…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 737Գերմանիան չեղարկած է Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի արգելքը՝ կը գրէ Turkiye today-ը՝ մէջբերերով գերմանական Spiegel-ին։ Ըստ լրատուամիջոցին՝ Գերմանիոյ Անվտանգութեան դաշնային խորհուրդը թոյլատրեր է հարիւր միլիոն եուրոյի զէնքի վաճառքը ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցին։ Նոյնանման որոշում կայացուցած էր Նորվեկիան երեք շաբաթ առաջ։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 734Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան 100ամեակին նուիրուած փառատօնը մեկնարկել է Մոսկուայի մէջ Հոկտեմբեր 5ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 30։ Հոկտեմբերի 5-ին բացուած է «Փարաճանովի Ստուերները» եզակի ցուցահանդէսը, որու ընթացքին կը ցուցադրուին ժամանակակից արուեստագէտներու 100 աշխատանք։ Փառատօնը պիտի եզրափակուի համերգով, որուն պիտի մասնակցին Մարիամ Մերաբովա, Արսէն Աղամալեան, Օքսանա Վասիլեւա, Սոֆի Դեւոյեան, Մարգարիտա…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 730Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը, Քոնկրէսի ընտրութիւններու նախօրեակին, հրապարակել է իր զօրակցութիւնը վայելող 84 թեկնածուէ բաղկացած ցանկը։ Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ ճշդուած ցանկը նկատի առած է հայկական հարցով հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անոնց կեցուածքներն ու խոստումները։ Հայ դատի հանձնախումբը պիտի չզօրակցի 2024ի նախագահական ընտրապայքարի ոեւէ թեկնածուի։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 717Երէկ, 3 Հոկտեմբեր 2024ին, Փարիզի «Մատինիոն» պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետներ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միշէլ Պարնիէի հանդիպումը: Կողմերը բարձր գնահատած են Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները, շեշտելով նաեւ գործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ։ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկացմամբ՝ զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 713The Guardian կը յայտնէ թէ Կնոջ դիմանկարը, որ 1962ին Քապրի կղզիին վրայ գտնուող իր տան նկուղին մէջ գտած է իտալացի առեւտրական Լուիճի Լօ Ռոսսօն, սպանացի նկարիչ Փապլօ Փիքասոյի բնօրինակ գործն է: Նկարը քանի մը տասնամեակ կախուած է առեւտրականին տան հիւրասենեակը, ապա անոր որդին սկսած է կասկածիլ որ այդ նկարը կը…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 706Քանի մը օր առաջ, Ֆրանսայի Միւլհաուս քաղաքի իր տան մէջ, անծանօթ անձերու կողմէ դաշունահարուած ատրպէյճանցի փախստական Վիտատի Իսկանտերլին երեքշաբթի օր մահացեր է հիւանդանոցին մէջ։ Վերջին շրջանին այլ երկիրներու մէջ եւս սկսած են յարձակման ենթարկուիլ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քննադատները։ Տակաւին վերջերս Միլլի Մեջլիսի երեսփոխաններէն մէկը կոչ ըրաւ «չէզոքացնել» նախագահին քննադատողներուն…






