Լուրեր
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 842Ռուսիան շահագրգռուած է Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը կարելի եղած չափով արագ աւարտել, յայտարարեր է նախագահ Վլատիմիր Փութին, առանց նշելու հակամարտութեան լուծման իր պատկերացումները։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 834Հայաստանի ազգային գրադարանը ձեռք բերած է երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն, առաջինը՝ Եփրեմ Ասորիի «Գիրք աղօթից»-ն է։ Ասորեցին ծնած է Մծբին 306ին։ Անոր գործերէն որոշ մաս մը պահպանուած է հայերեն թարգմանութիւններով։ Երկրորդ գիրքը՝ 1888ին Կ.Պոլսի Ա. Յ. Պոյաճեան տպարանին կողմէ հրատարակուած հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչ է։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 814Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաևի հետ հանդիպման ընթացքին զգուշացուցած է որ տարածաշրջանէն ներս կողմնակի ուժերու ռազմական յենակէտերու ստեղծելու հետեւանքներէն՝ աւելցնելով որ այդ մէկը չի բխիր տարածաշրջանի երկիրներու շահերէն։ Իրանի նախագահը նաեւ նշեր է որ Իրանը կը յարգէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ոչ մէկ պետութեան ինքնիշխանութիւնը պէտք չէ անտեսուի։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 810Կազայի մարդասիրական աղէտը պէտք չէ շարունակուի, բռնութեան բռնութեամբ պատասխանելը կողմերու պատճառաբանուած մտահոգությունները չի լուծեր, յայտներ է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կացի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին։ Ան շեշտեր է որ Կազայի պատերազմը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ թէ պաղեստինեան հարցը առանցքային խնդիր է Միջին Արեւելքի մէջ։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 806Հայազգի տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու տնտեսագիտութեան ոլորտին մէջ, արժանացեր է Նոպէլեան մրցանակի, Սայմըն Ճոնսընի եւ Ճէյմս Ա. Ռոպինսընի հետ միասին, «հիմնարկութիւններու ձեւաւորման եւ զարգացման վրայ անոնց ազդեցութեան ուսումնասիրութիւններուն համար», կը յայտնէ Նոպէլեան մրցանակի պաշտօնական կայքէջը։ Տնտեսագէտները նպաստած են հասկնալ տարբեր ազգերու միջեւ զարգացման տարբերութիւնները եւ ցոյց տուած են հասարակական հիմնարկներու կարեւորութիւնը…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 792Նեփալցի 18ամեայ Նիմա Ռինճի մրցանիշ հաստատած է, դառնալով ամէնաերիտասարդ լեռնագնացը, որ մագլցած է աշխարհի ամէնաբարձր 14 գագաթները։ Նիմա Ռինճին լեռներ մագլցելու սկսած է 16 տարեկանին եւ 8000 մեթրը գերազանցող բոլոր գագաթները նուաճած է 2 տարուայ ընթացքին։ Ան նաեւ ամէնաերիտասարդ լեռնագնացն է, որ բարձրացած է Հիմալայեան G1 և G2 գագաթները։ Նշենք…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 785Հոլանտայի խորհրդարանը կոչ ըրած է Պաքուին ազատ արձակել հայ ռազմագերիներին։ Փաստաթուղթերու քննարկման ժամանակ ելոյթ ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Քէսփըր Վելտքամփ, որ համաձայն եղած է բանաձեւերուն, կոչ ընելով ազատ արձակել Արցախի ներկայացուցիչներուն եւ միւս գերիներուն՝ անոնց անուանելով ռազմագերիներ։ Պաքուն անմիջապէս բացասական արձագանքած է այս կոչին։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այհան Հաջիզատէ «անընդունելի»…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 781ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք ներկայացուցած է Ճափոնի դեսպանատան Միացեալ Նահանգներու հետ Ռուսիոյ սահմանին զօրավարժութիւններ կատարելու համար։ Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ անընդունելի է ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու հետ զօրավարժութիւններ կատարելու եւ տարածաշրջանին մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը աւելցնելու Թոքիոյի ծրագիրները։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 778Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովին (COP29) նախօրէին, քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ հաւաք կազմակերպած են ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին առջեւ, պահանջելով հայ պատանդներուն եւ գերեվարուածներուն ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ անհետ կորածներու ճակատագիրներու յստակեցումը։ Հաւաքի մասնակիցները իրենց պահանջները ամփոփող նամակ յանձնած են ՄԱԿ-ի գրասենեակի աշխատակիցին։ Անոնք որոշած են հաւաքները շարունակել նաեւ Հայաստանի ԱԳՆ շէնքի, Հայաստանի…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 772Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը շահեր է հարաւային Քորէացի Հան Քան։ Այս մասին կը հաղորդէ Նոպէլեան մրցանակի պաշտօնական կայքը հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը։ Հան Կանին մրցանակը շնորհուեր է «անոր բուռն բանաստեղծական արձակին համար, որ կը դիմակայէ պատմական ցնցումներուն եւ ցոյց կու տայ մարդկային կեանքի փխրունութիւնը»:






