Լուրեր
  • Սեպտեմբեր կէսերէն սկսեալ Լիբանան-Իսրայէլ պատերազմը թեւակոխեց ծանր փուլ։ Սեպտեմբեր 28էն մինչև Հոկտեմբեր 20 Պէյրութէն Երեւան ժամանած է 870 հոգի, Հայաստանէն Լիբանան մեկնած՝ 470 հոգի, յայտնած է սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Sputnik Armenia=ի հետ զրոյցի ընթացքին։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 941
  • Միացեալ Նահանգներու միջազգայիննիւթական զարգացման ընկերակցութեան փոխ տնօրէն Նիշա Պիսուալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 23ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Հիւրերուն դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան եւ ներկայացուցած է յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: ՀՑԹԻ տնօրէնը անդրադարձեր է նաեւ անցեալ դարավերջին Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ) եւ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած կոտորածներուն…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 934
  • Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Հայկ Խլոյեան նուաճած է ախոյեանի տիտղոսը։ Աւարտականին ան պարտութեան մատնեց Ապուպաքըր Խասլախանաուն 11-6 արդիւնքով։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 922
  • Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը որոշում հրապարակած է որ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ Միջին Ասիա եզրոյթը պիտի փոխարինուի Թուրքիստանով կը յայտնէ Ermenihaber-ը։ Փրոֆէսոր Ահմէթ Թասագիլի համաձայն «ռուսական ներխուժման հետեւանքով Թուրքիստանի փոխարէն սկսած է օգտագործուիլ Կեդրոնական Ասիա (Միջին Ասիա) հասկացութիւնը, մինչդեռ Թուրքիստան բառը, որ կը նշանակէ թուրքերու երկիր, սկսած է գործածուիլ պատմութեան ամէնավաղ ժամանակներէն»:

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 918
  • Հոկտեմբեր 21ին Գաբրիէլ Սունդուկեանի ազգային ակեդեմիական  թատրոնի սրահին մէջ սկսաւ  Creative Armenia Week միջազգային խորհրդաժողովը, որ նուիրուած է ստեղծարար նախաձեռնութիւններու եւ արուեստի ոլորտին մէջ նորարար արհեստագիտութեան օգռագործման։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 908
  • Ռուսահայ թենիսմէն Կարէն Խաչանով տիրացաւ Ալմա Աթայի բաց մրցաշարքի տիտղոսին, աւարտականին յաղթելով Քանատացի Կաբրիէլ Տիալոյին 6-2, 5-7,  6-3 արդիւնքով։ Այս յաղթանակը անոր եօթերորդն է ATP TOUR մրցաշարքերուն։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 899
  • Ամերիկաբնակ թուրք, իսլամ քարոզիչ, 83 տարեկան Ֆեթուլլահ Կիւլէնը մահացեր է  Հոկտեմբեր 20ին հիւանդանոցին մէջ։ Լուրը հաստատեր է անոր զարմիկը։ Տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջէին անոր արտայանձնումը։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 891
  • Ֆրանսական Le Monde թերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգները այլեւս որեւէ հիմնաւոր պատճառ չունին որ Ուքրանիան ՆԱԹՕ անդամ դառնայ։ Այս գծով թերթը յղում կը կատարէ Հոկտեմբեր 18ին Պերլինի մէջ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ ղեկավարներու հանդիպման արդիւնքներուն ծանօթ դիւանագիտական ​​աղբիւրներուն։ Թերթի աղբիւրները յայտնած են նաեւ որ չորս երկիրներու ղեկավարները Պերլինի մէջ…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 862
  • Հայաստանի բռնցքամարտի կանանց հաւաքականի անդամ Էլիտա Քոչարեան երկրորդ տարին անընդմէջ դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան ոսկի մետալակիր: Ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան Վառնայի մէջ Աւարտականին Էլիատան յաղթեց ուքրանացի Թաթիանա Տովկալին։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 858
  • Հոկտեմբեր 18ին, «Ուիգմoր կանանց եւ երեխաներու հիւանդանոց»-ին մէջ տեղի ունեցած է «Հայ բժշկութեան պատմութիւն» վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը։ Ֆիլմը իւրայատուկ ճամբորդութիւն է ժամանակին մէջ. նախնադարէն մինչեւ միջին դարեր, Խորհրդային Միութեան բժշկական դպրոցի դրուագներէն մինչեւ հայ բժշկութեան հետքերու բացայայտումներ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ։ Ֆիլմին գաղափարը եւ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի վաւերագրական եւ գեղարուեստական…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 854

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ