Լուրեր
  • Եմէնի հիւսիսային շրջանը իշխող հութիներու «Անսար Ալլահ»- շարժումը յայտարարեր է որ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներ իրականացուցած է Իսրայէլի հարաւը գտնուող Աշքելոն քաղաքի արդիւնաբերական գօտիի վրայ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը: Իսրայէլի բանակը յայտարարած է որ Աշքելոնի շրջանը՝ բաց տարածքի մը մէջ, ինկած է ԱԹՍ, որ արձակուած էր Եմէնէն։ Զոհեր կամ…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 997
  • Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցած Gold International Classical Music Competition մրցոյթին, 17 տարեկան դաշնակահար Էտուարտ Արեւշատեան շահած է միջազգային հերթական մրցանակը, նուաճելով առաջին դիրքը։  Ան Երեւանի Չայքովսքիի անուան միջնակարգ մասնագիտական երաժշտական դպրոցի աշակերտ է։ Այս մրցույթը 12րդն է, որու ընթացքին ան հանդէո կու գայ եւ կը գրաւէ առաջատար դիրքեր։ Անոր նուաճումներու…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 990
  • Արցախի հազարամեակներու հարուստ պատմութիւն ունեցող հայկական ժառանգութիւնը այսօր կանգնած է ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման սպառնալիքի տակ, յայտարարեր է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան։ Անոր խօսքով՝ ներկայիս աշխարհի մէջ մշակութային ժառանգութիւններու վրայ յարձակումներ աւելցած են, իսկ մշակութային ինքնութեան ժխտումը կը կիրառուի որպէս պատրուակ՝ հակամարտութիւններու սրացման եւ միջազգային կայունութիւնը խաթարելու համար։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 982
  • ԵԱՀԿ-ն յոյսով է որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք ընտրուած Վրաստանի իշխանութիւնները հաշուի կ՛առնեն բոլոր առաջարկները եւ կը յաղթահարեն մարտահրաւէրները, յայտարարեր է ԵԱՀԿ յատուկ համակարգող Փասքալ Ալիզար, «եւ յոյսով եմ, որ իշխանութիւնները Վրաստանին կը մօտեցնեն այն նպատակներուն, որոնք կապուած են Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հետ», – աելցուցած է ան։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 979
  • Հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան վրայ, Իրանը իրեն կը վերապահէ պատասխանելու Իսրայէլի կողմէ հասցուած հարուածին, յայտարարեր է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ «Իրանի ԱԳՆ–ն խստօրէն կը դատապարտէ սիոնիստական վարչակարգի գործողութիւնները Իրանի շարք մը ռազմական կեդրոններուն դէմ եւ զանոնք կը համարէ միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան բացայայտ խախտում», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։ Միւս կողմէ…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 975
  • Ըմբշամարտի աշխարհի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան 125քկ։ ծանրութեան մեկնարկային մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լէովա Գէորգեանի եւ թուրք մարզիկ Հաքան Պույուքցինկիլի միջեւ ծեծկըռտուք տեղի ունեցած է, զոր դադրեցնելու համար միջամտած են իրաւարարները եւ մարզիչները։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 971
  • Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը տարբեր քաղաքներու մէջ ձերբակալած է արգիլուած Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան 176 անդամներ։ Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան յայտնած է թէ կատարուած խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած են թմրեցուցիչներ, զէնքեր, ինչպէս նաեւ Անգարայի մէջ TUSAS կեդրոնատեղիին վրայ կատարուած զինուած յարձակումը հաստատող փաստաթուղթեր: Յիշեցնենք որ Հոկտեմբեր 23ին Անգարայի մէջ TUSAS-ի կեդրոնատեղիի մուտքին տեղի…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 963
  • Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ փոփոխութիւններ կատարել քաղաքացիութիւն ստանալու եւ քաղաքացիութենէն հրաժարելու գործընթացներուն մէջ։ 2023ի տուեալներով, քաղաքացիութեան դիմողներու թիւը 19 000 եղած է, իսկ 2024ի առաջին ինը ամիսներուն 16 060 դիմում ներկայացուած է նախարարութեան։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 960
  • Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ Ներսիսեան Անկլիքան, Հին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային յանձնախումբի անդամներուն հետ հանդիպումին, կարեւորեր է քրիստոնէական եկեղեցիներու միասնական ջանքերը հայ ռազմագերիներու վերադարձի հարցով։ Վեհափառը անդրադարձած է Հայաստանի եւ հայրենազրկուած արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպես նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան անաղարտ պահպանման եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման խնդիրներուն։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 953
  • Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը հիւրընկալած է Սերգէյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, որու կազմակերպչական աշխատանքները իրականացուցած են Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ դեսպանատուները։  Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատի եւ Սենաթի նախագահները, երեսփոխաններ, դեսպաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ 

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 949

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ