Լուրեր
-
Քամալա Հարիս Գերագոյն Դատարանի Անդա՞մ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քամալա Հարիս Գերագոյն Դատարանի Անդա՞մՄիացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս նախագահական ընտրութիւններուն պարտուելէ ետք կրնայ առաջադրուիլ որպէս Գերագոյն դատարանի անդամ, կը յայտնէ Newsweek, վկայակոչելով Հարաւային Քարոլինայի ներկայացուցիչներու պալատի նախկին անդամ իրաւաբան Պաքարի Սելերսին։ Հարիս ունի իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթորի գիտական աստիճան: Ան աշխատած է դատախազութեան, քաղաքապետարանի եւ փաստաբանական ընկերութիւններու մէջ:
-
Ալիեւ. Հայաստանը Պէտք Է Հրաժարի Զինուելու Քաղաքականութենէն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ալիեւ. Հայաստանը Պէտք Է Հրաժարի Զինուելու ՔաղաքականութենէնԱտրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեր է, թէ Հայաստանը «պէտք է հրաժարի սպառազինուելու քաղաքականութենէն»։ Ան նաեւ խոստովաներ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «ոչ մէկ անջատողական» չէ մնացսծ Ալիեւը նաեւ նշեր է թէ Ատրպէյճանը հասած է իր ուզածին եւ պատերազմ չուզեր։ Ան զինուորական նուագախումբերու մասնակցութեամբ երթեր կազմակերպած է Ստեփանակերտի, Շուշիի, Լաչինի եւ Պաքուի մէջ։ Ըստ անոր…
-
Ամերիկեան Նոր Կործանիչներ Կը Հասնին Միջին Արեւելք
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ամերիկեան Նոր Կործանիչներ Կը Հասնին Միջին ԱրեւելքԱմերիկեան ռազմական օդանաւերու խումբ մը Մեծ Բրիտանիայէն տեղափոխուեր է Միջին Արեւելք, կը հաղորդէ ԱՄՆ բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM): Նախապէս The Times of Israel-ը հաղորդած էր որ Միացեալ Նահանգները որոշած է F-15E Strike Eagle կործանիչներ ժամանակաւորապէս Յորդանան տեղափոխել, նկատի ունենալով Իսրայէլի վրայ Իրանի հաւանական հրթիռային յարձակման հետ կապուած մտավախութիւնները: Իր հերթին…
-
Համահայկական Ձմեռնային 2րդ Խաղերը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Համահայկական Ձմեռնային 2րդ ԽաղերըՀամահայկական ձմեռնային 2րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Փետրուար 2025ին Ջերմուկի մէջ։ Մրցումները պիտի սկսին Փետրուար 1ին եւ կ՛աւարտին 7ին։ Խաղերու խորհրդանիշը արդէն իսկ հաստատուած է գործադիր մարմինին կողմէ։ Ձմեռնային այս խաղեր կը ներառեն եօթը մարզաձեւեր կամ խաղեր, ինչպէս՝ դահուկավազք, լեռնադահոյկ, ճատրակ եւայլն։
-
ԵՄ-Վրաստան Բանակցութիւնները Վտանգուած Են
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄ-Վրաստան Բանակցութիւնները Վտանգուած ԵնՖրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ Քանցլըր Օլաֆ Շոլց եւ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը միասնաբար յայտարարութիւն հրապարակած են որ պիտի չաջակցին Վրաստանին ԵՄին անդամակցելու շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկին, եթէ Վրաստանի մէջ բարեփոխումներ չկատարուին։
-
Սասունցի Դաւիթի Արձանի 65ամեակ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սասունցի Դաւիթի Արձանի 65ամեակԵրեւանի մէջ, արուեստասէրները նշած են Երուանդ Քոչարի քանդակած «Սասունցի Դաւիթ» արձանի տեղադրման 65ամեակը։ Արձանին վրան ներկայացուած է լուսային ցուցադրութիւն՝ ձայնային ձևավորումներով, իսկ պատուանդանին վրան ցուցադրուեր են արձանի ստեղծումը ներկայացնող լուսանկարներ։
-
Գերմանիա Մտադիր է Կազմակերպել 2040ի Ողիմպիական Խաղերը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գերմանիա Մտադիր է Կազմակերպել 2040ի Ողիմպիական ԽաղերըԳերմանիա մտադիր է հիւրընկալել 2040ին տեղի ունենալիք 37րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը, կը գրէ գերմանական DW-ն: 2040ին Գերմանիա պիտի տօնէ վերամիացման 50ամեակը Յաջորդ տարի տեղի ունենալիք մրցոյթին, Գերմանիա դիմում պիտի ներկայացնէ` հիւրընկալելու ամառնային Խաղերը: 2036ին տեղի ունենալիք ամառնային ողիմպիական խաղերու վայրը դեռ որոշուած չէ:
-
Պիտի Չմեկնիմ Պաքու, Ատրպէյճանը Էթնիկ Զտումներ իրականացուցած է Հայերու Դէմ։
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Պիտի Չմեկնիմ Պաքու, Ատրպէյճանը Էթնիկ Զտումներ իրականացուցած է Հայերու Դէմ։Շուէտացի բնապահպան Կրեթա Թունպերկ յայտարարած է որ պիտի չմեկնի Պաքու մասնակցելու ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան խորհրդաժողովի 29-րդ նստաշրջանին: Ան ըսած է թէ Ատրպէյճանը բռնատիրական երկիր է որ բռնութիւններ կը գործադրէ իր քաղաքացիներուն հանդէպ, իսկ հայերու նկատմամբ գործադրած է էթնիկ զտումներ:
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 1097Միացեալ Նահանգները Լեհաստան ուղարկած է Abrams թանկերու նորագոյն M1A2SEPv3 տարբերակի առաջին խմբաքանակը, կը հաղորդէ լեհական Defense24 պարբերականը։ Պարբերականին համաձայն նոր Abrams-ը Լեհաստան պէտք է հասնի քանի մը շաբաթէն։ Ծրագրուած է մատակարարումները աւարտին հասցնել 2026ի վերջաւորութեան։ Լեհաստանը պայմանագիր ստորագրած է ստանալու 250 Abrams թանկեր, ինչպէս նաեւ օժանդակ սարքաւորումներ։
-
Իսրայէլ Կը Հարուածէ Սուրիոյ Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսրայէլ Կը Հարուածէ Սուրիոյ ՄէջՄիջին Արեւելքի մէջ շարունակուող պատերազմական գործողութիւնները ամէնէն բիրտ կերպով կը շարունակուին։ Երէկ գիշեր Իսրայէլի ռազմական օդանաւերը ռմբակոծած են Սուրիոյ Սէյիտա Զէյնապ արուարձանը, որ կը գտնուի Դամասկոսի միջազգային օդանաւակայանի ճամբուն վրայ։ Al Hadath հեռատեսիլի կայանը կը յայտնէ թէ պայթումներ որոտացած են ԱլՄազար շրջանին մէջ, սուրիական բանակին օժանդակող «Հըզպալլահ»ի կեդրոններոն մօտ։ Կորուստներու…






