Լուրեր
-
Կտանսքի Հայկական Միութիւնը Կը Տօնէ Արշիլ Կորքիի 120ամեակը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կտանսքի Հայկական Միութիւնը Կը Տօնէ Արշիլ Կորքիի 120ամեակըԱմերիկահայ նկարիչ, Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան) արուեստը Լեհաստանի մէջ հանրաճանաչ դարձնելո համար, Կտանսքի հայկական միությունը 2024-ի ձեռնարկները նուիրած է արուեստագէտի 120-ամեակին։ Ցարդ կազմակերպուած են ցուցահանդէսներ, շնորհանդէսներ եւ փառատօններ։ Կտանսքի հայկական միութեան նախագահ նկարիչ Գաֆիկ Պարսամեան նշած է որ Դեկտեմբերին նախատեսուած է հրապարակել գիրք մը, որ կը պատմէ Կորքիի կեանքը եւ գործունէութիւնը։…
-
ԵՄ-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Դադրեցո՞ւմ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄ-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Դադրեցո՞ւմԵւրոպական Միութեան արտաքին գործերոց եւ անվտանգութեան ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլ առաջարկած է Եւրոպական Միութեան դադրեցնել բանակցութիւնները Իսրայէլի հետ՝ Կազայի շրջանի մարդու իրաւունքներու խախտումներու գծով, կը յայտնէ Reuters-։ Ան նամակ ուղարկած է ԵՄ անդամ երկրներու արտաքին գործոց նախարարներուն՝ արտահայտելով իր մտահոգութիւնը Կազայի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու գծով։ Reuters-ի աղբիւրները կը նշեն որ…
-
Հայաստան Պրոնզէ Մետալակիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Պրոնզէ ՄետալակիրՀայաստանը ներկայացնող Եարոսլավ Կիսիլիով-Սոֆիա Ֆիլիպչուկ պարային զոյգը պրոնզէ մետալ շահած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 10 պարաձեւերով աշխարհի ախոյեանութեան: ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի սփորթային պարերու ֆետերասիոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ախոյեանութեան մասնակցած են 31 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Ֆետերասիոնի նախագահ Գէորգի Բաբայեանի համաձայն՝ աշխարհի ախոյեանութիւնը ամէնաբարձր մակարդակով էր։
-
Ճատրակի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ճատրակի Եւրոպայի Անհատական ԱխոյեանութիւնՀայաստանը ներկայացնող ճատրակի վարպետները կը շարունակեն իրենց մրցումները Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ 5րդ հանգրուանէն ետք Ռոպէրթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեանն ունին 4ական կէտ: Ախոյեանութեան չորս խաղացող 4,5 կէտով առաջին դիրքի վրայ է: Ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մոնթենեկրոյի մէջ։ Մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին…
-
Շարլ Ազնաւուրը Հայ Նկարիչներու Աչքերով
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Շարլ Ազնաւուրը Հայ Նկարիչներու ԱչքերովՇարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 11ին Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ բացուեցաւ երգիչին նուիրուած La Bohème խորագիրով ցուցահանդէսը։ Ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած է հարիւր հայ նկարիչի հարիւր ստեղծագործութիւն՝ ներշնչուած երգիչի « La Bohème » ստեղծագործութենէն։ Կտաւները կը ներկայացնեն Ազնաւուրը, անոր երաժշտութիւնը եւ գործունէութիւնը։
-
Խորհրդարանը Մերժեց Ընդդիմութեան Նախագիծը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Խորհրդարանը Մերժեց Ընդդիմութեան ՆախագիծըՀայաստանի խորհրդարանը չընդունեց ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու կողմէ «Ատրպէյճանում պահուող հայ ռազմագերիների վերաբերեալ» ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը: նախագիծը ստացաւ 30 կողմ ձայն։ Քպական երեսփոխանները չմասնակցեցան քուէարկութեան։ Ըստ խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, ընդդիմութիւնը գերիներու հարցով քննարկում հրաւիրած է քաղաքական նպատակներով եւ թէ հայ գերիները կը վերադառնան թէ ոչ, կախեալ է ոչ…
-
Բողոքի Ցոյց Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բողոքի Ցոյց Ատրպէյճանի Դեսպանատան ԱռջեւՇուէտացի բնապահպան Կրեթա Թունպերկը մասնակցեր է Նոյեմբեր 11ին Թիֆլիսի Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ կազմակերպուած բողոքի հաւաքին։ «Իլհամ Ալիեւը բռնապետ է» կարգախօսի տակ տեղի ունեցած բողոքի մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել ատրպէճանական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալները եւ կը քննադատէին ՄԱԿ-ը COP-29 խորհրդաժողովը Պաքուի մէջ գումարելու որոշումին համար։ «COP-29-ը քաղաքական երեսապաշտութեան օրինակ է», – գրուած էր…
-
Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոճիրները Կը Շարունակուին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոճիրները Կը ՇարունակուինԻսրայէլի օդանաւային ռմբակոծումներու հետեւանքով, վերջին երկու օրերուն Լիբանանի մէջ սպաննուեր է 43 հոգի, որոնցմէ երեքը հիւանդանոցի աշխատողներ, իսկ զոհերուն մեծ մասը կանայք եւ երեխաներ են, կը յայտնէ Elnashra լրատուականը։ Ռմբակոծումներու թիրախ դարձած են տարբեր շրջաններ։ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 8 Հոկտեմբեր 2023ին սկսած պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր սպաննուած է 3189…
-
Արսէն Խանճեան Փոխախոյեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Արսէն Խանճեան ՓոխախոյեանՂազախիստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ տեղի ունեցող Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան 98 քկ. Ծանրութեան մրցումներուն, Արսէն ԽանՃեան դարձեր է փոխախոյեան։
-
Ռուս Սեմենովան Կը Փափաքի Միջազգային Մրցումներուն Մասնակցիլ Հայաստանի Դրօշի Ներքոյ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուս Սեմենովան Կը Փափաքի Միջազգային Մրցումներուն Մասնակցիլ Հայաստանի Դրօշի ՆերքոյՌուս գեղարուեստական մարմնամարզի 2014ի աշխարհի ախոյեան Ալեքսանտրա Սեմենովան որոշած է միջազգային մրցումներուն մասնակցիլ Հայաստանի դրօշի տակ, յայտնած է անոր մայրը։ Սեմենովան 26 տարեկան է։ 2015ին ան դուրս մնացած է Ռուսիոյ կազմէն, իսկ վերջին տարիներուն մասնակցած է անհատական մրցումներու։






