Լուրեր
-
13 Երկիրներ Դէմ Են Մահապատիժի Վերացման
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: 13 Երկիրներ Դէմ Են Մահապատիժի Վերացման13 երկիրներ դէմ քուէարկած են մահապատիժը վերացնելու ՄԱԿ-ի բանաձեւին։ Երկրներու ամբողջական ցանկը, որոնք դէմ են մահապատիժի վերացման Իրան, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Ճափոն, Հնդկաստան Ս. Արաբիա, Իրաք, Պահրէյն Քաթար, Քուէյթ, Լիպիա, Եգիպտոս եւ Փաքիստան Ուշագրաւ է որ դէմ քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը արաբական երկիրներ են։
-
Ատրպէճանական Վանտալիզմը Կը Շարունակուի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ատրպէճանական Վանտալիզմը Կը ՇարունակուիՎերջին օրերուն լուրեր հաղորդուած են թէ Ատրպէյճանը ոչնչացուցած է Արցախի Կովսականի շրջանի 19րդ դարուն կառուցուած Տանձատափ եկեղեցին, որ կը համարուի շրջանին ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկը, յայտնած է «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի տնօրէն Ռոպէրթ Ղազարեան Անոր կարծիքով՝ քանի դեռ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն նկատմամբ միջազգային հանրութեան կողմէ կոշտ քայլեր չկան, ատրպէյճանցիք պիտի շարունակեն իրենց…
-
Պորէլ Կը Բացառէ ԵՄ-Ռուսիա Զինուորական Բախում
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Պորէլ Կը Բացառէ ԵՄ-Ռուսիա Զինուորական ԲախումԵՄ դիւանագիտութեան պետ Ժոզէփ Պորէլ վստահեցուց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ եւրոպական զօրքերուն միջեւ ընդհարում չի նախատեսուիր։ «Մենք պատերազմող կողմ չենք, մենք պատերազմի մաս չենք կազմեր, Ուքրանիոյ մէջ եւրոպական զօրքեր չկան», – յայտարարած է ան Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական միութեան պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Պորէլ անգամ մը եւս ընդգծած…
-
ԱՄՆ-ի Պետքարտուղարի Օգնականը Կը Հաստատէ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԱՄՆ-ի Պետքարտուղարի Օգնականը Կը ՀաստատէՄիացեալ Նահանգներու պետքարտուղարի օգնական Պրայըն Նիքըլս յայտարարեր է որ Ուքրանիոյ կողմէ ամերիկեան հեռու հասողութեամբ զէնքերու օգտագործման արտօնութիւնը կրնայ ստիպել Ռուսիոյ որ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ։ Պետքարտուղարի օգնականը այս մասին յայտներ է պրազիլիական O Globo պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Այս ձեւով, ան կը հաստատէ Նոյեմբեր 18էն ի վեր շրջանառուող լուրերը, որոնց…
-
Սովի Եւ Աղքատութեան Դէմ Պայքարի Դաշինք
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սովի Եւ Աղքատութեան Դէմ Պայքարի ԴաշինքԱւելի քան 80 երկիր միացեր է սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի դաշինքին, յայտարարեր է Պրազիլիոյ նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվան՝ Ռիօ Տը Ժընէյրոյի G20-ի գերաստիճանի բացման ընթացքին։ Սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի դաշինքը Պրազիլիոյ նախաձեռնութիւնն է։ Անոր նպատակն է համախմբել հանրային քաղաքականութեան եւ արհեստագիտութեան կարելիութիւններն ու առաջարկները, որոնք արդիւնաւէտ…
-
Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Հաստատէ Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Հաստատէ Արցախահայութեան Վերադարձի ԻրաւունքըՀայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիէզ, անդրադառնալով Արցախի հայերու տունդարձի իրաւունքին, յիշեցուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը։ «2023ի Նոյեմբեր 17ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հաստատեց Արցախը հարկադրաբար լքած հայերու՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը։ Մէկ տարի անց Ատրպէյճանին ուղղուած այս հրամանը կը մնայ անկատար։ Ֆրանսան ոչինչ մոռցած է ոչինչ պիտի զիջի՝ ոչ…
-
Հայաստան Յաղթեց Լաթվիոյ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Յաղթեց ԼաթվիոյԱզգերու Լիկայի մրցաշարքի զտումի մրցումներու ծիրէն ներս, երէկ Հայաստանի ազգային խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Լաթվիոյ, անոր իսկ դաշտին վրայ։Հայաստանի կոլերը նշանակեցին էտուարտ Սպերցեան եւ Արթուր Միրանեան 48րդ եւ 74րդ վայրկեաններուն։ Այս յաղթանակով Հայաստան ապահովեց փլէյ-օֆֆի իր մասնակցութիւնը։
-
Հայաստան Գրաւեց 8րդ Դիրքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Գրաւեց 8րդ Դիրքը«Մանկական Եtրատեսիլ 2024»ը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր Մատրիտի մէջ։ Վրացի Անտրէա Բութքարաձէ հանդիսացաւ առաջին 239 կէտով։ Հայաստանը ներկայացնող Լէօ՝ հանդիսացաւ 8-րդ 125 կէտով: Նշենք, որ Հայաստանի ներկայացնող Լէօ, երգիչներ Մարտին Մկրտչեանի եւ Հռիփսիմէ Յակոբեանի զաւակն է։
-
Չինաստան-Հարաւային Քորէա Տնտեսական Համագործակցութիւն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Չինաստան-Հարաւային Քորէա Տնտեսական ՀամագործակցութիւնՉինաստանը սկսած է հրաւիրել հարաւքորէական ընկերութիւններ ներդրումներ կատարելու Չինաստանի մէջ, յայտարարեր է Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփինը Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սռոկ Եոլի հետ հանդիպման ժամանակ։
-
Բողոքի Ցոյցեր Աբխազիոյ Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բողոքի Ցոյցեր Աբխազիոյ ՄէջԱբխազիոյ մէջ ցուցարարներ վերահսկողութեան տակ առած են խորհրդարանը, կառավարութեան շէնքը եւ հանրապետութեան նախագահի նստավայրը, կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս»-ը։ Ընդդիմութինը բողոքի ցոյցեր կատարած էր խորհրդարանին մօտ, պահանջելով նախագահ Պժանիայի հրաժարականը։






