Լուրեր
-
Արցախեան Ձեռագրերու Հանրայնացում
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Արցախեան Ձեռագրերու ՀանրայնացումԵրեւանի Մատենադարանի մէջ պահուող Արցախի գրաւոր ժառանգութեան վերականգման եւ հանրայնացման աշխատանքները սկսած են։ Այս ծրագիրը կ՛իրականացուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ։ Ծրագիրին յատկացուած է 74 հազար տոլար։ Ծրագրի ծիրէն ներս ընտրուած են Գանձասարի, Դադիվանքի, Գնդեվանքի, Խադավանքի, Գտչավանքի եւ հայկական միջնադարեան վանքերու մէջ 13-18-րդ դարերու ընթացքին գրուած եւ նկարազարդուած ձեռագրեր, արխիւային եզակի…
-
Իրաքցի Կամաւորներ Կ՛ուղղուին Սուրիա
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրաքցի Կամաւորներ Կ՛ուղղուին ՍուրիաԻրանի աջակցութիւնը վայելող հարիւրաւոր իրաքցի կամաւորներ մտած են Սուրիա, կառավարական ուժերուն օգնելու ահաբեկիչներու դէմ պատերազմին։ Անցեալ շաբաթավերջին Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող հակակառավարական ուժերը անակնկալ յարձակումով գրաւած էին Սուրիոյ երկրորդ մեծ քաղաքը՝ Հալէպը։ Իրաքեան եւ սուրիական աղբիւրները հաստատած են Ռէօթըրզի լուրը։ Ըստ իրաքեան աղբիւրներու 300 իրաքցիները հատած են սահմանը։ Միւս կողմէ Իրանի…
-
Հայաստանի ԱԳՆ Կը Հետեւի Սուրիոյ Դէպքերուն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի ԱԳՆ Կը Հետեւի Սուրիոյ ԴէպքերունԱրմէնփրէսի հետ զրոյցի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան յայտնած է որ նախարարութիւնը կը հետեւի Սուրիոյ մէջ կատարուող դէպքերուն։ Ան հաղորդած է նաեւ որ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը իր աշխատանքները կը շարունակէ Դամասկոսէն։ Յիշեցնենք որ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներ գրաւած են Հալէպի մէկ մասը։
-
Համահայկական Հիմնադրամը Հաւաքեր է 13.5 Միլիոն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Համահայկական Հիմնադրամը Հաւաքեր է 13.5 ՄիլիոնՀայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուան դրամահաւաքին հավաքուեր է մօտաւորապէս 13,5 միլիոն. տոլար։ Այս մէկը երջին տարիներուն համար աննախադէպ ցուցանիշ է, յայտներ է հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը։
-
Սուրիական Ճակատը Կը Բռնկի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սուրիական Ճակատը Կը ԲռնկիԹուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներ յարձակումի անցած են սուրիական, իրանեան եւ ռուսական ուժերուն դէմ։ Այս խմբաւորումները յաջողած են գրաւել 56 գիւղեր եւ կը շարժին դէպի Հալէպ։ Իրանը կը ծրագրէ յատուկ զօրքեր տեղափոխել Սուրիա, իսկ տեղւոյն իշխանութիւնները յատուկ ջոկատայիններ ուղարկած են շրջան։ Ռուսիա կը շարունակէ օդանաւերով ռմբակոծել ահաբեկիչները։ Թուրքիա բացած է…
-
Մաէսթրօ Սմբատեան Քանատայի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մաէսթրօ Սմբատեան Քանատայի ՄէջՀայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանը Նոյեմբեր 30ին ելոյթ պիտի ունենայ Քանատա՝ «Regent» թատրոնին մէջ, ղեկավարելով Օնթարիոյի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը։ Նուագախումբը մաէսթրօ Սմբատեանի գլխաւորութեամբ հանդէս պիտի գայ ռուս մեծ երաժիշտ Պիոտր Չայքովսքի նշանաւոր «Մարդուկ-ջարդուկ» («Շչելկունչիկ») բալէտի համերգային կատարումով։
-
Իրան Պատերազմիլ Չի Փափաքիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրան Պատերազմիլ Չի ՓափաքիրԻրանը Իսրայէլի հետ ուղղակի պատերազմիլ չի փափաքիր, սակայն պատրաստ է հակադարձել Իսլամական Հանրապետութեան լայնածաւալ պատերազմի մէջ ներգրաւելու՝ Իսրայէլի բոլոր սպառնալիքներուն, յայտարարեր է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճին, Փորթուգալի մէջ ՄԱԿ-ի «Քաղաքակրթութիւնների դաշինք» խորհրդաժողովէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին։ Իրանական դիւանագիտութեան ղեկավարը ընդգծեր է որ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններու լուծման պատասխանատուութիւնը…
-
Երեւան-ՀԱՊԿ Գործակցութեան Նոր Է՞ջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Երեւան-ՀԱՊԿ Գործակցութեան Նոր Է՞ջՌուսիա յոյսով է որ Հայաստան կը վերադառնայ ՀԱՊԿ-ի հետ ամբողջական համագործակցութեան, յայտներ է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան։ Ան աւելցուցած է Երեւանի եւ ՀԱՊԿ-ի միջեւ ամբողջական համագործակցութեան դռները բաց են, ակնկալելով որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը յաղթահարէ կասկածները եւ կը վերսկսի շահաւէտ համատեղ աշխատանքը;
-
«Թթի Տնական Օղի» Ֆիլմի Նախագիծը Արժանացած է Մրցանակի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Թթի Տնական Օղի» Ֆիլմի Նախագիծը Արժանացած է ՄրցանակիPublished by Armenpress, original at https://armenpress.am/hy/article/1205877 Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցած Ճիհլաւայի ֆիլմերու միջազգային փառատօնին, բեմադրիչ Անժելա Ֆրանգեանի «Թթի տնական օղի» ֆիլմի նախագիծը «Նոր տեսլականներ» ցուցադրութեան արժանացեր է Current Time TV մրցանակին։ Բեմադրիչը պատերազմէն ետք կը վերադառնայ նոյն վայրերը` այս անգամ փնտռելու թթենի ապրեցնող կեանքի համը։ «Թթի արաղ ունե°ք»,-պարզ հարցումով կը…
-
Զինադուլ Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Զինադուլ Լիբանանի Եւ Իսրայէլի ՄիջեւԻսրայէլի եւ լիբանանեան «Հըզպալլահ»ի միջեւ զինադուլը ի զօրու կը դառնայ Նոյեմբեր 27ին Կրինուիչի ժամով ժամը 2;00ին, յայտարարեց ԱՄՆի նախագահ Ճօ Պայտըն։ Ան ըսաւ թէ երկու կողմերն ալ ընդունած են ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնագիրը։ Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի հարաւէն տեղահանուած բնակիչները սկսած են վերադառնալ իր տուները։






