Լուրեր
-
Ուքրանիոյ Տարածքով Ռուսական Կազի Տարանցումը Պիտի Դադրի Յունուար 1էն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ուքրանիոյ Տարածքով Ռուսական Կազի Տարանցումը Պիտի Դադրի Յունուար 1էնՈւքրանիոյ տարածքով ռուսական գազի տարանցումը պիտի դադրի 2025 Յունուարի 1ի առաւօտեան՝ ըստ պայմանագրի աւարտին։ Ուքրանական «Նեւթոկազ»-ի եւ ռուսական «Կազպրոմ»-ի միջեւ համաձայնագիրը ստորագրուած էր 2019ին՝ հինգ տարի ժամկէտով։ Ուքրանիոյ տարածքով Ռուսաստան կազը կը մատակարարէ եւրոպական երկիրներուն։
-
Կրճատել Աշխատաժամի Տեւողութիւնը՝ Պահելով Աշխատավարձի Չափը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կրճատել Աշխատաժամի Տեւողութիւնը՝ Պահելով Աշխատավարձի ՉափըԿը նախատեսուի օրական աշխատանքային ժամերը կրճատել 8 ժամէն 7 ժամի, շաբաթական աշխատանքային ժամերը 40 ժամէն 35 ժամի եւ այս փոփոխութիւնները պիտի չազդեն աշխատավարձերու նուազեցման։ Այս փոփոխութիւններու նպատակն է բարելաւել աշխատանքի եւ անձնական կեանքի հաւասարակշռումը, հնարաւորութիւն տալով աշխատողներուն աւելի շատ ժամանակ յատկացնել ընտանիքին, հանգիստին եւ ինքնազարգացման, նուազեցնել ճնշուածութիւնը եւայլն։ Փոփոխութիւններէն ետք…
-
Հնդկաստանը Հայաստանի Համար Կարեւոր Գործընկեր Է
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հնդկաստանը Հայաստանի Համար Կարեւոր Գործընկեր ԷՀայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Նիւ Տելհի հնդկական կողմին հրաւէրով: Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ Հնդկաստանի հետ բարեկամական եւ փոխշահաւէտ կապերու ամրապնդումը։ Տեղի ունեցած են շարք մը հանդիպումներ: Ալէն Սիմոնեանի առաջին հանիպումը եղած է Հնդկաստանի նախագահին հետ: Համագործակցութեան կարեւորութեան եւ այլ հարցերու կողքին, քննարկուած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան…
-
Հայաստան Կը Մասնակցի Վիեննայի Տօնավաճառին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Կը Մասնակցի Վիեննայի ՏօնավաճառինՀայաստանի մասնակցութիւնը կը շարունակուի Վիեննայի Շփիթելպըրկի Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառին։ Ցուցադրութեան դրուած են շուրջ 70 վարպետենրու ձեռագործ աշխատանք՝ փայտարուեստի, ասեղնագործութեան, թաղիքագործութեան, խեցեգործութեան, տիկնիկագործութեան, մետաղագործութեան նմուշներ, ամանորեայ խաղալիքներ, յուշանուէրներ: Շփիթելպըրկի տօնավաճառը Վիեննայի Սուրբ Ծննդեան ամէնայայտնի տօնավաճառներէն է, ուր ամեն տարի կ՛այցելեն հազարաւոր այցելուներ։
-
Ալիեւ Կը Գանգատի Եւրոպացի Դիտորդներէն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ալիեւ Կը Գանգատի Եւրոպացի ԴիտորդներէնՆԱԹՕ–ի անդամ Թուրքիոյ հետ ռազմականօրէն սերտ համագործակցութիւն ունեցող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ՌԻԱ Նովոստիին տուած հարցազրոյցին բողոքեր է հայ–ատրպէճանական սահմանին՝ սահմանի ՀՀ կողմէ «ՆԱԹՕ–ի ենթակառուցուածքներու ստեղծումէն»։ Ան ըսած է թէ եւրոպացի դիտորդներու անուան տակ ՆԱԹՕ–ի ենթակառուցուածք ստեղծուած է։ Ըստ Ալիեւի՝ եւրոպացի դիտորդներու հարցը համաձայնեցուած էր Պաքուի հետ 2022–ին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ…
-
Պաքուի Էթնիկ Զտումները Դատապարտող Բանաձեւ ԱՄՆ-ի Սենաթին Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Պաքուի Էթնիկ Զտումները Դատապարտող Բանաձեւ ԱՄՆ-ի Սենաթին ՄէջՄիացեալ Նահանգներու սենաթորներ Կէրի Փիթըրս եւ Պիլ Քեսիտի ներկայացուցած են երկկուսակցական բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Արցախի հայութեան դէմ Ատրպէյճանի կատարած էթնիկ զտումները եւ կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները։ Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ նաեւ արգիլել ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութեան…
-
Ճուլանի. «Իսրայէլ Պէտք Է Հեռանայ»։
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ճուլանի. «Իսրայէլ Պէտք Է Հեռանայ»։Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու փաստացի ղեկավար Ահմէտ Ալ Ճուլանի The Times-ին տուած հարցազրոյցի մէջ կը յայտնէ թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ Սուրիոյ այն տարածքներէն, որոնք գրաւած է վերջին իրադարձութիւններու ընթացքին։ Ան նաեւ յայտարարած է Սուրիոյ դէմ կիրառուող պատժամիջոցներու չեղարկման եւ երկիրէն գաղթած սուրիացիներուն վերադարձի համար պայմաններու ստեղծման անհրաժեշտութեան մասին։ Միաժամանակ անցումային…
-
Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդը Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքի Բանաձեւը Վաւերացուց
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդը Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքի Բանաձեւը ՎաւերացուցԶուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատը) 96կողմ, 80 դէմ եւ 16 ձեռնպահութեամբ այսօր վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ հրաւիրել միջազգային խաղաղութեան համաժողով, նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Արցախի հայութեան միջեւ երկխօսությեան միջազգային հսկողութեան տակ, անոնց անվտանգութեան եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը քննարկելու համար։ Բանաձեւը պիտի ներկայացուի խորհրդարանի վերին պալատին Նահանգներու…
-
ԵՄ Ներկայացուցիչը Կ՛այցելէ Դամասկոս
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄ Ներկայացուցիչը Կ՛այցելէ ԴամասկոսԵՄ ներկայացուցիչը արդէն այցելած է Դամասկոս Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն հետ հանդիպումներու համար։ «Մեր ներկայացուցիչը, որ կ՛աշխատի Պէյրութ, արդէն այցելած է Դամասկոս նոր իշխանութիւններուն հետ կապ հաստատելու համար», – յայտնած է Քալա Քալասը։
-
Երեւանը Պիտի Ունենայ Քաղաքային Նոր Այգի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Երեւանը Պիտի Ունենայ Քաղաքային Նոր ԱյգիՄիասնիկեան պողոտային եւ Լվովեան փողոցին յարող շուրջ 30 հեքթար տարածքի վրայ պիտի հիմնուի քաղաքային նոր այգի: Նախագիծը ներկայացուցած է «Կանաչապատում եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն» ՀՈԱԿ-ի տնօրէն Արմէն Բեգոյեան։ Բեգոյեանի համաձայն տարածքի մէկ մասին վրայ այս գարնան արդէն իրականացուած են քանդման աշխատանքներ, սակայն տակաւին կայ 36 հողատարածք, որոնց վրայ կը գտնուին…






