Լուրեր
-
Հայաստանի Եւ Ճափոնի միջեւ Գործակցութեան Նոր Համաձայնագիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի Եւ Ճափոնի միջեւ Գործակցութեան Նոր ՀամաձայնագիրՀայաստանի եկամուտներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեան եւ Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աոքի Եուտակա Դեկտեմբեր 26ին ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ճափոնի միջեւ եկամուտներու կրկնակի հարկումը բացառելու եւ հարկումէ խուսափելն ու շրջանցելը կանխելու մասին» համաձայնագիր: Համաձայնագիրը հնարաւորութիւն կ ուտայ խրախուսել ձեռնարկատիրական գործունէութիւնը երկու պետութիւններուն մէջմ ստեղծելով մրցակցային նպաստաւոր պայմաններ,…
-
Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիկ Նուագախումբը Չինաստանի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիկ Նուագախումբը Չինաստանի ՄէջՀայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը Դեկտեմբեր 28էն Յունուարի 2 ելոյթներ պիտի տայ Չինաստանի մէջ։ Նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, կ՛ունենայ 6 համերգ Չինաստանի 5 քաղաքներու մէջ՝ Փեքին, Ուրումճի, Ճանան, Նանթոնկ եւ Չենտու։ Համերգային ծրագիրները կ՛ընդգրկեն հայ, ռուս եւ եւրոպացի դասականներու ստեղծագործութիւններ։ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը յաճախակի հիւր է…
-
Վերաբացում Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան Մնայուն Ցուցադրութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վերաբացում Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան Մնայուն ՑուցադրութեանՉորեքշաբթի 25 Դեկտեմբերին, Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիլիկիոյ Հայոց թագավորութիւն. կարողութեամբն Աստուծոյ (XI-XIV դդ.)» խորագրով մնայուն ցուցադրութեան վերաբացումը, 4 տարուան ընդմիջումէ ետք։ Ներկայացուած ցուցանմուշներու շարքին կ՛առանձնանայ Կիլիկիոյ իշխանապետութեան եւ թագաւորութեան շրջանի մետաղադրամներու հաւաքածոն։ Այցելուները կրնան ծանօթանալ XI-XIV դարերու Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ստեղծման, կայացման եւ զարգացման ընթացքին։ Ներկայացուած են…
-
Ատրպէճանական Օդանաւի Արկած
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ատրպէճանական Օդանաւի ԱրկածԱտրպէճանական Օդանաւի Արկած Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը հաղորդած է որ Ղազախիստանի Ակտաու քաղաքի մօտակայքը ատրպէճանական AZAL օդանաւային ընկերութեան օդանաւի արկածէն փրկուած է 32 հոգի: Աւելի կանուխ հաղորդուած էր որ Պաքուէն Կրոզնի ուղղուող օդանաւին մէջ եղած է 62 ուղեւոր եւ անձնակազմի 5 անդամ։ Դեկտեմբեր 25ին Ակտաուի մօտակայքը ինկած եւ բռնկած է Azerbaijan…
-
Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Վերաբնակեցնել Գրաւեալ Շուշին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Վերաբնակեցնել Գրաւեալ ՇուշինԱտրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յանձնարարութեամբ Պաքուն եւս 191 ատրպէյճանցի տեղափոխած է գրաւեալ Շուշի կը յայտնէ APA-ն։ Կը նշուի որ Արցախի եւ յարակից շրջաններու «նախկին բնակիչներէն բացի», Արցախ տեղափոխուած եւ այնտեղ կ՛ապրի մօտաւորապէս 30,000 հոգի՝ որպէս տարբեր նախագիծերու, պետական հաստատութիւններու եւ այլ ձեռնարկութիւններու աշխատակիցներ։
-
Բազմահազարանոց Ցոյցեր Սուրիոյ Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բազմահազարանոց Ցոյցեր Սուրիոյ ՄէջBBC-ն կը հաղորդէ որ ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած տեսանիւթերու համաձայն, Դեկտեմբեր 23ի երեկոյեան դիմակաւորուած զինեալները հրկիզած են Սուրիոյ կեդրոնական Սուքէյլապիյա քաղաքի հրապարակի տօնածառը։ Քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են։ Նախապէս Հոմս քաղաքի տօնածառը նոյնպէս հրկիզուած էր։Հազարաւոր ցուցարարներ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ բողոքի ցույցեր կազմակերպած են՝ պահանջելով որ նոր իշխանութիւնները պաշտպանեն կրօնական…
-
Փաշինեան ԿըԿրկնէ Բանավիճելու Հրաւէրը. Երեք նախագահներուն Արձագանքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Փաշինեան ԿըԿրկնէ Բանավիճելու Հրաւէրը. Երեք նախագահներուն ԱրձագանքըՀայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի նախկին նախագահներուն, որոնք մերժած են Արցախեան բանակցային գործընթացի գծով բանավիճելու առաջարկը, անգամ մը եւս կոչ ըրած է մտածել եւ օգտուիլ այդ հնարաւորութենէն: Անոր խօսքով խնդիրը միայն բանավէճի մէջ չէ, այլեւ՝ ժողովուրդին պատմությունը մեկնաբանելու, զայն հասկանալու հնարաւորութիւն տալու կամ անորմէ զրկելու մասին է: Նախօրէին կատարուած առաջարկին,…
-
Գնդեվազի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Կը Վերանորոգուի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գնդեվազի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Կը ՎերանորոգուիՎայոց ձորի Գնդեվազի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ որմնանկարի ամրակայման եւ վերականգնման աշխատանքները աւարտած են: 17րդ դարի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ որմնանկարի վերականգնման աշխատանքները սկսած էին 2024ին։ Եկեղեցւոյ որմնանկարը վերանկարուած է 1906ին։ Հայաստանի ԿԳՄՍ նախարարութեան պատուէրով որմնանկարի ամրակայման եւ վերականգնման նախագիծը 2021-2022ին իրականացուցած է Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը։ Նախագիծի հեղինակն է…
-
Հռոմի Պապը Կը Դատապարտէ Իսրայէլը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հռոմի Պապը Կը Դատապարտէ ԻսրայէլըՀռոմի Ֆրանչիսքոս պապը կիրակնօրեայ իր քարոզի ընթացքին դաժանութիւն անուանած է Կազայի մէջ տեղի ունեցածը եւ դատապարտած` Իսրայէլը։ Ան կոչ ուղղած է Ս. Ծնունդի առիթով աղօթել յանուն զինադադարի եւ պատերազմի դադրեցման համար։ Նախօրէին Հռոմի պապը քննադատած էր Իսրայէլի կողմէ Կազայի օդային ռմբակոծումները, նշելով որ այդ ռմբակոծութիւններու հետեւանքով երեխաներ կը սպաննուին։
-
Գերմանիա Սուգ Յայտարարեց
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գերմանիա Սուգ ՅայտարարեցԳերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Նէնսի Ֆեսէր սուգ յայտարարեր է Մակտեպուրկի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերի յիշատակին: «Իշխանութեան բարձրագոյն մարմիններու շէնքերու բոլոր դրօշները վար առնուած են », – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:






