Լուրեր
-
Մոլտովան Կ՛անցնի Եուրոյի Գործածութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մոլտովան Կ՛անցնի Եուրոյի ԳործածութեանԱյսօրուընէ սկսեալ Մոլտովայի մէջ եուրօն պիտի դառնայ հիմնական դրամանիշը, գործառոյթներ կատարելու համար, յայտարարեր է երկրի նախագահ Մայա Սանտուն։ «Մեր առեւտուրի աւելի քան 60%-ը եւ դրամական փոխանցումներու 70%-ը եուրոյով են, այս քայլը կ՛ամրապնդէ մեր տնտեսական կապերը Եւրոպական միութեան հետ, ապահովելով աւելի մեծ կայունութիւն Մոլտովայի բոլոր քաղաքացիներուն համար»,- նշեր է երկրի նախագահը:
-
Ասատի Դէմ Մահափո՞րձ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ասատի Դէմ Մահափո՞րձՍուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատ թունաւորման միջոցով մահափորձի ենթարկուած է անցեալ Կիրակի։ Քննութիւնները ցոյց տուած են, որ նախկին նախագահի մարմինին մէջ թունաւոր նիւթի առկայութիւն. երկուշաբթի օրը սակայն Ասատի վիճակը կայունացած է։ Յիշեցնենք որ անցեալ Դեկտեմբեր 8ին Ասատ խոյս տալով Սուրիայէն, ապաստանած էր Ռուսիա։
-
Ռուսիա Կորսնցուցած է 20 Հազար Զինուորական կազմած
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա Կորսնցուցած է 20 Հազար Զինուորական կազմածՇուրջ երեք տարուայ պատերազմի ընթացքին Ռուսիան կորսնուցած է մօտաւորապէս 20 հազար զինուորական կազմած։ OSINT-ի հետաքնողները հաշուած են որ ռուս-ուքրանական պատերազմի սկզիբէն ի վեր, ռուսական կողմը կորսնցուցած է 3668 թանկ, 134 օդանաւ, 149 ուղղաթիռ եւ 28 նաւ։
-
Financial Times-ի Կանխատեսումները 2025ի Համար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Financial Times-ի Կանխատեսումները 2025ի ՀամարԿը կնքուի խաղաղութեան պայմանագիր Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ։ Թրամփը լայնածաւալ սակագնային պատերազմ կը սկսի։ Պիթքոինը կը հասնի $200,000-ի: Չինական արտադրութեան գիները կը շարունակեն նուազիլ: Անգլիոյ աշխատաւորական կառավարութիւնը կը պահէ իր խոստումը` հետագային չբարձրացնել տուրքերը։ Սուտանի պատերազմը կը շարունակուի։ Մենք կ՛ունենանք AI գործաւորներ, որոնք կրնանք աշխատցնել՛
-
Յայտնաբերուած է Բիւզանդիոյ Վերջին Կայսրի Դիմանկարը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Յայտնաբերուած է Բիւզանդիոյ Վերջին Կայսրի ԴիմանկարըՅոյն հնագէտները Փելոփոնէս թերակղզիի հիւսիսը գտնուող Էյալիա շրջանի Թաքսիարխոն վանքի հնագոյն եկեղեցիին մէջ յայտնաբերած են Բիւզանդիոյ վերջին կայսեր Կոնստանտին XI-ի (1449-1453) դիմանկարը, կը յայտնէ Յունաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը։ Հնագէտ Անաստասիա Քումուսին յայտնաբերած եւ նոյնականացուցած է բիւզանդական վերջին կայսրի եզակի դիմանկարը, որ կը թուագրուի 15րդ դարու կէսերուն։
-
2024ին Աշխարհի Բնակչութիւնը Աւելցած է 82 միլիոնով
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: 2024ին Աշխարհի Բնակչութիւնը Աւելցած է 82 միլիոնովՆախորդ տարուայ համեմատ, 2024ին աշխարհի բնակչութիւնը աւելցեր է 82 միլիոնով, կը յայտնէ Գերմանիոյ աշխարհի բնակչութեան հիմնադրամը (Deutsche Stiftung Weltbev lkerung, DSW): Կազմակերպութեան տուեալներով՝ մինչեւ 2025ի Յունուարի 1-ը աշխարհի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 8,156 միլիառի Բնակչութեան ամէնէն մեծ աճ արձանագրուած է Ափրիկէի մէջ DSW-ի մասնագէտները կը կարծեն որ յառաջիկայ երկու տասնամեակներուն…
-
Հարաւային Քորէայի Օդանաւի Զոհերուն Թիւը՝ 177
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հարաւային Քորէայի Օդանաւի Զոհերուն Թիւը՝ 177։ Հարաւային քորէական օդանաւը երկրի Մուան միջազգային օդանաւակայան վայրէջք կատարելու ընթացքին, դուրս եկած է թռիչքի ուղիէն եւ արկածի ենթարկուած՝ մխրճուելով ցանկապատի մէջ: Օդանաւին մէջ կային 181 ճամբորդներ։ Զոհերուն թիւը հասած է 177ի։ Երկու ճամբորդներ փրկուած են եւ երեքը կը մնան անյայտ կորած։ Մինչեւ երէկ ուշ գիշեր որոնողական աշխատանքները կը շարունակուէին։
-
Ուժգին Երկրաշարժ Մը Կը Հարուածէ Հելսինքին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ուժգին Երկրաշարժ Մը Կը Հարուածէ ՀելսինքինՖինլանտայի պատմութեան մէջ ամէնահզօր երկրաշարժը հարուածած է Հելսինքին Ս. Ծննդեան օրը։ Երկրաշարժը տեւած է մէկ վայրկեանէն պակաս։ Չի բացառուիր մարդկային գործօնը, որովհետեւ երկրաշարժի էպիկեդրոնին մօտ գտնուող շրջաններու բնակիչները ուժեղ պայթումներ լսած են եւ ոստիկանութիւնը պայթումի մասին ահազանգեր ստացած է։ Ֆինլանդայի մէջ տարեկան տեղի կ՛ունենան մօտաւորապէս երկու հարիւր երկրաշարժ։
-
Ամերիկեան Հեղուկ Կազ Ուքրանիոյ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ամերիկեան Հեղուկ Կազ ՈւքրանիոյԱռաջին անգամ ըլլալով Ուքրանիան հեղուկ կազ պիտի ստանայ Մ. Նահանգներէն, Յունաստանի տարածքով, կը գրէ Financial Times-ը։ Առաքումը տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ Յունուար մէկին կը լրանայ Ուքրանիոյ տարածքով ռուսական կազի տարանցման հնգամեայ համաձայնագիրի ժամկէտը։ Ըստ պայմաններուն՝ գնումները պիտի շարունակուին մինչեւ 2026ի աւարտը։ Բացի այդ, ընկերութիւնները ունին 20 տարուայ պայմանագիր LNG-ի…
-
Բաղրամեանը Փակուեցաւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բաղրամեանը ՓակուեցաւԲաղրամեանը Փակուեցաւ Անյայտ կորած զինուորներու ծնողները փակած են Երեւանի Բաղրամեան պողոտան։ Անոնք կը պահանջեն հանդիպիլ խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի հետ։ Երեսփոխան Քոչարեան յայտնած է որ կրնայ ընդունիլ միայն չորս հոգիի՝ քսան վայրկեանով։ Մնացեալներուն հետ ան կրնայ հանդիպիլ Յունուարին։ Զինուորներու ծնողները կը պահանջեն որ հանդիպում կայանայ…






