Լուրեր
-
Զօրաւոր Երկրաշարժ Աֆղանիստանի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Զօրաւոր Երկրաշարժ Աֆղանիստանի ՄէջԱֆղանիստանի արեւելեան երկու նահանգներու մէջ տեղի ունեցած է 6 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ։ Նախնական տեղեկութիւններով կան հարիւրաւոր զոհեր եւ աւելի քան 2500 վիրաւորներ, կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։ Իշխանութիւնները վիրաւորներուն ուղղաթիռներով տեղափոխած են ապահով վայրեր, իսկ փրկարարները կը շարունակեն փլատակներու տակ ողջ մնացածներու որոնումները։ Կունարի նահանգին մէջ երեք գիւղ ամբողջութեամբ քանդուած է…
-
Կութերէշ Հուսիներէն Կը Պահանջէ Ազատ Արձակել ՄԱԿ-ի Պաշտօնեաները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կութերէշ Հուսիներէն Կը Պահանջէ Ազատ Արձակել ՄԱԿ-ի ՊաշտօնեաներըՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերէշ դատապարտեր է Եմէնի հուսիներու կողմէ ՄԱԿ-ի 11 պաշտօնեաներու ձերբակալութիւնը եւ պահանջած է անյապաղ ազատ արձակել զանոնք։ CNN-ը կը հաղորդէ որ Օգոստոս 31-ին հուսիները մտած են Սանաայի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի եւ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի գրասենեակներ։ Լրատուամիջոցը յայտնած է այս դէպքը տեղի ունեցած հուսիներու դէմ Իսրայէլի վերջին յարձակումներէն ետք։…
-
Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Միջնադարեան Քրիստոնէութեան նուիրուած Ցուցահանդէս
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Միջնադարեան Քրիստոնէութեան նուիրուած ՑուցահանդէսՍեպտեմբեր 21էն սկսեալ, վեց ամիսով, պատմութեան թանգարանին մէջ պիտի բացուի միջնադարեան քրիստոնէութեանը նուիրուած բացառիկ ցուցահանդէս, ուր առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուին եզակի ցուցանմուշներ։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Լուվրի թանգարանին հետ համագործակցաբար։
-
ԵՄ-ն Կը Նախատեսէ Հինգ Անգամով Աւելցնել Ռազմական Ծախսերը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄ-ն Կը Նախատեսէ Հինգ Անգամով Աւելցնել Ռազմական ԾախսերըԵւրոպական Միութիւնը 2028-2034 թուականներու նոր պիւտճէով կը նախատեսէ հնգակի աւելցնել պաշտպանական ծախսերը, յայտարարեր է Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն Տէր Լայէն: Անոր խօսքով, միջոցները կ՛ուղղուին ԵՄ անդամ երկիրներու վերազինման, արտաքին սահմաններու ամրապնդման եւ Ուքրանիոյ աջակցութեան։
-
«Գութան» Փառատօնը Պիտի Նուիրուի Հայրիկ Մուրատեանի 120ամեակին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Գութան» Փառատօնը Պիտի Նուիրուի Հայրիկ Մուրատեանի 120ամեակինՀայկական ազգային երգ ու պարի ամէնամեայ «Գութան» փառատօնը այս տարի նուիրուած է Հայրիկ Մուրատեանի ծննդեան 120ամեակին։ Փառատոնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 30ին, Երեւանի Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին մէջ (Կասկադ)։ Փառատօնը բացօթեայ է եւ անվճար։ «Գութան» 2025-ի մասնակից խումբերն են՝ «Ակունք», «Վան», «Սասնայ Ծռեր», «Նուպար», «Մասունք», «Վերադարձ», «Մարաթուկցիներ», «Արեգ», «Արդուին», «Սեբաստացիներ», «Ծովակ»,…
-
Իրանի Շիրազ քաղաքի Փերսեպոլիսի Մէջ Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը Հանդէս Պիտի Գայ Համերգով։
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրանի Շիրազ քաղաքի Փերսեպոլիսի Մէջ Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը Հանդէս Պիտի Գայ Համերգով։Փերսեպոլիսի պատմական յուշարձան-համալիրի տարածքին մէջ Սեպտեմբեր 6ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի բացօթեայ համերգը։ Համերգը նուիրուած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հիմնադրման 100-ամեակին։ Համերգի մենակատարն է հռչակաւոր թենոր Լիպարիտ Աւետիսեան։ Կը նշուի որ համերգը կը ղեկավարէ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխավոր խմբավար Էտուարտ Թոփճեան։ Հայաստանի…
-
Նաթանիահու Կը Ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Նաթանիահու Կը Ճանչնայ Հայկական ՑեղասպանութիւնըՓոթքասթըր Փաթրիք Փէթ-Տէյվիտի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու Երեքշաբթի առաջին անգամ յայտարարեց որ կը ճանչնայ է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը կը հաղորդէ Times of Israel: Պատասխանելով հարցումին, թէ ինչու Իսրայէլ չի ճանչնար հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը, Նեաթանիահու պատասխաներ է․ «կը կարծեմ…
-
ԱՄՆ-ի Յատուկ Բանագնացը Յայտարարած Է Թէ Իսրայէլ Իր Զօրքը Կը Հանէ Լիբանանէն Եթէ…
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԱՄՆ-ի Յատուկ Բանագնացը Յայտարարած Է Թէ Իսրայէլ Իր Զօրքը Կը Հանէ Լիբանանէն Եթէ…Լիբանանի կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացնէ Հըզպալլան զինաթափելու իր ծրագիրը, որմէ ետք Իսրայէլ կը յայտարարէ Լիբանանէն իր զօրքերը քաշելու իր ծրագիրը, յայտարարեր է Միջին Արեւելքի ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաք, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք, Պաապտայի պալատին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Լիբանանեան El Nashra լրատուականին համաձայն, Պարաք…
-
Լի Սինվէյ. Հայ Ժողովուրդը Արժանի Է Խաղաղութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լի Սինվէյ. Հայ Ժողովուրդը Արժանի Է ԽաղաղութեանՀայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Ճափոնի դէմ չինական եւ խորհրդային բանակներու յաղթանակի 80-ամեայ յոբելեանը։ Այս առիթով Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լի Սինվէյ իր խօսքին մէջ խորին յարգանքով խօսած է անոնց մասին, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են պաշտպանելու անկախութիւնը, արժանապատուութիւնը, միջազգային արդարութիւնն…
-
Գերմանիոյ ԱԳ Նախարարը Քննադատեր է Կազան Գրաւելու Իսրայէլի Ծրագիրը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գերմանիոյ ԱԳ Նախարարը Քննադատեր է Կազան Գրաւելու Իսրայէլի ԾրագիրըԳերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ քննադատած է Կազաբ գրաւելու Իսրայէլի կառավարութեան ծրագիրը, կը յայտնէ գերմանական Süddeutsche Zeitung պարբերականը։ «Գերմանիոյ հեղինակութիւնը, որպէս եւրոպական դերակատար, կախուած է անոր քաղաքականութեան հետեւողականութենէն միջազգային իրաւունքի պաշտպանութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի պաշտպանութեան հարցով»,- ըսած է նախարարը, Զաղրէպ կատարած այցելութեան ընթացքին, Խրուաթիոյ դեսպաններու…






