Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւն
-
Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած` Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած` Մեր Լեզուն, Մեր ՄշակոյթըԼեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզուապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ՝ ամէնէն շատ սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբաններու կողմէ: Պատահական չէ, որ լեզուապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է գրաւել համաշխարհային գետնի վրայ։ Թիւերով խօսինք Անցեալին ունեցած ենք 12 հազար լեզուներ, եւ այսօր 6 հազար լեզուներ գոյութիւն ունին։ Այս…
-
Քերականական Խոհեր. «Կոր, «Կո», «Կա»
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քերականական Խոհեր. «Կոր, «Կո», «Կա»Կարեւոր հարց մը կայ, որուն շուրջ արեւմտահայ համայնքը չէ կրցած համաձայնիլ։ Ի՞նչ է այս կարեւոր հարցը։ Արեւմտահայերէնի մէջ շարունակական գործողութիւն մը արտայայտելու համար բայի եղանակ չկայ, կամ գոնէ այդպէս կ՛ըսեն քերականութեան գիրքերը եւ «մաքուր հայերէն» գիտցողները։ Չկայ անգլերէն “I am writing”ի նման կամ սպաներէն “estoy escribiendo”ի նման կառուցուածք մը, որ…
-
Վերադարձ Դէպի Հայկական Ուղղութիւն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վերադարձ Դէպի Հայկական Ուղղութիւն«Հայկական Ուղղութիւն» (Հայկական Արեւելում կամ Հայկական Օրիանդացիա) հասկացողութիւնը պարզապէս յղացք չէ, այլ՝ կենդանի եւ զարգացող յանձնառութիւն է որ կը ներկայացնէ այն առանձնայատուկ մշակութային, պատմական եւ ազգային արժէքներու գումարը, որոնք կը սահմանեն հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը: Այս ուղղութիւնը կը կազմաւորէ մեր ինքնութիւնը, կը կառուցէ մեր տեսաշխարհը եւ կ’առաջնորդէ մեզ, երբ կը նաւարկենք…
-
Մխացող Սպիներ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մխացող Սպիներ-Մա՛յրս, «ղատանը ալիյիմ», (ցաւդ առնեմ) յամառութիւն մի՛ ըներ, ել՛, լաթերդ հաւաքէ՛ եւ մեզի հետ եկուր: -Ո՛չ,ես տեղէս շարժողը չեմ. եթէ մեռնիլ մը կայ, ապա ես հո՛ս կը մեռնիմ: -Մա՛յրս, ո՛վ քեզի թոյլ կու տայ, որ մեռնիս. քեզ հետս Ֆրանսա պիտի տանիմ: -Ֆրանսայը «պաթսըն» (կորսուի). եթէ նոյնիսկ երկինքէն կրակ իջնէ, ես…
-
Վերականգնել, Հայերէն Եւ Ազգ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վերականգնել, Հայերէն Եւ ԱզգՀայրենադարձի լեզուական «ԱՏԱՊՏԱՑՈՒՄ»-էն թելադրուած, հասկնալ՝ պատշաճեցումէն, կրկին մտածեցի հայերէնը ըստ իր արմատներուն, իր բառերով եւ իր ուղղագրական հարազատութեամբ վերականգնելու, խօսելու եւ գրելու մասին, որպէս հոգեմտաւոր ենթահողը ազգի վերականգնման, որպէսզի մնանք ճշմարիտի եւ հարազատի շարունակութեան ուղեծիրին վրայ: Այս ազգային եւ քաղաքական հիմնահարց պէտք է ըլլար եւ չէ: Ան օրակարգ չէ ներսի եւ…
-
Հարսանիքէն Առաջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հարսանիքէն ԱռաջՀիւսիսի երկրէն հասնող հարսանեկան հրաւիրագիր մը զօրակոչի ենթարկեց մեր ընտանիքի բոլոր անդամները: Հրաւիրողը ամուսինիս հօրեղբօրորդին էր, Վարդանը, որուն միակ զաւակը կ’ամուսնանար եւ հոն հարազատներ չունենալով՝ կը փափաքէր որ մենք ամբողջ ընտանեօք ներկայ գտնուէինք պսակին: Եւ հրաւէրը ի զօրու դարձնելու համար, ինք յանձն առած էր բոլորիս ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը հոգալ:…
-
Ռամատանն Ու Տօնածառը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռամատանն Ու ՏօնածառըՆոյեմբերեան ցուրտ օր մըն էր, դպրոցէն տուն վերադարձիս տեսայ, որ մեր դրացուհին՝ Լամիան, մօրս նարնջագոյն բրդեայ գազակը հագած էր: Այդ իմ նախասիրածս էր, մօրս ունեցած միւս հագուստ- կապուստներէն: Ես անհամբեր կ’երազէի արագ մեծնալ, որպէսզի կարենայի հագնիլ մօրս սիրուն լաթերը, գլխարկներն ու կօշիկները: _Մա՛մ, կը բաւէ՛, տակաւին երէկ սենեակիդ վառարանը Լամիային…
-
Մեր Լեզուն Եւ Մենք
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մեր Լեզուն Եւ ՄենքԵրանի անոնց որոնք աղաւուող հայերէնը լսելով եւ ընթերցելով չեն տագնապիր: Այդ լեզուով խօսողներ եւ գրողներ ալ բանգիտութիւն կը խաղան: Երբ հայերէն կը խօսինք եւ կը գրենք, եթէ անոր հանդէպ բծախնդրութիւն ցուցաբերենք, ինքնութիւն կը պահենք: Այս նոյնքան կարեւոր է, որքան կարեւոր են ամէն կարգի ցուցական նախաձեռնութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, արուեստի…
-
Յոյսի Աշխարհը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Յոյսի ԱշխարհըՏակաւին քանի մը օր առաջ, կամայ հրաժեշտ տուինք հին տարուան, որ ըստ իր արձանագրած դէպքերուն, ան թերացած էր գոհացնել մեզի իր պատճառած անհամար դժբախտութիւններով, հիւթած պատերազմներով, բնութեան աղէտներով, սփռած սուգ ու աւերով, անարդարութեան ծառայելով…: Վերջապէս ժամանակը հասած էր, որ հին տարին ջաղացքի քարին յանձնելով նետէինք ծովուն յատակը եւ կամ փոշոտած…
-
ՊԱՏՐԱՆՔ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ՊԱՏՐԱՆՔ-Կը ներես համարձակութեանս, բայց լսեցի, որ դուն եւ Արան ……փորձեց հարցնել բարեկամուհի մը, երբ փողոցը հանդիպեցան իրարու: Ռոզին թոյլ չտուաւ, որ խօսքը ամբողջացնէր. անոր աչքերուն մէջ կարդաց սքօղուած հրճուանք մը, որ կը հասկցնէր, թէ ի՛նք ալ այսուհետեւ կը պատկանէր իրենց խմբակցութեան: -Այո՛, ճիշդ է լսածդ- ըսաւ, – բայց չենք ամուսնալուծուած.…






