Լուրեր
-
«Գութան» Փառատօնը Պիտի Նուիրուի Հայրիկ Մուրատեանի 120ամեակին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Գութան» Փառատօնը Պիտի Նուիրուի Հայրիկ Մուրատեանի 120ամեակինՀայկական ազգային երգ ու պարի ամէնամեայ «Գութան» փառատօնը այս տարի նուիրուած է Հայրիկ Մուրատեանի ծննդեան 120ամեակին։ Փառատոնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 30ին, Երեւանի Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին մէջ (Կասկադ)։ Փառատօնը բացօթեայ է եւ անվճար։ «Գութան» 2025-ի մասնակից խումբերն են՝ «Ակունք», «Վան», «Սասնայ Ծռեր», «Նուպար», «Մասունք», «Վերադարձ», «Մարաթուկցիներ», «Արեգ», «Արդուին», «Սեբաստացիներ», «Ծովակ»,…
-
Իրանի Շիրազ քաղաքի Փերսեպոլիսի Մէջ Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը Հանդէս Պիտի Գայ Համերգով։
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրանի Շիրազ քաղաքի Փերսեպոլիսի Մէջ Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը Հանդէս Պիտի Գայ Համերգով։Փերսեպոլիսի պատմական յուշարձան-համալիրի տարածքին մէջ Սեպտեմբեր 6ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի բացօթեայ համերգը։ Համերգը նուիրուած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հիմնադրման 100-ամեակին։ Համերգի մենակատարն է հռչակաւոր թենոր Լիպարիտ Աւետիսեան։ Կը նշուի որ համերգը կը ղեկավարէ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխավոր խմբավար Էտուարտ Թոփճեան։ Հայաստանի…
-
Նաթանիահու Կը Ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Նաթանիահու Կը Ճանչնայ Հայկական ՑեղասպանութիւնըՓոթքասթըր Փաթրիք Փէթ-Տէյվիտի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու Երեքշաբթի առաջին անգամ յայտարարեց որ կը ճանչնայ է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը կը հաղորդէ Times of Israel: Պատասխանելով հարցումին, թէ ինչու Իսրայէլ չի ճանչնար հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը, Նեաթանիահու պատասխաներ է․ «կը կարծեմ…
-
ԱՄՆ-ի Յատուկ Բանագնացը Յայտարարած Է Թէ Իսրայէլ Իր Զօրքը Կը Հանէ Լիբանանէն Եթէ…
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԱՄՆ-ի Յատուկ Բանագնացը Յայտարարած Է Թէ Իսրայէլ Իր Զօրքը Կը Հանէ Լիբանանէն Եթէ…Լիբանանի կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացնէ Հըզպալլան զինաթափելու իր ծրագիրը, որմէ ետք Իսրայէլ կը յայտարարէ Լիբանանէն իր զօրքերը քաշելու իր ծրագիրը, յայտարարեր է Միջին Արեւելքի ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաք, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք, Պաապտայի պալատին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Լիբանանեան El Nashra լրատուականին համաձայն, Պարաք…
-
Լի Սինվէյ. Հայ Ժողովուրդը Արժանի Է Խաղաղութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լի Սինվէյ. Հայ Ժողովուրդը Արժանի Է ԽաղաղութեանՀայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Ճափոնի դէմ չինական եւ խորհրդային բանակներու յաղթանակի 80-ամեայ յոբելեանը։ Այս առիթով Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լի Սինվէյ իր խօսքին մէջ խորին յարգանքով խօսած է անոնց մասին, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են պաշտպանելու անկախութիւնը, արժանապատուութիւնը, միջազգային արդարութիւնն…
-
Գերմանիոյ ԱԳ Նախարարը Քննադատեր է Կազան Գրաւելու Իսրայէլի Ծրագիրը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գերմանիոյ ԱԳ Նախարարը Քննադատեր է Կազան Գրաւելու Իսրայէլի ԾրագիրըԳերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ քննադատած է Կազաբ գրաւելու Իսրայէլի կառավարութեան ծրագիրը, կը յայտնէ գերմանական Süddeutsche Zeitung պարբերականը։ «Գերմանիոյ հեղինակութիւնը, որպէս եւրոպական դերակատար, կախուած է անոր քաղաքականութեան հետեւողականութենէն միջազգային իրաւունքի պաշտպանութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի պաշտպանութեան հարցով»,- ըսած է նախարարը, Զաղրէպ կատարած այցելութեան ընթացքին, Խրուաթիոյ դեսպաններու…
-
Ռուսիա-Ուքրանիա Գերիներու Փոխանակում
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա-Ուքրանիա Գերիներու ՓոխանակումՌուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է որ Օգոստոս 24ին ուքրանական կողմին հետ փոխադարձաբար 146 ռազմագերիներ փոխանակած են Ուքրանացիք ռուսական կողմին յանձնած են 146 ռուս ռազմագերիներ, որոնց դիմաց ռուսական կողմը ազատ արձակած է 146 ուքրանացի ռազմագերի։ Ուքրանական կողմը Ռուսիոյ վերադարձուցած է ութ քաղաքացիներ, որոնք Քուրսքի մարզի բնակիչներ են։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն,…
-
Հայաստանի Եւ Վրաստանի ԱԳՆ-ներու Միջեւ Խորհրդակցութիւններ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի Եւ Վրաստանի ԱԳՆ-ներու Միջեւ ԽորհրդակցութիւններԵրեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնեաներուն միջեւ հանդիպում։ Խորհրդակցութիւնների ընթացքին ընդգծուած են երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւնների շարունակական խորացումը։ Կողմերը քննարկեր են նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համագործակցութեանն առնչուող հարցեր եւ տնտեսական ոլորտի համագործակցութեան խնդիրներ։
-
Նեթանիահու Ժամաներ Է Կազա
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Նեթանիահու Ժամաներ Է ԿազաԻսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու ժամաներ է Կազա, հաստատելու Կազա քաղաքը գրաւելու եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ-ի դէմ պայքարը, յայտնած է վարչապետի գրասենեակը։ Նեթանիահու նաեւ հրամայած է անյապաղ սկսիլ բանակցութիւններու իսրայէլցի բոլոր պատանդները ազատ արձակելու եւ պատերազմը Իսրայէլի համար ընդունելի պայմաններով դադրեցնելու համար։ Աւելի վաղ, պաշտպանութեան նախարար Իսրայել Կացը հաստատած էր Կազա քաղաքի…
-
Պոլիվիոյ Նախագահը Քննադատեր է Լատին Ամերիկայի Մէջ ԱՄՆ-ի Զօրքերու Տեղակայման Որոշումը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Պոլիվիոյ Նախագահը Քննադատեր է Լատին Ամերիկայի Մէջ ԱՄՆ-ի Զօրքերու Տեղակայման ՈրոշումըՊոլիվիոյ նախագահ Լուիս Արսէն քննադատած է Լատին Ամերիկայի մէջ զօրքեր տեղադրելու ԱՄՆի որոշումը։ «ԱՄՆ կառավարութիւնը յայտարարեր է Քարիպեան կղզիներուն եւ Լատին Ամերիկայի քանի մը վայրերու մէջ ռազմածովային ուժերու տեղակայումը, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի պատրուակով: Միակողմանի այս քայլերը ոչ միայն սպառնալիք կը ներկայացնեն տարածաշրջանի խաղաղութեանը եւ կը խախտեն անկախ պետութիւններու…






