Լուրեր
-
Գիրքի Երեւանեան 8-րդ Միջազգային Փառատօնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գիրքի Երեւանեան 8-րդ Միջազգային ՓառատօնըՀայաստանի պատմութեան թանգարանի կամարաշարին եւ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ, 5-7 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ գիրքի երեւանեան 8-րդ միջազգային փառատօնը։ Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Սարգսեանի փոխանցեց թէ «Սարոյեան» հիմնադրամի հետ բացառիկ համագործակցութեան ծիրէն ներս, առաջին անգամ տեղի պիտի ունեցաւ նաեւ Սարոյեանի անուան կարճ պատմուածքի միջազգային մրցոյթ, որուն նպատակն է անգլերէն գրուած կամ այդ…
-
Հայաստան Պարտուեցաւ Փորթուգալէն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Պարտուեցաւ Փորթուգալէն2026ի Մոնտիալի զտումի մրցումներու ծիրէն ներս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը 5-0 արդիւնքով ամօթալի պարտութիւն կրեց Փորթուգալէն։Մրցումը տեղի ունեցաւ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտին վրայ։ Մրցումին կոլերը նշանակեցին Ֆելիքս (10րդ եւ 61րդ), Ռոնալտօ (21րդ եւ 46րդ), Քանսելօ (32րդ) վայրկեաններուն։Հայաստանի ազգային խումբը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 9ին, Իրլանտայի…
-
ԵՄ Պատժամիջոցներ Սահմանեց Ատրպէճանական Star Նաւթավերամշակման Գործարանին Դէմ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄ Պատժամիջոցներ Սահմանեց Ատրպէճանական Star Նաւթավերամշակման Գործարանին ԴէմՌուսիոյ դէմ ԵՄի պատժամիջոցները ներառած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող ատրպէճանական Star նաւթավերամշակման գործարանը, կը գրէ OC Media, վկայակոչելով ԵՄի արտաքին քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անիթա Հիբըրին։
-
Փութիւն. «Քիեւի Հետ Գրեթէ Անհնար Է Համաձայնիլ»
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Փութիւն. «Քիեւի Հետ Գրեթէ Անհնար Է Համաձայնիլ»Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Վլատիվոստոկի մէջ տեղի ունեցող Արեւելեան տնտեսական համաժողովի լ նիստին անդրադարձեր է Ուքրանիոյ հետ հակամարտութեանը եւ ապահովութեան երաշխիքներուն, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեր է որ Մոսկուա օրինական թիրախ կը նկատէ Ուքրանիոյ տարածքին գտնուող որեւէ ուժ, բայց նաեւ կը յարգէ ապահովութեան երաշխիքները, որոնք պէտք է…
-
«Սարոյեանական Օրեր» Հայաստանի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Սարոյեանական Օրեր» Հայաստանի ՄէջՈւիլիամ Սարոյեան հիմնադրամը Սեպտեմբեր 5-11 կը ներկայացնէ «Սարոյեանական օրերը», որ առիթ մըն է ծանօթանալու ամերիկահայ գրող Ուիլիամ Սարոյեանի շարք մը հազուագիւտ ստեղծագործութիւններուն։ Կը նախատեսուի ընթերցողին յանձնել 22 անտիպ պատմուածք եւ հանրության համար բացայայտել Սարոյեան նկարիչին՝ չցուցադրուած 100 աշխատանք։ Միջոցառումները կը ներառեն նաեւ ցուցահանդէսներ, թատերական բեմադրութիւններ, գրական քննարկումներ եւ գրական մրցոյթ…
-
ԱՄՆ-ը Արտասահմանի Մէջ Պիտի Կրճատէ Զինուորական Իր Ներկայութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԱՄՆ-ը Արտասահմանի Մէջ Պիտի Կրճատէ Զինուորական Իր ՆերկայութիւնըՄիացեալ Նահանգները կը քննարկէ այլ երկիրներու մէջ զինուորական իր ներկայությունը կրճատելու հնարաւորութիւնը, սակայն մտադիր չէ հեռանալ Լեհաստանէն, յայտարարեր է նախագահ Թրամփ, Լեհաստանի նախագահ Քարոլ Նավրոցքիի հետ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ։ Թրամփ յաւելած է թէ մենք կ՛օգնենք Լեհաստանին եւ կ՛աջակցինք այդ երկրի պաշտպանութեան։
-
Արծուիկ Մինասեան Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Հերքումը Քրէականացնելու Մասին Նախագիծի Փոփոխութիւնները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Արծուիկ Մինասեան Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Հերքումը Քրէականացնելու Մասին Նախագիծի ՓոփոխութիւններըԱզգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան ներկայացուց ՀՀ քրէական օրէնսգրքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախագիծ, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան եւ միջազգայինօրէն ճանաչում ստացած այլ ցեղասպանութիւններու հերքման եւ նսեմացման համար նախատեսուող պատասխանատուութեան։ Մինասեանը յիշեցուց նաեւ որ Հայաստանի անկախութեան հռչակագրին մէջ ամրագրուած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային…
-
Ձերբակալման Հրամանագիր Պաշշար Ասատի Դէմ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ձերբակալման Հրամանագիր Պաշշար Ասատի ԴէմՓարիզի դատարանի Մարդկութեան դէմ ոճիրի բաժինի դատաւորները 13 տարուայ հետաքննութենէ ետք, Սիրիոյ նախկին բարձրաստիճան խումբ մը պաշտօնեաներու ինչխէս նաեւ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի ձերբակալման հրամանագիր ստորագրած են, կը յայտնէ «France24»։ Նշեալ աղբիւրի համաձայն, ֆրանսական դատարանները ձերբակալման եօթը հրամանագիրներ տուած են 2012ին Հոմսի մամլոյ կեդրոնի ռմբակոծութեան համար, որու հետեւանքով սպաննուած էին…
-
Օրուան Բառը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Օրուան ԲառըԲիծ (գոյական) Կեղտ, արատ, աղտ։ Օրինակ՝Նրա ամբողջ կեանքում ոչ մի բիծ չէք գտնի։
-
ԵԱՀԿի Նախարարներու Խորհուրդը Որոշեց Մինսքի Խումբը Լուծարել Եւ Անոր Կից Կառոյցները Փակել
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵԱՀԿի Նախարարներու Խորհուրդը Որոշեց Մինսքի Խումբը Լուծարել Եւ Անոր Կից Կառոյցները ՓակելԵԱՀԿի գործող նախագահը եւ ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարը վերահաստատեր են իրենց յանձնառութիւնը՝ աջակցելու ջանքերուն, որոնք երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերեն Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ տարածաշրջանին։ Նախարարական խորհուրդի որոշումը ընդունուած է ԵԱՀԿի մասնակից բոլոր 57 պետութիւններու համաձայնութեամբ։ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը ստեղծուած էր 1992ին, որուն համանախագահներն էին Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները։






