Լուրեր
-
Կազայի Մէջ 68 Զոհ Եւ Աւելի Քան 340 Վիրաւոր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կազայի Մէջ 68 Զոհ Եւ Աւելի Քան 340 ՎիրաւորԻսրայէլեան ռմբակոծումներու հետեւանքով, վերջին 24 ժամուան ընթացքին Կազայի հիւանդանոցներ տեղափոխուած 68 դիակներ եւ 346 վիրաւորներ, կը յայտնէ Կազայի առողջապահութեան գերատեսչութիւնը, նշելով որ փլատակներուն տակ եւ ճամբաներուն վրայ տակաւին կան բազմաթիվ զոհեր, ուր շտապօգնութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան խումբերը չեն կրցած հասնիլ։ Ըստ հաղորդագրութեան, Իսրայէլի բանակի գործողութիւններուն հետեւանքով զոհերու ընդհանուր թիւը 2023…
-
Իրան Կը Քննադատէ Ատրպէյճանը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրան Կը Քննադատէ ԱտրպէյճանըԻրանի հոգեւոր առաջնորդի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի խստօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք իսրայէլցի ռաբբիներու համագումարը։Ան համագումարի կայացումը որակած է հակաիսլամական քայլ։ «Սա առաջին դէպքն է, երբ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նման խախտում կը կատարէ որ կը խաթարէ իսլամը եւ շիիզմի համաշխարհային հեղինակութիւնը», – գրած է Վիլայեթի։
-
ՄԱԿ-ը Որդեգրեց Երկու Պետութիւն Սկզբունքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ՄԱԿ-ը Որդեգրեց Երկու Պետութիւն ՍկզբունքըՄԱԿի 142 երկիրներ թեր քուէարկած են Նիւ Եորքի հռչակագիրին, որ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան վերջ տալու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար որդեգրեց երկու պետութիւն սկզբունքը։Հռչակագիրի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ։ Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն, հռչակագիրին կողմ է քուէարկած է նաեւ Հայաստան։ Կողմ քուէարկած են 142 պետութիւն, դէմ՝ 10, ձեռնպահ՝ 12։
-
Ազգային Տիկնիկային Թատրոնը Մասնակցած է Animaneco Joinville Միջազգային Փառատօնին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ազգային Տիկնիկային Թատրոնը Մասնակցած է Animaneco Joinville Միջազգային ՓառատօնինՅովհաննէս Թումանեանի անուան ազգային տիկնիկային թատրոնը մասնակցեր է Պրազիլի Ժոնվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Animaneco Joinville 7-րդ միջազգային տիկնիկային թատերական փառատօնին։ Թատրոնը ներկայացուցած էհ «Մատնաչափիկը» փորթուգալերէնով։ Այցելութեան ընթացքին Պրազիլի եւ Արժանթինի հայ համայնքներու առաջարկով կազմակերպուած են ներկայացումներ Սէն Փաոլոյի եւ Պուէնոս Այրէսի հայկական դպրոցի երեխաներուն համար։
-
Կազայի Մէջ Սովէն Մահացածներուն Թիւը Անցած է 400-ը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կազայի Մէջ Սովէն Մահացածներուն Թիւը Անցած է 400-ըԿազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է որ վերջին 24 ժամուայ ընթացքին իսրայէլեան ռմբակոծումներու հետեւանքով սպաննուած է 72 հոգի եւ վիրաւորուած՝ 356, կը յայտնէ պաղեստինեան WAFA գործակալութիւնը։ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով, 7 Հոկտեմբեր 2023էն ի վեր սպաննուած է 64718 հոգի, իսկ վիրաւորուած՝ 163859 հոգի։ Բացի այդ, սովը կը շարունակէ աւերներ գործել Կազայի մէջ։…
-
Լատվիա Կը Փակէ Օդային Իր Տարածքը Ռուսիոյ Եւ Պելառուսիոյ Համար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լատվիա Կը Փակէ Օդային Իր Տարածքը Ռուսիոյ Եւ Պելառուսիոյ ՀամարԼատվիոյ կառավարութիւնը որոշած է ամբողջութեամբ փակել օդային իր տարածքը երկրի արեւելքը Ռուսիոյ եւՊելառուսիոյ հետ 50 քմ օդային սահմանին վրայ, յայտներ է Լատվիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրիս Սփրուտս, տեղեկացնելով որ որոշումը ի զօրու կը դառնայ Սեպտեմբեր 11ին ժամը 18։00էն մինչեւ Սեպտեմբեր 18-ը։ Սեպտեմբեր 11ին հրաւիրուած մամլոյո ասուլիսի ընթացքին, Սփրուտս նշած է որ…
-
Ֆինլանտա Կը Ծրագրէ 6 Միլիառի Զինամթերք Գնել
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ֆինլանտա Կը Ծրագրէ 6 Միլիառի Զինամթերք ԳնելՖինլանտա կը նախատեսէ 2026-36 թուականներուն 6 միլիառ եուրօ ծախսել պաշտպանական զինատեսակներ ձեռքբերելու համար, յայտարարեր է երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչութեան տնօրէն Եաննէ Քուուսելա։ Ան նշած է որ յառաջիկայ տասնամեակի աւարտին Ֆինլանտայի պաշտպանական ծախսերը կը մօտենան ՆԱԹՕ-ի ցուցանիշին՝ ՀՆԱ-ի 3 առ հարիւրին։ Քուուսելան աւելցուցած է որ պաշտպանական զինատեսակներու գնումները կրնան դրական ազդեցություն…
-
Փարիզի Մէջ Ցուցարարները Փակած Են Փողոցներ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Փարիզի Մէջ Ցուցարարները Փակած Են ՓողոցներՓարիզի մէջ ցուցարարները փողոցներ փակած են եւ խարոյկներ վառած՝ ի նշան դժգոհութեան կառավարութեան կողմէ առաջարկուող խիստ խնայողութեան։ Քաղաքի արեւելքը ցուցարարները աղբ թափած են ճամբուն վրայ եւ այրած են զայն, որ պատճառ դարձած է խճողումի։ Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներու, ցուցարարներու անկարգութեան պատճառով Թուլուզի մօտ գտնուող երկաթուղագիծի գնացքներու երթեւեկութիւնը դադրած է։ Կառավարութեան խնայողութեան…
-
Հայաստան Յաղթեց Իրլանտայի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Յաղթեց Իրլանտայի2026ի Մոնտիալի զտումի մրցումներու ծիրէն ներս, երէկ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2-1 յաղթեղ Իրլանտայի։ Հայրենի կազմին կոլեր նշանակեցին Սպերցեան (45րդ վայրկեանին՝ փենալթիւով) եւ Ռամոս (55րդ)։ Ւրլանտայի կոլը նշանակեց Ֆերկիւսըն 57րդ վայրկեանին։Երկու մրցումներէ ետք Հայաստան այժմ ունի 3 կէտ եւ կը գրաւէ խմբակին 2րդ դիրքը։Հայաստան…
-
Նեփալի Մէջ Հակակառավարական Ցոյցեր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Նեփալի Մէջ Հակակառավարական ՑոյցերՆեփալի մէջ ծայր տուած են հակակառավարակ ցոյցեր, որոնց ընթացքին արձանագրուած են բախումներ։ Ցարդ արձանագրուած է 22 զոհ, իսկ հարիւրաւորներ վիրաւորուած են, կը հաղորդէ India Today պարբերականը: Հնդկական օդանաւային ընկերութիւններ դադրեցուցած են դէպի Նեփալ ուղեւորութիւնները։ Ցոյցերը հետեւանք էին կառավարութեան որոշումին, որուն համաձայն ընկերային 26 ընկերային արգիլած էր։ Ցոյցերու սկսելէն ետք կառավարութիւնը…






