Կարեւոր հարց մը կայ, որուն շուրջ արեւմտահայ համայնքը չէ կրցած համաձայնիլ։ Ի՞նչ է այս կարեւոր հարցը։ Արեւմտահայերէնի մէջ շարունակական գործողութիւն մը արտայայտելու համար բայի եղանակ չկայ, կամ գոնէ այդպէս կ՛ըսեն քերականութեան գիրքերը եւ «մաքուր հայերէն» գիտցողները։ Չկայ անգլերէն “I am writing”ի նման կամ սպաներէն “estoy escribiendo”ի նման կառուցուածք մը, որ…
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ յայտարարեր է որ Չինաստանէն ներածուող ապրանքներուն վրայ մաքսատուքերը հասցնել մինչեւ 125%-ի։ Ան յոյս յայտնած է որ մօտիկ ապագային «Չինաստանը կը հասկնայ որ ԱՄՆ-ին եւ այլ երկրներու շահագործելու ժամանակաշրջանը այլեւս ընդունելի չէ»: Նախօրէին, Չինաստանի իշխանութիւնները որոշած էին ԱՄՆ-էն ներածուող ապրանքներուն համար մաքսատուրքերը 34%-էն բարձրացնել մինչեւ 84%:
Ատրպէյճան-Իրան յարաբերութիւններու բարելաւման համար Իլհամ Ալիեւ կրկին նախապայման ներկայացուցած է։ Ըստ Ատրպէյճանի նախագահին, ատրպէճանա-իրանական յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին, եթէ 2023 Յունուարին Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դէմ յարձակում գործած անձը պատժուի։ 2023 Յունուար 27ին Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակման պատճառով երկու կողմերու արդէն իսկ բարդ յարաբերութիւնները լարուած էին։ Յարձակման ժամանակ դեսպանատան…
Այս տարուայ 13 Մարտին Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութենէն իմացանք, որ «Խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ է ստորագրման: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Ատրպէյճանական Հանրապետութեան հետ սկսիլ խորհրդակցութիւններու համաձայնագիրի ստորագրման ժամկէտներու եւ տեղի շուրջ»:Առաջին ուշագրաւ կէտը եղաւ այն, որ Պաքուն նախընտրեց միակողմանի հաղորդել բանակցութիւններու աւարտը եւ այդ ալ յղում ընելով Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու…
Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի գծանկարի, գունանկարի եւ քանդակի ամպիոնի ուսանողներու աւելի քան 200 աշխատանք ապրիլի 4-8-ը զարդարեց Հայաստանի նկարիչներու միութեան «Արա Սարգսեան» սրահը։ Ուսանողները իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ վառ ռւ ինքնատիպ դրսեւորումներով ներկայացուցած էին մարդը, բնութիւնը, քաղաքը եւ գիւղը։ Ամպիոնը ցուցահանդէսը կազմակերպած էր, որպէսզի ուսանողներուն հնարաւորութիւն տայ լայն հանրութեան…
Նուազագոյնը 24 մարդ մահացեր է ԱՄՆ-ի հարաւային եւ կեդրոնական եօթը նահանգներու մէջ չդադրող տեղատարափ անձրեւներու եւ փոթորիկներու հետեւանքով, կը հաղորդէ CBS News-։ Ըստ պարբերականին, 10 հոգի մահացեր է Թենեսի նահանգին մէջ, ուր տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով սկսած են պտտահողմեր եւ հեղեղումներ։ 5 հոգի մահացեր է Քենթաքիի, 3 հոգի՝ Միսուրի եւ 2-ական՝…
Միջին Արեւելքը մուտք կը գործէ աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը, որ պայմանաւորուած է` համաշխարհային շարժումներով, շրջանային փոփոխութիւններով եւ ընկերային-քաղաքական մարտահրաւէրներով, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ անոր ապագային վրայ: Շրջանային Դաշինքներու վերադասաւորում Այս փոփոխութիւններուն կեդրոնին կը գտնուին շրջանային դաշինքներու վերակազմաւորումները: Երկիրները սկսած են վերագնահատել իրենց յարաբերութիւնները թէ՛ դրացի երկիրներու, եւ թէ՛ համաշխարհային…
Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլահ երկրորդ կոչ ըրած են վերականգնել Կազայի Յունուար 19ին ի զօրու դարձած զինադուլը։ Անոնք նաեւ մտահոգություն յայտնած են Յորդանան գետի արեւմտեան ափի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման գծով ընդգծելով Երուսաղէմի պատմական սրբավայրերը յարգելու անհրաժեշտութիւնը։
Ճափոնի վարչապետ Սիկերու Իսիպա յայտարարած է որ Թոքիօն պատասխան միջոցներու պիտի չդիմէ ԱՄՆի կողմէ սահմանուած մաքսատուրքերու քաղաքականութեան, որոնք ճափոնական արտադրանքի պարագային կը կազմեն 24%: Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հանդիպիլ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ։ Անոր խօսքով՝ Ճափոնի եւ ԱՄՆի միջեւ տարակարծութիւններու լուծման համար անհրաժեշտ է երկու պետութիւններու գագաթնաժողով կազմակերպել։ Վարչապետը…
Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ’ունենամ՝ կ’ուզեմ նաեւ տեսնել հոն գործող հայկական դպրոցները։ Կը տեսնեմ թէ ինչքան անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ՝ սփիւռքեան իրականութիւններուն համար։ Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Էսաեան վարժարանի, ուր առիթը ունեցայ այցելելու Երեքշաբթի 24 Մարտ 2025ին,…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





