
Արեւմտահայերէնը հիմք է ոչ միայն մեր լեզուական ինքնութեան, այլեւ՝ մեր հաւաքական յիշողութեան, մեր պատմական արդարութեան պահանջին՝ Հայ Դատին, եւ ընդհանրապէս հայութեան գոյատեւման։ Արեւմտահայերէնը բառերու պարզ շարան մը չէ, ոչ ալ անցեալի փոշոտ էջերու մէջ փակուած հնութիւն մը։ Արեւմտահայերէնը կենդանի գոյութիւն է՝ շունչով, յիշողութեամբ եւ պայքարով լեցուն։
Այս լեզուն ծնած է մեր մեծ մայրերուն շուրթերուն վրայ՝ անոնց օրօրոցային երգերուն մէջ, անոնց լուռ ցաւին եւ աննկուն յոյսին մէջ եւ թեւ առած է մանաւանդ այն ժամանակներուն, երբ փորձեր կ՛ըլլային զայն լռեցնել՝ տեղահանութիւն, կոտորած, աքսոր։ Երբ հարիւր հազարաւոր ձայներ մարեցան, արեւմտահայերէնը մնաց իբրեւ վերջին ապաստան՝ ձայն մը, որ կը վկայէր թէ մենք դեռ կանք։
Այսօր ալ արեւմտահայերէնը կը շարունակէ ապրիլ՝ երեխայի մը առաջին բառին մէջ, մօր մը աղօթքին մէջ, ուսուցիչի մը նուիրումին մէջ եւ գրողի մը տողերուն մէջ։ Ամէն արտասանուած բառ՝ դիմադրութիւն մըն է մոռացութեան դէմ։ Ամէն գրուած նախադասութիւն՝ հաստատում մըն է մեր գոյութեան։ Լեզուն այստեղ պարզ հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ՝ ինքնութեան հիմքը, հոգեւոր հայրենիքը։
Արեւմտահայերէնը նաեւ կամուրջ մըն է՝ անցեալէն դէպի ներկայ եւ ապագայ, հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռք, միացնելով սերունդներ՝ նոյն պատմութեան, նոյն ցաւին եւ նոյն յոյսին շուրջ։ Առանց այս լեզուին, այդ կապը կը տկարանայ, եւ սերունդները կամաց-կամաց կը հեռանան իրենց արմատներէն։
Դժբախտաբար, գոյութիւն ունի մակերեսային մտածողութիւն մը, որ արեւմտահայերէնը անկարեւոր է եւ անոր պահպանումը՝ անիմաստ։ Այս տեսակի մտածողութիւն ունեցողները, առանց խորքային քննարկումի կամ վերլուծութեան, արեւմտահայերէնը կ՛անուանեն «բարբառ»։ Սա մեծ թիւրիմացութիւն է։ Արեւմտահայերէնը բարբառ չէ, այլ հայերէնի ճիւղաւորում։
Կայ նաեւ այն թիւր ըմբռնումը, թէ հայ ազգը պէտք է ունենայ միայն մէկ լեզու, եւ այդ լեզուն պէտք է ըլլայ արեւելահայերէնը։ Անշուշտ, կարելի է ընդունիլ պաշտօնական մէկ լեզուի գաղափարը, սակայն այդ երբեք պէտք չէ ըլլայ արեւմտահայերէնը մոռնալու գնով։
Արդ, ինչո՞ւ չմտածել այլընտրանքի մը մասին։ Ինչո՞ւ չընդունիլ գրաբարը իբրեւ ընդհանուր պաշտօնական լեզու՝ միաժամանակ պահպանելով եւ ուսուցանելով հայերէնի երկու ճիւղաւորումները՝ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը։ Այսպիսի մօտեցում մը ոչ միայն կը պահպանէ մեր լեզուական բազմազանութիւնը, այլ նաեւ կը հարստացնէ մեր ազգային ինքնութիւնը։
Այս մէկը աննախադէպ գաղափար չէ։ Օրինակ՝ արաբական աշխարհը ունի մէկ ընդհանուր պաշտօնական լեզու՝ «նահաուի», որ կը գործածուի բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ, միեւնոյն ժամանակ պահելով եւ զարգացնելով արաբերէնի տեղական ճիւղաւորումները։ Նման մօտեցում մը օրինակ կրնայ ծառայել նաեւ մեզի՝ միասնութեան մէջ բազմազանութիւնը պահպանելու։
Հայ Դատի պայքարը, որ արդարութեան, ճանաչման եւ իրաւունքի պահանջ է, չի կրնար ամբողջական ըլլալ առանց արեւմտահայերէնին, որովհետեւ այն է, որ կը փոխանցէ յիշողութիւնը, կը պատմէ ճշմարտութիւնը եւ կը ձեւաւորէ Հայ Դատի գիտակցութիւնը։ Եթէ արեւմտահայերէնը տկարանայ, կը տկարանայ նաեւ պայքարի հիմքը։ Արեւմտահայերէնը, այս իմաստով, ոչ միայն մշակութային ժառանգութիւն է, այլեւ՝ քաղաքական ու պատմական դիմադրութեան միջոց։
Եւ եթէ օր մը, Աստուած մի արասցէ, արեւմտահայերէնը լռէ, այդ լռութիւնը միայն բառերու կորուստ մը պիտի չըլլայ, այլ ամբողջ ազգի մը ներքին ձայնի յանգում։ Պիտի լռեն սերունդներու յիշողութիւնները, պիտի խզուի անցեալի եւ ապագայի միջեւ կապը, եւ մենք պիտի վերածուինք սին արձագանգ մը՝ առանց խորքի, առանց արմատի։
Հետեւաբար, արեւմտահայերէնը պահպանելը ընտրութիւն մը չէ, այլ պարտաւորութիւն եւ կը պահանջէ գիտակցուած ու համադրուած ջանք, որուն մէջ ամէն անհատ իր բաժինը ունի։
Վերջապէս, երբ կը մտածենք կորուստի մասին, պէտք է յստակ հասկնանք, որ կորսուածը բառերը չեն, այլ այն լեզուն, որ մեզ կը կերտէր, կը ձեւաւորէր մեր մտածումը, մեր զգացումը եւ մեր ինքնութիւնը։ Առանց անոր, մենք կը դառնանք հաւաքականութիւն մը դատարկ ձայներու, որոնք կը հնչեն, բայց չեն ապրիր։
Արեւմտահայերէնը մեր անցեալն է, մեր ներկան եւ մեր ապագային բանալին։ Զայն պահել՝ կը նշանակէ պահել մեզ՝ հայութիւնը։
Յարութ Մկրտիչեան







Մեկնաբանէ