Ձմեռ է: Փետրուար ամիս: Քեսապի քաղցր առաւօտը ո՛ւր, քաղաքի առաւօտը ուր: Քեսապ, երբ առաւօտեան աչքդ կը բանաս ու գարնան թէ ամրան պատուհանէն դուրս կը նայիս, երկնքի գեղեցիկ կապոյտը կը վայելես: Արեւուն ջերմացնող շողերը մեղմիկ-մեղմիկ դէմքդ կը շոյեն, եթէ շուտով գոհունակութեան ժպիտովդ պատասխան չտաս անոնց, զօրաւոր տաքութեան ու լոյսի կը վերածուին ու աչքերդ կը կծկեն: Հետզհետէ հորիզոնին վրայ բացուող արեւուն կարմիր եւ նարնջագոյն երանգները հերթ կը փոխեն ու միաձուլուելով` գոյն կու տան անոր ամօթխած դէմքին, մինչ թռչունները իրենց ճռուողիւնով լուսաբացը կ՛աւետեն: Ձմրան ու աշնան մերթ ամպերու կուտակումին ու ձեւափոխումին, մերթ փայլատակումին ու որոտումին ականատեսը կ՛ըլլաս:

Բնութեան այս գեղեցիկ պատկերները քաղաքի մէջ չես տեսներ: Հոն, առաւօտեան, հազիւ աչքերդ կը բանաս, պատուհանէդ դուրս կը նայիս, բարձրահասակ շէնքեր, դրացիներու պատշգամբը փռուած լուացք, կամ ալ պատշգամբիդ վարագոյրը կը տեսնես, բախտաւոր պարագային` ծաղկաւոր կամ գծաւոր: Օրուան ծնունդը կ՛աւետէ ինքնաշարժներուն աղմուկը:

Քեսապ եմ, սակայն ձմեռ է ու փետրուար ամիս: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ քունը մեղրէ աւելի քաղցր է, զարթուցիչ ժամացոյցի մեղմ ձայնը փողերախումբի զրնգոցին նման կը հնչէ, կը ջղայնացնէ ու անուշ քունս կը խանգարէ: Քնացած վիճակիս մէջ հազիւ կը գտնեմ ժամացոյցը ու վերջ կու տամ անոր ձայնին: Աշխատանքի ամէն օրուան նման` պէտք է շարժիլ ու պատրաստուիլ դպրոց երթալու: Սխալ չհասկնաք, աշակերտուհի չեմ, ուսուցչուհի եմ: Վերմակս գլուխէս անդին կը շպրտեմ ու հայեացքս կ՛ուղղեմ պարտէզին նայող պատուհանին: Երկնքի մոխրագոյն ամպերը ծուռ-ծուռ կը նային, արեւուն գեղեցիկ շողերուն խառնուող հովը իր տեսակ-տեսակ սուլոցներով ոչ միայն պատուհանը կը խփէ, այլ իր գտած ճեղքէն ներս սահելով` տան չորս դին կը թափառի: Այս ցուրտ առաւօտուն հովին սուլուցին արձագանգելու ո՛չ ժամանակ կայ, ո՛չ ալ տրամադրութիւն:

Անկողինէս դուրս կը նետուիմ, կը սկսիմ արագ-արագ պատրաստուիլ, երէկ գիշերուընէ արդէն պատրաստած պաղ հագուստներուս մէջ կը փորձեմ տեղաւորուիլ, փոխանակ անոնք զիս տաքցնելու` ես զիրենք կը տաքցնեմ: Ու դող մը կը ցնցէ մարմինս: Տաքուկ թէյը ումպ առ ումպ օգնութեան կը հասնի, դպրոցի ակրատներս ալ կը պատրաստեմ ու մէկ աջ, մէկ ձախ վազվզելով` առաւօտեան պատրաստութեան արարողութիւնս աւարտին կը հասցնեմ: Վզկապս կը փաթթեմ, հաստկեկ վերարկուս կը հագնիմ ու շէնքի դռնէն դուրս կը վազեմ` դպրոցի ճամբան բռնելու:

Հազիւ քանի մը քայլ նետած` հովը դէպի ետ կը հրէ զիս:

– Տեսնենք` ո՛վ աւելի ուժեղ է, ե՞ս, թէ՞ դուն,- կը մրթմրթայ ականջիս:

– Ո՞վ պիտի մրցի քեզի հետ: Ես այս նիհարլիկ մարմինո՞վս: Ձմեռնային հաստկեկ հագուստներուս մի՛ նայիր: Վզկապ, ձեռնոց գունդ ու կլոր արարածի մը վերածած են զիս: Մարմնիս հաւասարակշռութիւնը կը փորձեմ պահել ու ճամբաս շարունակել:

Դարձեալ հովն էր, այս անգամ վզկապիս ծայրէն բռնած` կը քաշքշէր զիս ու այնքան զօրաւոր կը փչէր, որ դէպի թոքերս քաշած շունչիս ուղղութիւնն իսկ կը փոխէր… վա՜յ, վո՜ւյ, շնչասպառ պիտի ընէ զիս այս խելագարը:

Երբ Քեսապի փողոցներէն քալես, ոչ մէկ պատսպարուելու միջոց ունիս, դուն, բնութիւնն ու լեռները ձեր ճակատագրին դէմ յանդիման կը կանգնիք պարզապէս:

Փա՛ռք Աստուծոյ, դեռ ողջ եմ: Սարսափած` երկար շունչ մը կը քաշեմ, վզկապս որպէս վահան կը փաթթեմ վզիս եւ ուսերուս ու մինչեւ ռունգերս հասցնելով` պատ մը կը բարձրացնեմ հովին դէմ: Աչքերս հովէն սարսափած ու կծկուած` ակնոցիս ետին կը պատսպարուին:

– Ա՜յ խենթ հով, այս ի՞նչ կատաղի կը փչես, հոգի՞ս պիտի առնես,- կը գանգատիմ:

Քայլերս աւելի մեծ կը սկսիմ նետել: Այս ի՞նչ փորձանքի հանդիպեցայ, ինչպէ՞ս հասկցնեմ այս խելագար հովուն, որ խաղի ո՛չ ժամանակ ունիմ, ո՛չ ալ տրամադրութիւն:

Դպրոցին ճամբան երբեք այսօրուան պէս երկար չէր թուացած ինծի: Բայց պէտք էր շարունակել, շուտով զանգն ալ կը հնչէ: Ուշացումս թէեւ ուրախութիւն պիտի պատճառէ աշակերտներուս, սակայն անել կացութեան պիտի մատնէ զիս: Ուժերս լարել կը փորձեմ ու կը շարժիմ աւելի ինքնավստահ: Դպրոցի զիլ զանգին հետ կը հասնիմ վերջապէս:

– Բարի՛ լոյս,- կ՛ըսեմ ու անոնց հասկնալի ժպիտը փոխադարձելով` աշակերտներուս հետ դասարան կը մտնեմ: Անոնց փայլուն աչքերը մոռցնել կու տան հովն ու իր խելացնոր խաղը: Նախքան դասի սկսիլս` կը խօսիմ ցուրտին ու հովուն մասին, միաժամանակ վախով, աչքս յարած պատուհանին` կը հետեւիմ զիս հալածող հովին խաղին: Միւս կողմէ` ապահով կը զգամ, ամէն տեղ փակ է, սակայն յամառ հովը կը շարունակէ իր ոլորապտոյտը:

Մտավախութիւնս անտեղի չէր: Հովը տեսնելով, որ դասարանի պատուհաններէն չի կրնար սողոսկիլ, ուժը կը հաւաքէ եւ ոխակալ թշնամիի նման դասարանի վառարանի խողովակէն ներս կը խուժէ: Վառարանի կրակը կը շիջանի ու այնտեղ կուտակուած ամբողջ մուրը դուրս կը մղէ:

– Օրիո՛րդ, վառարանը փո՛ւֆ ըրաւ,- աշակերտներն են` աղմկելով, իւրաքանչիւրը նստած տեղէն վեր ցատկելով:

Յուսահատ կը նետուիմ մրոտած աթոռիս վրայ ու գլուխս ափերուս մէջ կ՛առնեմ:

– Կ՛ընդունիմ, պարտուած եմ,- կը մտմտամ:

Հովը, սակայն, այսքանով ալ չէր բաւարարուած, դասարանը կը մրոտէ եւ ուղղութիւնը փոխելով` կը սուրայ իր արկածախնդրութիւնը այլ տեղ շարունակելու:

Սեւան Ա Մանճիկեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ